ՍԵՐՏ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտ երէկ շփումներ ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի կողմէ։ Երկու բարձրաստիճան զինուորականները այս առթիւ վերահաստատեցին իրենց համախոհ դիրքորոշումը՝ Սուրիայէ եւ Իրաքէ ներս ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարի ուղղութեամբ, ներառեալ ՓՔՔ-ն եւ ԻՇԻՊ-ը («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում)։
ԱՄՆ-ի նոր ղեկավարութեան ձեւաւորման զուգահեռ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ բարձր մակարդակի շփումները վերաշխուժացած են։ Անցեալ շաբաթ Թուրքիա այցելած էր ԱՄՆ-ի Կեդրոնական հետախուզութեան գործակալութեան (CIA) տնօրէն Մայք Փոմփէօ։ Հազիւ շաբաթ մը անց յաջորդեց զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտի այցը։
Հուլուսի Աքար-Ճոզըֆ Տանֆորտ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխէն ներս։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Թուրք զինեալ ուժերու կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութեան զուգահեռ արձանագրուած լուրջ յաջողութիւնները դրուեցան սեղանի վրայ։ Հուլուսի Աքար մատնանշեց, որ անվտանգութիւնը երաշխաւորուած շրջանները սկսած են վերաբնակեցուիլ։ Աքար շեշտեց, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ աշխոյժ պայքարը պիտի շարունակուի։ Էլ Պապի շրջանէն ներս մեծաւ մասամբ ապահովուած է վերահսկողութիւնը ու կարգը հասած՝ խուզարկման աշխատանքներուն։ Կողմերը վերահաստատեցին Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ուղղութեամբ իրենց մտադրութիւնը։ Ըստ Աքարի, միջազգային համախոհութեան զօրավիգին աւելցուիլը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։
Տեղական մամուլը վերջին երկու օրերուն կ՚անդրադառնայ Ժոզըֆ Տանֆորտի այցին։ Ըստ այդ աղբիւրներուն, Աքար-Տանֆորտ հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ Ռաքքայի ազատագրման խնդիրը։
ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ
Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ վերջին օրերուն իրերայաջորդ հանդիպումներ ունեցաւ իր ամերիկացի եւ ռուս պաշտօնակիցներուն՝ Ռեքս Թիլըրսընի եւ Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Հանդիպումները տեղի ունեցան Գերմանիոյ Պոնն քաղաքին մէջ, ուր կազմակերպուած է Մեծ քսանեակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը։