ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Կը տեղեկանանք, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան այս օրերուն դարձեալ կը գտնուի Իսթանպուլի մէջ։ Իրեն կ՚ընկերանայ Ս. Աթոռի կալուածոց տեսուչ Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան։ Սա Երուսաղէմի Պատրիարքին հերթական անպաշտօն ու առեղծուածային այցելութիւնն է։ Անպաշտօն աղբիւրներէ մեզի հասած լուրերուն լոյսին տակ կապ հաստատեցինք Պոլսոյ Պատրիարքարանին հետ։ Գումգաբուէն ալ հաստատեցին, որ Չորեքշաբթիէն ի վեր Երուսաղէմի Պատրիարքը կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Իրեն ընկերակից Տ. Պարէտ Ծ. Վրդ. Երէցեան արդէն կ՚իջեւանի Պատրիարքարանի մէջ։ Իսկ Նուրհան Պատրիարք կ՚իջեւանի Վոսփորի ծովեզերեայ գեղատեսիլ պանդոկներէն մէկուն մէջ։ Նուրհան Պատրիարք եւ Պարէտ Ծ. Վրդ. մինչեւ Կիրակի պիտի գտնուին քաղաքիս մէջ։
Ընդհանրապէս Երուսաղէմի Պատրիարքի քաղաքս կատարած այս այցելութիւնները այնպէս կը մատուցուին, որ ան Պոլիս կու գայ հետամուտ ըլլալու համար՝ Սուրբ Աթոռի երբեմնի տարածքներու սեփականութեան իրաւունքի վերադարձը ապահովելու համար։ Այսինքն, աշխատանքային բնոյթ կը վերագրուի իր այցելութիւններուն։ Բնականաբար, Նուրհան Պատրիարքի Իսթանպուլ ուղեւորութեան աշխատանքային երեսակը եւ համապատասխան կարեւորութիւնը չենք ուզեր շուքի տակ թողուլ։ Բայց եւ այնպէս, աշխատանքային տրամադրութեան եւ նպատակներու տեսակէտէ ծայր աստիճան կասկածայարոյց կը համարուի անոր Վոսփորի եւրոպական ափի ծովեզերեայ գեղատեսիլ պանդոկներէն մէկուն մէջ իջեւանիլը։ Աւելորդ է նշել, որ այդ պանդոկներուն մէջ իջեւանիլը կ՚արժէ շատ սուղ, իսկ Նուրհան Պատրիարք իր այդ նախընտրութիւնով ինքնին շուքի տակ կը թողու այցելութեան աշխատանքային բնոյթը։