ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԵՌՈՒԶԵՌ

Ե­րե­ւա­նի մէջ, «Նուի­րէ՛ կեանք» կար­գա­խօ­սով տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­նուկ­նե­րու հա­մար հա­մերգ մը։ Օ­փե­րա­յի հա­մա­լի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կը կեան­քի կո­չուե­ցաւ բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեա­նի։ Քաղց­կե­ղէ տա­ռա­պող ե­րա­խա­նե­րու բուժ­ման ձօ­նուած բա­րե­գոր­ծա­կան ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը։ Ինչ­պէս հա­մեր­գի ունկն­դիր­նե­րը, այն­պէս ալ յայ­տագ­րին մաս­նա­կից­նե­րը պա­տա­նի­ներ էին։ Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ շատ խան­դա­վառ մթնո­լորտ մը, մինչ փոք­րիկ կա­տա­րող­ներն ու հան­դի­սա­տես­նե­րը վեր­ջա­ւո­րու­թեան հա­մախմ­բուե­ցան բե­մին վրայ։

Հա­յաս­տա­նի մէջ քաղց­կե­ղէ տա­ռա­պող ե­րա­խա­նե­րու բուժ­ման տե­սա­կէ­տէ անգ­նա­հա­տե­լի գործ կը կա­տա­րէ «Նուի­րէ՛ կեանք» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մը, ո­րու Հո­գա­բար­ձու­նե­րու պա­տուոյ խոր­հուր­դի նա­խա­գահն է Ռի­թա Սարգ­սեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 16, 2017