ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՆ ՇՐՋԱՆԷՆ
Հիւսիսային Գալիֆորնիոյ մէջ աւելի քան 180 հազար մարդիկ հեռացուեցան իրենց տուներէն, երբ Միացեալ Նահանգներու ամենէն բարձր ամբարտակի յորդման ջրանցքը առատ անձրեւներուն պատճառով տկարացաւ:
Պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ ջրանցքը քանդուելու եզրին կը գտնուի: Յաւելեալ ջուրի հոսքը հետագային դադրեցաւ, սակայն Պաթ գաւառի ոստիկանապետ Քորի Հոնի յայտնեց, որ բնակչութեան տարհանման հրամանը կը շարունակէ մնալ ի զօրու:
Տարիներէ ի վեր տեղումներու խիստ սակաւութենէ ետք, ամբարտակի ջուրի մակարդակը առատ անձրեւին եւ ձիւնին պատճառով բարձրացած էր: Օրովիլ լիճին վրայ հաստատուած ամբարտակը իր գոյութեան յիսուն տարուան ընթացքին առաջին անգամն է, որ այսպիսի արտակարգ կացութիւն մը կը դիմագրաւէ: