ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ. «ԵՍ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐ ՈՒՆԻՄ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ»
RFI միջազգային ֆրանսական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդում պատրաստած է այն մասին, թէ Ֆրանսայի մէջ բնակող հայերը ո՞վ կ՚ուզեն տեսնել իբրեւ երկրի յաջորդ ղեկավար:
Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի լիազօրութիւնները կը վերջանան այս տարի:
Ձայնասփիւռի կայանի հարցումին պատասխանած է նաեւ աշխարհահռչակ հայազգի երգիչ Շարլ Ազնաւուր:
«Հայկական համայնքի մասին կարելի չէ ըսել, որ անիկա համարկուած է կամ ձուլուած: Անիկա ֆրանսական է: Մենք Ֆրանսայի հայեր չենք, այլ ֆրանսացիներ՝ հայկական ծագումով: Ես երկու երկիր ունիմ` Հայաստան եւ Ֆրանսա. մէկ տարբերութեամբ միայն՝ ես աւելի լաւ ֆրանսերէն կը խօսիմ:
«Քաղաքականութիւնը զիս չի հետաքրքրեր, ես չեմ զբաղիր ատով: Զիս միայն կը հետաքրքրէ այն, ինչ որ տեղի կ՚ունենայ իմ երկրիս մէջ եւ ատիկա բնական է: Ես նոյնիսկ կը յստակեցնեմ՝ իմ երկիրներուս մէջ: Անոնք երկուքն են: Քաղաքական գործիչներ, նախագահներ. ես զանոնք տարած եմ Հայաստան: Չեմ ստիպած զանոնք, անոնք սիրով գացած են: Եւ ես ուրախ եմ, որ անոնց հաճելի է մեր երկիրը, եկեղեցիները, խոհանոցը, սրտաբաց ընդունելութիւնը», ըսած է Ազնաւուր ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին: