ՍՐԲՈՑ ՂԵ­ՒՈՆ­ԴԵԱՆՑ

Հա­յոց տօ­նե­րէն ա­մե­նէն ժո­ղովր­դա­կան եւ կրօ­նա-ազ­գա­յին բնոյթ ու­նե­ցո­ղը Վար­դա­նանց տօ­նը ըլ­լա­լով հան­դերձ, ու­շագ­րաւ եւ իւ­րա­յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող տօն մըն է նաեւ Սրբոց Ղե­ւոն­դեան­ցը, որ կը նշուի Վար­դա­նանց տօ­նը կան­խող Ե­րեք­շաբ­թին։ Հա­ւա­քա­կան Ղե­ւոն­դեանք ա­նու­նը խորհր­դա­նիշ է բազ­մա­թիւ ար­ժա­նա­ւոր­նե­րու, ո­րոնք ի­րենց կեան­քը զո­հած են յա­նուն կրօ­նի եւ ազ­գու­թեան։ Ղե­ւոն­դեան­քի վրայ կ՚անձ­նա­ւո­րուի հայ­րե­նի­քի եւ հա­ւատ­քի նուի­րու­մին գա­ղա­փա­րը։ Վար­դա­նան­քի ըն­կեր եւ քա­ջա­լե­րող, հայ ազ­գու­թիւ­նը ապ­րեց­նե­լու եւ պահ­պա­նե­լու սկզբուն­քին ա­կա­նա­ւոր գոր­ծիչ­ներ, ա­նոնք ե­ղած են ո՛չ միայն հա­կաբռ­նու­թեանց անձ­նու­րաց քա­րո­զիչ­ներ, այ­լեւ մար­տիկ­ներ թէ՛ Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մին, թէ՛ զայն կան­խող եւ թէ այ­նու­հե­տեւ շա­րու­նա­կուող ժո­ղովր­դա­յին ընդ­դի­մու­թեան։ Ա­նոնց ցու­ցա­բե­րած ա­մուր հա­ւատ­քը, ժո­ղո­վուր­դին հետ ու­նե­ցած ան­կեղծ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, Ա­ւա­րայ­րի ճա­կա­տա­մար­տի ա­ռա­ջին գի­ծե­րուն վրայ կռուող­նե­րը ի­րենց կեն­դա­նի օ­րի­նա­կով ա­ռաջ­նոր­դելն ու սու­րով կռուի­լը, ի­րենց ան­սահ­ման նուի­րու­մը, ընդ­հա­նուր կեր­պով հիմ­նա­կան տուեալ­ներ են, ո­րով ա­նոնք նուի­րա­գոր­ծուած եւ ո­րա­կա­ւո­րուած են տի­պար յատ­կա­նիշ­նե­րով։

Վար­դա­նանց ա­զա­տու­թեան շար­ժու­մին ա­ռաջ­նորդ­նե­րը, հրահ­րիչ­նե­րը, ո­գին՝ Վար­դա­նան­քի օ­րի­նա­կով Ղե­ւոն­դեանք խորհր­դա­նիշ ա­նու­նը եւս առ­նուած է բազ­մա­թիւ ար­ժա­նա­ւոր­նե­րու մէ­ջէն մէ­կուն, Ղե­ւոնդ Ե­րէ­ցի ա­նու­նէն, պարզ այն պատ­ճա­ռով, որ ան ե­ղած է ա­մե­նէն յա­խուռն ու քաջ տի­պա­րը, փայ­լուն միտ­քը, ո­րուն մա­սին հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի լայն կեր­պով անդ­րա­դարձ ե­ղած է։ Ժա­մա­նա­կա­կից պատ­միչ­ներ Ե­ղի­շէ եւ Ղա­զար Փար­պե­ցի յի­շա­տա­կած են հե­տե­ւեալ նա­հա­տակ կրօ­նա­ւոր­նե­րը, ո­րոնք միաս­նա­բար առ­նուած են Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց ա­նու­նին տակ.

- Յով­սէփ Հո­ղոց­մե­ցի Կա­թո­ղի­կոս (440-452), Սա­հակ Եպսկ. Ռշտու­նեաց, Թա­թիկ Եպսկ. Բա­սէ­նի, Ղե­ւոնդ Ե­րէց, Մու­շէ կամ Մու­շեղ Քա­հա­նայ, Ար­շէն Ե­րէց, Սա­մուէլ Քա­հա­նայ, Աբ­րա­համ Սար­կա­ւագ, Քա­ջաջն Սար­կա­ւագ։ Բա­ցի մէ­կէն, բո­լորն ալ ա­շա­կերտ­ներն էին Սա­հակ-Մեր­սո­պեան դպրո­ցին, որ գիտ­ցած էր ա­նոնց մէջ կեր­տել եւ զօ­րաց­նել որ­չափ ուս­ման եւ զար­գա­ցու­մի, նոյն­քան՝ սրտի եւ նուի­րու­մի մար­դը։

ՅՈՎ­ՍԷՓ ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ- Ծնուն­դով Սիւ­նեաց նա­հան­գին Վա­յոց Ձոր գա­ւա­ռի Խո­ղո­ցիմ կամ Հո­ղո­ցիմ գիւ­ղէն։ Ս. Մես­րո­պի հա­ւա­տար­մա­գոյն եւ ձեռ­նե­րէց ա­շա­կերտ­նե­րէն մին, որ օգ­նա­կան նշա­նա­կուած էր իր վար­դա­պե­տին եւ գործ­նա­կա­նին մէջ ա­նոր տե­ղա­կալն էր։ Յով­սէփ ե­ղաւ ա­ռա­ջի­նը մեր այն կա­թո­ղի­կոս­նե­րէն, ո­րոնք ժո­ղովր­դա­յին խո­նարհ խա­ւե­րէն բարձ­րա­ցած են այդ դիր­քին։ Իր­մէ ա­ռա­ջուան կա­թո­ղի­կոս­նե­րը առ­հա­սա­րակ ե­կած էին Ս. Լու­սա­ւոր­չի տու­նէն։ Իբ­րեւ կա­թո­ղի­կոս Յով­սէ­փի կա­րե­ւո­րա­գոյն գոր­ծե­րէն մէ­կը ե­ղաւ գու­մա­րել Շա­հա­պի­վա­նի ժո­ղո­վը (444), որ մեր ա­ռա­ջին ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղովն է եւ ո­րուն կա­նոն­նե­րը լրիւ պա­հուած են։

ՍԱ­ՀԱԿ ԵՊՍԿ. ՌՇՏՈՒ­ՆԵԱՑ- Ա­մե­նայն հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ Սա­հակ-Մես­րո­պեան ա­շա­կեր­տու­թե­նէն, գլխա­ւոր ար­ժա­նիք­նե­րէն մէ­կը ե­ղած է պարս­կե­րէ­նի հմտու­թիւ­նը, ո­րով դա­տա­րա­նա­կան հար­ցու­փոր­ձե­րու ըն­թաց­քին թարգ-­մա­նի դեր կա­տա­րած է։

ԹԱ­ԹԻԿ ԵՊՍԿ. ԲԱ­ՍԷ­ՆԻ- Ս. Մես­րո­պի ա­շա­կերտ­նե­րէն, հա­ւա­նա­բար դա­սըն­կեր Յով­սէ­փին։ Ար­տա­շա­տի ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցած ե­պիս­կո­պոս­նե­րէն մէկն է, ո­րոնք ժխտա­կան պա­տաս­խան տուին պար­սից շա­հի հրո­վար­տա­կին եւ կրա­կա­պաշտ դառ­նա­լու հրա­ւէ­րին։ Ատ­րու­շան մըն ալ ինք կոր­ծա­նած ըլ­լա­լով՝ կրօ­նա­կան պայ­քա­րին ա­մե­նէն բուռն գոր­ծող­նե­րէն մին ե­ղած եւ այդ պատ­ճա­ռաւ ա­ռանց Տիզ­պո­նի մէջ դա­տուե­լու հե­ռա­ւոր Խու­ժաս­տան բան­տար­կու­թեան ղրկուած էր։

ՂԵ­ՒՈՆԴ Ե­ՐԷՑ- Գործ­նա­կան գլու­խը եւ ա­մե­նէն հե­ղի­նա­կա­ւոր ան­դա­մը նա­հա­տակ­նե­րու խում­բին, նաեւ ա­ռաջ­նոր­դը դի­մադ­րա­կան շար­ժու­մին։ Ծննդեամբ Վա­նանդ գա­ւա­ռի Ի­ջե­ւան (այ­սօ­րուան Կար­սի շրջան) գիւ­ղէն էր։ Ղե­ւոնդ Ս. Սա­հա­կի ա­մե­նէն հին ա­շա­կերտ­նե­րէն է, եւ կա­թո­ղի­կո­սի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, Բագ­րե­ւան­դի մէջ, իբ­րեւ փո­խա­նոր­դը միշտ ա­նոր քով գտնուած է։ Անգղ գիւ­ղին մէջ, մազ­դէա­կան կրա­կա­պաշ­տու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու մո­գե­րու փոր­ձին դէմ ել­լող­նե­րուն ա­ռա­ջի­նը եւ պա­րագ­լու­խը ե­ղաւ։ Հե­տե­ւեալ կեր­պով կը ներ­կա­յաց­նէ Մա­ղա­քիա Արք. Օր­մա­նեան Ղե­ւոն­դին դե­րը՝ «Շնոր­հիւ իր զար­գաց­ման եւ ա­տե­նա­բա­նե­լու յա­ջո­ղու­թեան՝ թէ՛ Ա­ւա­րայ­րի բա­նա­կին մէջ, թէ՛ Տիզ­պո­նի ա­տեա­նին առ­ջեւ եւ թէ Ռե­ւա­նի դա­տա­կան հար­ցու­փոր­ձի առ­թիւ, միշտ գլխա­ւոր խօ­սո­ղը ե­ղած էր։ Մէկ խօս­քով, Ղե­ւոնդ կրնայ բո­լոր այդ կրօ­նա­կան շարժ­ման հո­գին ը­սուիլ, եւ այդ պատ­ճա­ռով է, որ իւր ա­նու­նով կո­չուած են իր գոր­ծա­կից­նե­րը» (Ազ­գա­պա­տում)։

­ՄՈՒ­ՇԷ կամ ՄՈՒ­ՇԵՂ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ- Աղ­բա­կե­ցի. դրան ե­րէց Արծ­րու­նեաց նա­խա­րա­րու­թեան, որ կա­րե­ւոր դեր կա­տա­րեց Վար­դա­նանց շար­ժու­մի ըն­թաց­քին։ Հա­ւա­նա­բար ինք ալ Սա­հակ-Մես­րո­պեան ա­շա­կեր­տու­թե­նէն էր, քան­զի ա­ռանց զար­գաց­ման նման մեծ նա­խա­րա­րու­թեան մը հո­գե­ւոր վա­րի­չը չէր կրնար ըլ­լալ։

ԱՐ­ՇԷՆ Ե­ՐԷՑ- Ծննդա­վայրն է Բագ­րե­ւանդ գա­ւա­ռի Ե­ղե­գիկ գիւ­ղը։ Միակն է, որ Սա­հակ-Մես­րո­պեան ա­շա­կեր­տու­թե­նէն չէ։ Ճա­կա­տա­մար­տէն յե­տոյ ամ­րա­ցած էր բեր­դի մը մէջ. Վա­սա­կի խոս­տում­նե­րէն խա­բուե­լով դուրս ե­լաւ, սա­կայն շղթա­յի զար­նուե­լով պա­հուե­ցաւ դա­տուե­լու հա­մար։

ՍԱ­ՄՈ­ՒԷԼ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ եւ ԱԲ­ՐԱ­ՀԱՄ ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱԳ- Ի­րար­մէ ան­բա­ժան Ար­տա­շա­տի քա­հա­նան ու սար­կա­ւա­գը, ո­րոնք ատ­րու­շան մը քան­դած ու ար­գի­լած էին կրա­կա­պաշ­տու­թեան մուտ­քը Վար­դա­նանց դի­մադ­րու­թեան օր­րան ե­ղած այս քա­ղա­քը։ Ճա­կա­տա­մար­տէն վերջ միաս­նա­բար ձեր­բա­կա­լուած ու միւս ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րէն զա­տուե­լով պարս­կա­կան բա­նա­կին մէջ բան­տար­կեալ կը մնա­յին։

ՔԱ­ՋԱՋՆ ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱԳ- Ռշտու­նեաց գա­ւա­ռէն, փոք­րա­ւո­րը Սա­հակ Ռշտու­նի Ե­պիս­կո­պո­սին։ Իր այդ հան­գա­ման­քով կա­րե­ւոր դեր կա­տա­րած էր դի­մադ­րա­կան շար­ժու­մին մէջ, կա­լա­նա­ւո­րուած ու դա­տա­պար­տուե­լու ար­ժա­նի նկա­տուած էր։

Ա­ւա­րայ­րի ճա­կա­տա­մար­տէն յե­տոյ, Յով­սէփ եւ Ղե­ւոնդ բեր­դի մը մէջ ա­պաս­տան գտած էին. ա­սոնք ալ Վա­սա­կի նենգ խոս­տում­նե­րուն վստա­հե­լով անձ­նա­տուր ե­ղան եւ ան­մի­ջա­պէս բան­տար­կուե­ցան։ Իսկ Սա­հակ Ե­պիս­կո­պոս, իր սար­կա­ւա­գը Քա­ջաջն ու Մու­շէ Քա­հա­նան յատ­կա­պէս հրա­ւի­րուե­ցան Հա­յաս­տա­նի նոր պար­սիկ մարզ­պա­նին կող­մէ։ Քննու­թիւն բա­ցուե­ցաւ ա­սոնց դէմ, եւ ո­րով­հե­տեւ չու­րա­ցան ամ­բաս­տա­նու­թիւ­նը, ա­սոնք ալ միա­ցան միւս ձեր­բա­կա­լեալ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րուն։ Այս­պէս կազ­մուե­ցաւ (բա­ցի Թա­թիկ Ե­պիս­կո­պո­սէ) խումբ մը ութ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու, ո­րոնք իբ­րեւ գլխա­ւոր­նե­րը եւ հրահ­րիչ­նե­րը ապս­տամ­բու­թեան, պար­սից մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Տիզ­պոն ղրկուե­ցան՝ դա­տուե­լու հա­մար։ Հոն ձեռ­նար­կուե­ցաւ հար­ցաքն­նու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք ըն­դար­ձա­կօ­րէն կը տրուին Ե­ղի­շէի եւ Ղա­զար Փար­պե­ցիի կող­մէ։ Գլխա­ւոր յան­ցանք նկա­տուե­ցան, ա­նոնց ատ­րու­շան քան­դած եւ «կրա­կը սպան­նած» ըլ­լա­լը, զորս չու­րա­ցան, եւ Միհր­ներ­սեհ, որ իբր դա­տա­ւոր բազ­մած էր, դա­տա­պար­տեց զա­նոնք ու ծանր շղթա­նե­րով բան­տար­կել տուաւ մին­չեւ որ ար­քա­յա­կան վճի­ռով ո­րո­շուի ա­նոնց վերջ­նա­կան ճա­կա­տա­գի­րը։ Ա­պա բան­տար­կեալ­նե­րը աք­սո­րուե­ցան Պարս­կաս­տա­նի հիւ­սի­սա­յին կող­մը՝ Վրկան, այժ­մեան Մա­զան­դա­րան գա­ւա­ռը։ Խում­բը Տիզ­պոն ղրկուած էր 451-ին վեր­ջե­րը, Վրկան աք­սո­րուե­ցաւ 452-ի սկիզբ­նե­րը եւ այն­տեղ բան­տար­կուած մնաց մին­չեւ 454-ի ա­մա­ռը։ Յազ­կերտ երբ քու­շա­նաց դէմ պա­տե­րազ­մի կ՚եր­թար եւ կ՚անց­նէր Վրկա­նէն՝ հրա­մա­յեց, որ կա­լա­նա­ւոր­ներն ալ ե­տե­ւէն բե­րեն, եւ ա­նոնք տա­րուե­ցան Ա­պար, այժ­մու Խո­րա­սան գա­ւա­ռը ու փա­կուե­ցան Նեւ­շա­պուհ բեր­դին մէջ, սա­կայն ա­նոնց­մէ Սա­մուէլ Ե­րէ­ցը եւ Աբ­րա­համ Սար­կա­ւա­գը զա­տե­ցին եւ բա­նա­կին հետ տա­րին։

Քու­շա­նաց պա­տե­րազ­մին մէջ պար­սիկ­նե­րու ձա­խո­ղու­թիւ­նը մո­գե­րը վե­րագ­րե­ցին «կրակ սպան­նող­ներ»ուն դեռ ողջ մնա­լուն։ Ուս­տի Յազ­կերտ ո­րո­շեց վերջ տալ ա­նոնց կեան­քին։ Ա­ռա­ջին հեր­թին հրա­մա­յեց բա­նա­կին մէջ գտնուող կա­պեալ­նե­րը գլխա­տել։ Նա­խա­պէս կտրե­ցին եր­կու­քին ալ աջ ձեռ­քը, ո­րոնց­մով յանդգ­նած էին ատ­րու­շան կոր­ծա­նել, ա­պա գլխա­տե­ցին Սա­մուէլ Քա­հա­նան եւ Աբ­րա­համ Սար­կա­ւա­գը, ո­րոնք ե­ղան ա­ռա­ջին նա­հա­տակ­նե­րը Ղե­ւոն­դեանց Քա­հա­նա­յից։ Նոյն օ­րե­րուն, 454-ի Յու­լի­սի սկիզբ­նե­րը, սուր­հան­դակ ղրկուե­ցաւ Խու­ժաս­տա­նի կու­սա­կա­լին, որ­պէս­զի գլխա­տել տայ այն­տեղ բան­տար­կուած Թա­թիկ Ե­պիս­կո­պո­սը։ Մնա­ցեալ վե­ցը տա­րուե­ցան Ռե­ւան քա­ղա­քը, ուր դա­տա­ւոր նշա­նա­կուած Դեն­շա­պուհ ա­նուն իշ­խա­նա­ւոր մը դա­տաս­տա­նա­կան ա­տեան մը կազ­մեց եւ վեր­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով ու­րա­ցու­թեան հրա­ւի­րեց զա­նոնք։ Պա­տաս­խա­նը բնա­կա­նա­բար ե­ղաւ մեր­ժո­ղա­կան, ուս­տի ան­լուր եւ վայ­րագ չար­չա­րան­քէ ետք գլխա­տուե­ցան ե­րա­նե­լի­նե­րը։

Այս­պէս վերջ կը գտնէ կեան­քը Ոս­կե­դա­րու հո­յա­կապ սե­րուն­դէն խումբ մը եւս ար­ժա­նա­ւոր­նե­րու։ Նա­հա­տա­կու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կա­կից սե­րուն­դին եւ ա­նոնց մի­ջո­ցաւ մե­զի հա­սած է Խու­ժիկ ա­նուն պար­սիկ գաղտ­նի քրիս­տո­նեա­յի մը վկա­յու­թեամբ, որ ծպտեալ իբ­րեւ վա­ճա­ռա­կան վստա­հու­թիւ­նը շա­հե­լով Դեն­շա­պու­հին, ա­կա­նա­տես ե­ղած է սպան­դին եւ ա­կան­ջա­լուր՝ մար­տի­րոս­նե­րու վեր­ջին խօս­քե­րուն. «Եւ այս­պէս Յազ­կեր­տի թա­գա­ւո­րու­թեան 16-րդ տա­րին, հրո­տից ամ­սի 27-ին, պսա­կուե­ցան սուրբ վե­ցե­րը… Ա­պար աշ­խար­հին մէջ, մօտ Ռե­ւան կո­չուած գիւ­ղին։ Ու Ար­շա­ւիր Կամ­սա­րա­կան հար­ցու­փոր­ձե­լով ե­րա­նե­լի Խու­ժի­կը, եւ լսե­լով ան­կէ՝ պատ­մեց մե­զի իւ­րա­քան­չիւ­րին խօս­քը եւ սուր­բե­րուն վախ­ճա­նը եւ մենք ալ գրե­ցինք ստու­գու­թիւ­նը» (Ղա­զար Փար­պե­ցի)։

ՊԵՐՃ ՄԱՍ­ԼԱՔ

Երեքշաբթի, Փետրուար 21, 2017