ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՐԳԻԼՈՒԱ՛Ծ

Ամ­բողջ մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, բո­լոր դրու­թիւն­նե­րու կող­մէ, թէ՛ բա­րո­յա­պէս, թէ՛ կրօ­նա­կան տե­սա­կէ­տով ար­գի­լուած է մարդ սպան­նե­լը։ Ուս­տի Տա­սը Պա­տուի­րան­նե­րուն հին­գե­րորդն է՝ «Մի՛ սպան­ներ» (ԵԼՔ. Ի 13)։­

Իր կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը կը տես­նուի նաեւ Նոր Կտա­կա­րա­նին մէջ. «Գի­տէք, թէ ը­սուեր է հի­նե­րուն.- Մի՛ սպան­ներ։ Վասն­զի ո՛վ որ սպան­նէ՝ դա­տաս­տա­նի պի­տի են­թար­կուի։ Բայց Ես կ՚ը­սեմ ձե­զի, ո՛վ որ բար­կա­նայ իր եղ­բօ­րը, պար­տա­ւոր պի­տի ըլ­լայ դա­տաս­տա­նի» (ՄԱՏԹ. Ե 21-22)։­

Ար­դա­րեւ, ինչ­պէս բա­րո­յա­կան եւ կրօ­նա­կան դրու­թիւն, նաեւ աշ­խար­հա­յին-քա­ղա­քա­կան ա­մէն օ­րէնք եւս կ՚ար­գի­լէ սպան­նե­լը, ո­րը կը պատ­ժէ խստու­թեամբ։

Ու­րեմն, ա­մէն շրջա­նի մէջ, ա­մէն դրու­թիւն կ՚ար­գի­լէ, կը մեր­ժէ սպա­նու­թիւ­նը։ Սպան­նե­լը թէ՛ յան­ցանք է եւ թէ մեղք, քա­նի որ մարդ­կա­յին կեան­քը նուի­րա­կա՛ն է։ Մարդ­կա­յին կեան­քը իր ծա­գու­մէն, իր ստեղ­ծու­մէն իսկ կը կրէ Աս­տու­ծոյ ա­րար­չա­գործ դրոշ­մը եւ իր միա՛կ վախ­ճա­նին՝ Ա­րար­չին հետ յա­տուկ ա­ռըն­չու­թեան մէջ կը մնայ զմիշտ։ Ար­դա­րեւ, մար­դուն կեան­քին տէ­րը միայն Աս­տուա՛ծ է՝ սկիզ­բէն մին­չեւ վախ­ճա­նը. ո՛չ ոք եւ ո՛չ մէկ պա­րա­գա­յին՝ կրնայ ինք­զին­քին վե­րագ­րել մարդ­կա­յին ան­մեղ էակ մը ուղ­ղա­կիօ­րէն կոր­ծա­նե­լու, կորստեան մատ­նե­լու ի­րա­ւուն­քը։

Աս­տուա­ծա­շունչ մա­տեա­նը Ա­բէ­լին իր եղ­բօր Կա­յէ­նի ձեռ­քով սպա­նու­թեան պատ­մուած­քին մէջ մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան սկիզբ­նե­րէն իսկ կը յայտ­նէ մար­դուն մէջ գո­յու­թիւ­նը՝ բար­կու­թեան եւ ըն­չա­քաղ­ցու­թեան, հե­տե­ւանք՝ սկզբնա­կան մեղ­քին։ Եւ այս կեր­պով, մար­դը թշնա­մի դար­ձաւ իր նմա­նին։ Եւ ա­ւե­լի վերջ, հռո­մէա­ցի բա­նաս­տեղծ Պղօ­թիւս բա­նա­ձե­ւեց այս ի­րո­ղու­թիւ­նը, ը­սե­լով. «Homo homini lupus est», իսկ անգ­լիա­ցի ի­մաս­տա­սէր Հօպպս ա­ւե­լի ընդ­հան­րա­ցուց այս մարդ­կա­յին բնազ­դա­կան վի­ճա­կը, կրկնե­լով. «Homo homini lupus est» խօս­քը, որ կը նշա­նա­կէ՝ «մար­դը մար­դու գայլն է»։ Ժո­ղովր­դա­կան ընդ­հա­նուր ա­սոյ­թով՝ «մար­դիկ ի­րար կ՚ու­տեն…»։

Դժ­բախ­տա­բար, այս­պէս, մար­դը մար­դուն թշնա­մի ե­ղաւ, մին­չեւ իսկ զայն սպան­նե­լու աս­տի­ճան։

Աս­տուա­ծա­շուն­չի մէջ, Հին Կտա­կա­րա­նով, Աս­տուած կը մատ­նան­շէ այս «եղ­բայ­րաս­պա­նու­թեան նեն­գա­ւոր բնոյթ»ը եւ կ՚ը­սէ. «Ի՛նչ ը­րիր։ Եղ­բօրդ ա­րեան ձայ­նը կ՚ա­ղա­ղա­կէ դէ­պի ին­ծի։ Հի­մա ու­րեմն ա­նի­ծեա՛լ ըլ­լաս երկ­րի վրայ, որ բա­ցաւ իր բե­րա­նը քու եղ­բօրդ քո՛ւ ձեռ­քով թա­փուած ա­րիւ­նը ըն­դու­նե­լու հա­մար» (ԾՆՆԴ. Դ 10-11)։­

Ար­դա­րեւ, Աս­տու­ծոյ եւ մար­դուն ուխ­տը հիւ­սուած է մարդ­կա­յին կեան­քին աս­տուա­ծա­յին պար­գե­ւին յի­շե­ցում­նե­րով եւ մար­դուն սպա­նիչ բռնու­թեամբ. «Ես ձեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րին ա­րեան հա­մար հա­շիւ պի­տի պա­հան­ջեմ…», եւ շա­րու­նա­կե­լով. «մար­դու ա­րիւն թա­փո­ղին ա­րիւնն ալ մար­դու ձեռ­քով պի­տի թա­փուի։ Քա­նի որ մար­դը ստեղ­ծուե­ցաւ ըստ Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րին» (ԾՆՆԴ. Թ 5-6)։­

Ուս­տի, Հին Կտա­կա­րա­նին մէջ «ա­րիւն»ը միշտ նկա­տուած է իբ­րեւ «կեան­քին սրբա­զան նշա­նը»։ Անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը այս ու­սու­ցու­մին, բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու հա­մար ի զօ­րու է։

Եւ հին­գե­րորդ պա­տուի­րա­նը՝ որ կ՚ար­գի­լէ սպա­նու­թիւ­նը, ա­ւե­լի՛ կը յստա­կա­նայ, երբ կ՚ը­սէ. «Պի­տի չսպան­նես ո՛չ ան­մե­ղը, ո՛չ ալ ար­դա­րը» (ԵԼՔ. ԻԳ 7)։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով, ան­մե­ղի մը, ար­դա­րի մը սպա­նու­թիւ­նը հա­կա­ռա՛կ է մարդ­կա­յին ա­րա­րա­ծին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան, «ոս­կե­ղէն կա­նոն»ին, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր նպա­տա­կին եւ ծրագ­րին եւ մա­նա­ւա՛նդ Ա­րար­չին սրբու­թեան։

Օ­րէն­քը, որ կ՚ար­գի­լէ սպա­նու­թիւ­նը, տիե­զե­րա­կա­նօ­րէն ի զօ­րու է. ան կը պար­տա­ւո­րէ ա­մէն­քը եւ իւ­րա­քան­չիւ­րին հա­մար, միշտ եւ ա­մէ­նու­րե՛ք։

Այս ի­մաս­տով ա­մէն անձ պա­տաս­խա­նա­տու է օ­րէն­քին ճշդու­թեամբ եւ ան­շեղ կեր­պով գոր­ծա­ծու­թեան։

Ուս­տի երբ իր նմա­նը սպան­նել ար­գի­լ­ուած է, ինք­զինք սպան­նել, անձ­նաս­պան ըլ­լալ ա­ւե­լի եւս ար­գի­լուած է եւ ներ­հակ՝ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ի­մաս­տին։

Ա­մէն մարդ պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ է Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ իր կեան­քին՝ զոր Ան տուած է ի­րեն։ Ան կը մնայ կեան­քին գե­րա­կայ Տէ­րը։ Մարդ պար­տա­ւոր է զայն ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ըն­դու­նիլ եւ եր­կիւ­ղա­ծու­թեամբ, զգու­շու­թեամբ պահ­պա­նել՝ Աս­տու­ծոյ պա­տի­ւին եւ իր հո­գիին փրկու­թեան հա­մար։

Ար­դա­րեւ, մար­դիկ «տնտես­ներ» են եւ ո՛չ թէ «տէ­րեր»ը կեան­քին՝ զոր Աս­տուած վստա­հած է ի­րենց։ Մարդ կը տնտե­սէ կեան­քը, բայց չի՛ տնօ­րի­ներ։

Այս ուղ­ղու­թեամբ «անձ­նաս­պա­նու­թիւն»ը կը հա­կա­սէ մարդ­կա­յին էա­կին կո­չու­մին՝ բնա­կան հա­կու­մին, որ է պահ­պա­նել եւ յա­ւեր­ժաց­նել իր կեան­քը։ Ան ծան­րօ­րէն հա­կա­ռա՛կ է մարդ­կա­յին ան­ձին ար­դար սի­րոյն։ Ան կը վի­րա­ւո­րէ նաեւ մեր­ձա­ւո­րին սէ­րը, քա­նի որ ա­նար­դա­րօ­րէն կը փշրէ հա­մըն­կե­րու­թեան կա­պե­րը ըն­տա­նե­կան, ազ­գա­յին եւ մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն հետ, ո­րոնց հան­դէպ մարդ պար­տա­կան կը մնայ։ Ուս­տի անձ­նաս­պա­նու­թիւ­նը ներ­հա՛կ է կեն­դա­նի Աս­տու­ծոյ սի­րոյն։ Մար­դը, ար­դա­րեւ, Աս­տու­ծոյ ան­հո՜ւն սի­րոյն ար­դի՛ւնքն է։

Անձ­նաս­պա­նու­թիւ­նը նաեւ գայ­թակ­ղու­թեան ծանր հան­գա­մանք կը ստա­նայ, երբ ան գոր­ծուած է մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն որ­պէս օ­րի­նակ տա­լու նպա­տա­կով։ Անձ­նաս­պա­նու­թեան կա­մո­վին գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը դէ՛մ է նաեւ «բա­րո­յա­կան օ­րէնք»ին։

Անձ­կու­թիւ­նը կամ փոր­ձան­քը, հո­գե­խօ­սա­կան ծանր վրդո­վում­ներ, տա­ռա­պան­քի կամ ֆի­զի­քա­կան տան­ջան­քի ծանր վա­խը, ցա­ւեր ու վիշ­տեր կրնան մա­սամբ նուա­զեց­նել անձ­նաս­պա­նին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։ Սա­կայն քրիս­տո­նեան պէտք չէ ան­տե­սէ Յի­սու­սի խօս­քը, որ կ՚ը­սէ. «Աշ­խար­հի վրայ նե­ղու­թիւն պի­տի ու­նե­նաք, բայց քա­ջա­լե­րուե­ցէ՛ք, քա­նի որ ես յաղ­թե­ցի աշ­խար­հին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Ք­րիս­տո­նէու­թիւ­նը քա­ջու­թի՛ւն կը պա­հան­ջէ՝ ուղ­ղա­կի՛ Քրիս­տո­սի խօս­քով եւ օ­րի­նա­կո՛վ…։

Ու­րեմն, պէտք չէ յու­սա­հա­տիլ, յու­սալ­ըք-ւիլ յա­ւի­տե­նա­կան փրկու­թեան մա­սին այն ան­ձե­րուն, ո­րոնք անձ­նաս­պան ե­ղած են։ Աս­տու­ծոյ ան­հո՜ւն սէր եւ գու­թը կա­րող է ու­ղի­նե­րով հայ­թայ­թել ա­նոնց փրկա­րար զղջու­մի ա­ռի­թը։ Եւ այդ «ու­ղի­ներ»ը միայն Ի՛նք, Աս­տուած գի­տէ։ Ե­կե­ղե­ցին կ՚ա­ղօ­թէ այն ան­ձե­րուն հա­մար՝ ո­րոնք ի­րենց կեան­քին դէմ մա­հա­փորձ կա­տա­րած են։ Բայց պէտք է գիտ­նալ, թէ կեան­քը նուի­րա­կան է, սուրբ է, քա­նի որ ան Սի­րո՛յ ար­դիւնք է։

Ա­նոնք ո­րոնց կեան­քը նուա­զած է կամ տկա­րա­ցած, յա­տուկ յար­գանք կը պա­հան­ջեն։ Այս ի­մաս­տով, հի­ւանդ կամ հաշ­ման­դամ ան­ձե­րու պէտք է նե­ցուկ կանգ­նիլ, որ­պէս­զի որ­քան կա­րե­լի է բնա­կան եւ խա­ղաղ կեանք մը վա­րեն։

Մարդ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան նպա­տա­կով կո­չուած է ի­րե­րօգ­նու­թեա՛ն, ուս­տի մէ­կու մը ցա­ւէն ու վիշ­տէն պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ են իր մեր­ձա­ւոր­նե­րը, պէ՛տք է կա­րե­լին ը­նեն ցա­ւը եւ վիշ­տը թե­թեւց­նե­լու հա­մար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 10, 2017, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 17, 2017