ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՁԵՌՆԱՐԿ՝ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԱՅՐԵՆԻԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ
Երէկ, Էսաեան վարժարանի մէջ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ՝ Համաշխարհային մայրենիի օրուան առթիւ։ Սովորական ձեւաչափէ դուրս կազմակերպուած էր մայրենիին ձօնուած օրուան յայտագիրը։ Էսաեանցիները օգտագործեցին ամբողջ դպրոցի շէնքը՝ փոխանցելու համար այն պատգամը, որ կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ կարելի է օգտագործել մայրենին։ Ծրագրի պատրաստութիւնը վերահսկած էին հայերէնի ուսուցչուհիներ՝ Արմաւենի Միրօղլու, Մարալ Էպէօղլու Սաթար եւ Սեսիլ Տեմիրճի Քարահիսարիտիս։ Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ ամբողջ ուսուցչական կազմը մասնակցութիւն բերին աշակերտներու գործադրած յայտագրին՝ խրախուսելով անոնց եռանդը։ Տղաքը հանդէս եկան զանազան ելոյթներով, որոնց առընթեր տեղի ունեցան բառախաղեր, դպրոցի աստիճաններուն վրայ եւ նրբանցքներուն մէջ ներկայացուեցան հայերէնով իմաստալից պատգամներ ցոլացնող կարգախօսներ։
Յայտագրի ընթացքին արտասանեցին՝ Ալպերթ Միսաքեան, Այգ Նալպանտեան, Նայիրի Տելկի, Անդրանիկ Պաքըրճըօղլու, Աննա Իվանեան, Մարկարիթա Սարտարեան։
Պարեր ներկայացուցին՝ Նենսի Տինկիլլիօղլու, Նաթալի Պարսամեան։
Երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան՝ Էտկար Իգիթեան (կիթառ), Առլին Տուման, Լարիսսա Եըլմազ, Նայիրի Պիւյիւքսիմքէշեան։