ՍՊԱՍՈՂԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ
Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հրաժարականով արտասովոր վիճակ մը ստեղծուած է համայնքային կեանքէն ներս։ Թրքահայութեան օրակարգը կը բնորոշուի այս խնդիրով։ Հրաժարականին զուգահեռ համայնքային շրջանակները լուծում մը կը փնտռեն թէ՛ առկայ ճգնաժամի յաղթահարման եւ թէ նոյնաժամանակ որոնումներու ձեռնարկած են պատրիարքական ընտրութեան առկախեալ գործընթացին վերստին թափ տալու համար։ Փոթորկալից շրջան մը սկսած է մեր համայնքին տեսակէտէ եւ այդ հանգամանքը առաւել չափով պայմանաւորուած է Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ համայնքի բոլոր խաւերուն ու շրջանակներուն հասցէագրուած մեղադրանքներով։ Իրականութեան մէջ, ժողովուրդը ընդհանրապէս պաղարիւնութեամբ կը հետեւի այս վերջին իրադարձութիւններուն, իսկ վարչական շրջանակները հակուած են այդ քննադատութիւնները ձեւով մը վերածել բարիքի մը։ Ըստ երեւոյթին, ընդհանուր հակումը այդ քննադատութիւններէն օգուտ քաղելու ուղղուած է եւ համայնքային շրջանակները հրաժարականին յաջորդած ներկայ փուլին սպասողական վիճակի մէջ են։ Վաղը, երեկոյեան ժամերուն Գումգաբուի մէջ, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս նախատեսուած է լայնախարիսխ ու կարեւոր ժողով մը։ Համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն առընթեր այս խորհրդակցութեան մասնակցութիւն պիտի բերեն նախկին վարչայիններ, բարերարներ եւ այլ ազդու դէմքեր, որոնք միտք միտքի պիտի տան առկայ դժուարին կացութեան յաղթահարման ուղղութեամբ։
Վաղուան այս կարեւոր հաւաքին ընդառաջ շօշափեցինք համայնքային շրջանակներէն շարք մը անուններու կարծիքը եւ այդ բոլորը կը ներկայացնենք ստորեւ։
ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ (Բարերար, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ VADİP-ի ատենապետ).- Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը տեւաբար կ՚երկարի։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան ինծի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին խոստացաւ մօտալուտ հանրաքուէէն վերջ հետաքրքրուիլ այս հարցի լուծումով։ Բայց եւ այնպէս, պէտք է ընդունինք, որ մենք ալ կը թերանանք մեզի վիճակած նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ։ Օրինակ՝ տակաւին ընտրողներու ցուցակները պատշաճ ձեւով չենք պատրաստած։ Ես համոզուած եմ, որ նախագահը պիտի յարգէ իր խոստումը եւ պիտի հետաքրքրուի այս հարցով։ Ներկայ փուլին չենք տիրապետեր Պատրիարքարանէ ներս ապրուածներու մանրամասնութեան։ Բնականաբար, Սահակ Սրբազանի հրաժարականը անսպասելի էր։ Համոզուած եմ, որ ինքը պէտք չէ հրաժարէր ու մանաւանդ այդ խօսքերը պէտք չէ ըսէր։ Ապագային ինքը պիտի աշխատի հոգեւորականաց դասու այսօրուան անդամներուն հետ։ Հետեւաբար, իր ապագայ գործակիցները պէտք չէ վիրաւորէր։ Այսօր, երբ տակաւին ընտրութեան պահը չէ հասած, ան լքած է ասպարէզը եւ այս երեւոյթը կը յառաջացնէ հարցականներ։ Այդ խօսքերը յարիր չէին կրօնաւորի մը։ Ես երէկ համայնքէն ներս ստեղծուած վիճակին շուրջ հեռաձայնով կարճ խորհըր-դակցութիւն մը ունեցայ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Սրբազանին հետ։ Ինքն ալ ցաւ կ՚ապրի այս բոլորին համար։ Վաղը, Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ ժողով մը, տեսնենք արդիւնքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։
Կ՚ուզեմ ըսել, որ պէտք չէ հրահրուին գործերը, որպէսզի անոնք հունէ դուրս չգան։ Իմ դիտարկումով, Սահակ Սրբազան կ՚օգտագործուի Տ. Սեպուհ Եպսկ. Չուլճեանի համակիրներուն կողմէ։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԷՊԷՕՂԼՈՒ (Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ).- Այսօր բոլորը կը մտածեն, որ եթէ անհրաժեշտ տնօրինութիւնները կատարուէին, ապա խնդիրները այս վիճակին պիտի հասնէի՞ն։ Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը պէտք է վերակենդանանայ, որպէսզի այս խնդիրները կարգաւորուին։ Ո՛վ ուզէ թող ան ընտրուի պատրիարք, այդքան ալ կարեւոր չէ։
ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆ (Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ).- Այսօր ստեղծուած իրավիճակին շուրջ համայնքի բոլոր խաւերը շփման մէջ են իրարու հետ։ Արդէն մեծ ժողով մը նախատեսուած է։ Աւելի վերջ, ստեղծուելիք մթնոլորտին հիման վրայ պիտի ձեւաւորուի ճանապարհային քարտէս մը։ Իմ մօտեցումով, վերջնական կարծիք մը կազմելու համար աւելի նպատակայարմար է այդ խորհրդակցութիւններու արդիւնքին սպասելը։
ԱՐԷՏ ԵՐԿԱՆԵԱՆ (Բարերար, Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան նախկին փոխ-ատենապետ).- Նախ եւ առաջ համայնքին մէջ պէտք է ըլլայ համերաշխութիւն։ Այսպիսի պարագաներով ժողովուրդը կը խանգարուի։ Հոգեւորականները իրարու միջեւ պէտք է լուծում գտնեն իրենց առկայ տարակարծութիւններուն, անշուշտ ժողովուրդին հետ խորհրդակցաբար։ Ես հաւատք կը տածեմ հետեւեալ սկզբունքին նկատմամբ. Ուրախ եղած ատենդ մարդու բան մի՛ խոստանար, իսկ բարկութեան ատեն միջոց մը մի՛ խօսիր։ Ես երէկ խօսեցայ Սահակ Սրբազանին հետ։ Լաւ տպաւորուած եմ, այդ խօսակցութիւնը ինծի յոյս ներշնչեց։ Մեծ պահոց շրջանի նուիրական օրերը կը գտնուին մեր առջեւ։ Ո՞ւր պիտի երթայ Սահակ Սրբազանը։ Ես համոզուած եմ, որ պիտի հանդարտի։ Իր ոճէն զգացի այդ բանը։
Վաղուան ժողովին արդիւնքն ալ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ համայնքին տեսակէտէ։ Դժբախտաբար, համայնքէն ներս կարգ մը անձեր կամ շրջանակներ կը փորձեն օգտուիլ որոշ երեւոյթներէ կամ կարգ մը խնդիրներէ։ Նման երեւոյթները վնաս կը պատճառեն նոյնինքն համայնքին։
ԷՖՐԻՄ ՊԱՂ (Բարերար, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ).- Անբաղձալի իրադարձութիւններ կ՚ապրուին դժբախտաբար։ Համայնքը անել վիճակի մատնուած է։ Ես չզարմացայ Սահակ Սրբազանին հրաժարականով։ Այլեւս այսպիսի առատրոց իրադարձութիւնները բնականոն դարձած են մեր համայնքային կեանքէն ներս։ Ձեւով մը համայնքի կեանքը կը շարունակուի նոյնութեամբ։ Ոչինչ կը փոխուի։ Հոգեւորական կամ աշխարհական, մեծագոյն հարցը կը հանդիսանան անոնք, որոնք կը գտնուին մեր գլուխը։ Պատասխանատուութեան զգացումը շատ տկարացած է։ Կարելի չէ նաեւ մեղաւոր մը գտնել, որովհետեւ կան բազմաթիւ մեղաւորներ։ Համայնքը ցիրուցան է։ Մեր հաստատութիւններուն տէր կանգնելու զգացումը տկարացած է։ Մարդիկ շատ աւելի փոքր միութիւններ ստեղծելով կը փորձեն կազմակերպուիլ, այսպէսով կը փնտռեն զօրակցութիւն, կամ կը ջանան ստեղծել զօրակցութեան մթնոլորտ մը, սակայն այդ ալ կը մնայ ապարդիւն։ Համայնքի անդամները իրարու նկատմամբ հաւատքը կորսնցուցած են։ Սահակ Սրբազանի հրաժարականը շատ բան չի փոխեր։ Ան շատ լաւ անձ մըն է, սակայն ի՞նչ ըրաւ այդ դիրքին վրայ գտնուած ժամանակահատուածին։ Մեր իւրաքանչիւր հաստատութեան ղեկավարութեան գլուխը գտնուող անձը երկար ժամանակէ ի վեր այնպէս մը կը վարուի, որ կարծես տուեալ հաստատութիւնը իր սեփականութիւնը եղած ըլլար։ Նմանօրինակ երեւոյթները մէկ հատ չեն։ Հետեւաբար, շատ դժուար ժամանակաշրջան մըն է մեր համայնքին տեսակէտէ։
ՄԱՆՈՒԿ ԷՕՂԷՐ (Ֆէրիգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ).- Առանց Պատրիարքարանի արձագանգը տեսնելու պէտք չէ աճապարել Սահակ Սրբազանի հրաժարականը մեկնաբանելու ուղղութեամբ։ Անշուշտ, տհաճ երեւոյթի մը դէմ յանդիման մնացինք։ VADİP-ի ձեւաչափին մէջ վաղը խնդիրը պիտի քննարկուի լայնախարիսխ ձեւով։ Սպասենք ժողովի արդիւնքին։ Կրօնաւորները կշիռ մը ունին մեր հաւաքական կեանքէն ներս։ Սահակ Սրբազան տաքարիւն որոշում մը առած է։ Ընկերային ցանցերը ողող-ւած են այդ բոլորով։ Ճիշդը ըսելու համար՝ պէտք չկար այսքանին։ Խնդիրները պէտք չէ ընկալուին միակողմանի ձեւով։ Մնացեալ դերակատարներուն ալ տեսակէտները պէտք է շօշափուին։ Սրբազանի մը անձնական փափաքով ինչպէ՞ս հաշիւ պիտի պահանջուի ուրիշ սրբազանէ մը։ Սա նուրբ կէտ մըն է։ Վերջնական որոշումը պէտք է տրուի՝ հաշուի առնելով մեր հասարակութեան ընդհանուր սպասումներն ու թեքումը։
ՄԵՍՈՒՏ ԷՕԶՏԵՄԻՐ (Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ).- Շատ կը ցաւիմ։ Դժուար վիճակի մը դէմ յանդիման մնացած ենք ու պէտք է յստակեցնենք դիրքորոշում մը։ Սահակ Սրբազանի նման հոգեւորական մը դիւրին չի հասնիր։ Մեզի՝ վարչայիններուս ալ ուղղեալ քննադատութիւններ ունեցաւ։ Հետեւաբար, մենք ալ պարտաւորուած ենք մեր դիրքորոշումը վերջնականօրէն յստակեցնելու։ Համայնքէն ներս, համայնքի համար որոշումներու ընդունման փուլին մեր կարծիքն ալ պէտք է շօշափուի։ Համոզուած եմ, որ վայրկեան առաջ պէտք է ձեռնարկել պատրիարքական ընտրութեան։ Այլեւս պէտք չէ լուռ մնանք ու չենք կրնար մնալ։ VADİP-ի յառաջիկայ ժողովէն վերջ ամէն ինչ յարաբերաբար աւելի պիտի յստակենայ։ Պէտք է առնենք հասարակաց քայլ մը, որ պիտի ստեղծէ անհրաժեշտ արձագանգը։ Առանձինն, անհատապէս պէտք չէ վարուինք։ Պէտք է իրարու կարծիքը շօշափենք եւ իրարու հետ պէտք է խորհրդակցինք։ Պէտք չէ կատարուած իրողութիւններով յառաջ ընթանանք։ Իւրաքանչիւրս մեր անկիւնը պաշտօն մը կը կատարենք, ծառայութիւն մը կը մատուցենք։ Կարեւոր է, որ որոշումներու կայացման փուլին մեր բոլորին կարծիքը շօշափուի։ Համատեղ աշխատանքի կամք մը պէտք է ձեւաւորուի։ Սակայն այս բոլորը դժբախտաբար չկան։ Փակ դռներու ետին որոշումներ կ՚առնուին, յետոյ ալ կը ծագին նման պոռթկումներ։
Ես կողմնակից չեմ, որ Սահակ Սրբազան լքէ մեր քաղաքը։ Սա տհաճ է։ Այսօր մեր համայնքը մեծ դժուարութիւններու մէջ է ու թողուլ-երթալը ամենադիւրին ճանապարհն է։ Սահակ Սրբազանի քայլը, ըստ իս, պատրիարքութեան թեկնածութեան վերաբերեալ հարց մը չէ։ Կարեւորը այն է, որ համայնքի հասարակաց կամքը վերահաստատուի։
ՀԱՊԻՊ ԷՕԶՖՈՒՐՈՒՆՃՈՒ (Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ).- Մեր համայնքի երկու սրբազաններուն միջեւ ծագեցաւ հարց մը։ Սա բնականաբար հաճելի երեւոյթ մը չէ։ Ես հակուած եմ հետեւիլ իրադարձութիւններու շարունակութեան եւ ըստ այդմ վերջնական կարծիք մը կազմել։ VADİP-ի յաջորդ ժողովն ալ պիտի ունենայ լուրջ նշանակութիւն։ Հետեւաբար, պէտք է քիչ մը սպասենք եւ զարգացումներուն շարունակութիւնը տեսնենք վերջնական բան մը ըսելու համար։
ՀՐԱՆԴ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ (Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ).- Սահակ Սրբազանի հրաժարականը ցաւալի երեւոյթ մըն է։ Պէտք է ապահովել, որ հասարակաց յայտարար մը գտնուի եւ համայնքն ալ ըստ այդմ պէտք է շարժի։ Կ՚ապրինք դժուար ժամանակներ։ Պէտք է խաղաղ մթնոլորտ մը ստեղծել ու պէտք է այլընտրանքներ յղանալ մեր ժողովուրդին համար։ Սահակ Սրբազան պէտք է մտածէ աւելի հանդարտ, սակայն չեմ գիտեր, որ այս բանը ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ յառաջիկայ փուլին։ Պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկել կարելի պիտի ըլլայ ըստ համայնքի ընթացքին։ Անշուշտ, որ ընտրական գործընթացը պէտք է վերակենդանանայ, աշխատանքները պէտք է վերստին թափ ստանան։ Մեր սրբազանները պէտք չէ խզեն իրենց երկխօսութիւնը։ Պատրիարքական Աթոռին նկատմամբ յարգանքի դոյզն իսկ թերացում մը պէտք չէ ըլլայ։ Բոլորս պէտք է ըլլանք գիտակից ու պէտք է առաջնորդուինք զգայնութեամբ՝ յաղթահարելու համար այս փորձութիւնը։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸ (VADİP-ի դիւանի ատենադպիր եւ Կէտիկփաշայի թաղային խորհուրդի ատենապետ).- Ցայսօր այնպէս վարուեցանք, որ Պատրիարքական Աթոռին դէմ որեւէ անարգանք տեղի չունենայ։ Միշտ գերադասեցինք Աթոռին հեղինակութիւնը եւ այս բանը բացայայտօրէն յայտնեցինք նաեւ Արամ Սրբազանին։ Բայց եւ այնպէս, Արամ Սրբազանին միշտ ըսինք նաեւ, որ Պատրիարքական Աթոռը պէտք չէ ղեկավարուի փոխանորդաբար։ Նոր գահակալի մը կարիքը ակնյայտ է։ Արամ Սրբազան մեզի միշտ վստահեցուց, որ անհրաժեշտ նախաձեռնութիւնները, դիմումները պիտի կատարէ։ Մենք ալ համբերեցինք բարեացակամութեամբ։
Որպէս կրօնաւոր Սահակ Սրբազանի ներկայ պոռթկումը խոր տպաւորութիւն գործեց իմ վրաս։ Ըստ երեւոյթին, փակ դռներու ետին առնուած քայլերն ու որոշումները խոտոր կը համեմատին մեզի տրուած խոստումներուն հետ։ Ներկայ տարուան դրութեամբ պատկան իշխանութիւններուն մօտ դիմում պիտի կատարուէր պատրիարքական ընտրութեան համար։ Հիմա անկեղծութեան փորձաքարի մը դէմ յանդիման մնացած ենք։ Թափանցիկութիւն կը պահանջենք։ Արամ Սրբազան կ՚ըսէ, որ ընտրութեան պիտի չձեռնարկէ, իսկ մենք կ՚աշխատինք ընտրութիւնը ապահովելու համար։ Տեսնենք, ո՞ւր պիտի հասնինք։ Մենք թոյլ չենք տար, որ մեզ չարաշահեն։ Առկայ ընթացքով դժուար է տեւականացնել յարգանքը Պատրիարքական Աթոռին նկատմամբ։