ՄԱՐԳԱՐԻՏԷ ԱՃՈՒՐԴ

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան վեր­ջին նիս­տե­րէն մէ­կուն ըն­թաց­քին քննարկ­ման դրուե­ցաւ իւ­րա­յա­տուկ ո­րո­շում մը: Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շած է վա­ճառ­քի հա­նել պե­տա­կան գան­ձա­րա­նի մէջ պա­հուող մար­գա­րիտ­նե­րը, այն հի­ման վրայ, որ մար­գա­րիտ պա­հե­լը ար­դիւ­նա­ւէտ ու նպա­տա­կա­յար­մար չէ, քա­նի որ մեծ ծախ­սեր կը պա­հան­ջէ, իսկ թան­կար­ժէք այդ քա­րը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կ՚են­թար­կուի քայ­քայ­ման, փճաց­ման եւ չո­րաց­ման, կը կորսնց­նէ իր ապ­րան­քա­յին տեսքն ու ար­ժէ­քը: Ո­րո­շուած է ա­ճուր­դի դնել պե­տա­կան գան­ձա­րա­նին մէջ պա­հուող 102 քի­լօկ­րամ 793 կրամ մար­գա­րիտ­նե­րը եւ վա­ճառ­քէն ստա­ցուած գու­մա­րը ուղ­ղել պե­տա­կան պիւ­ճէ: Գան­ձա­րա­նի պե­տը ը­սած է, որ վեր­ջին քսան տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին գան­ձա­րա­նէն մէկ հա­տիկ մար­գա­րիտ դուրս չէ ե­կած եւ չէ վա­ճա­ռուած: Իսկ ինչ­պէ՞ս 100 քի­լօկ­րա­մէն ա­ւե­լի մար­գա­րիտ­նե­րը յայտ­նուած են պե­տա­կան գան­ձա­րա­նին մէջ:

1990-ա­կան­նե­րուն, երբ աշ­խար­հի մէջ նո­րոյթ էր մար­գա­րի­տը, մի ոմն փոր­ձած է բա­ւա­կան մեծ քա­նա­կու­թեամբ մար­գա­րիտ ներ­մու­ծել Հա­յաս­տան մաք­սա­նեն­գի ճա­նա­պար­հով: Պե­տու­թիւ­նը բռնագ­րա­ւած է մար­գա­րի­տի հա­տիկ­նե­րը եւ զա­նոնք ղրկած՝ պե­տա­կան գան­ձա­րան:

Պե­տու­թեան կող­մէ ա­ճուր­դի դրուե­լիք մար­գա­րի­տի մէկ կրա­մի մեկ­նար­կա­յին գի­նը կը սկսի 60 հայ­կա­կան դրա­մէն: Այս պա­հուս մօտ 102 քի­լօկ­րամ մար­գա­րիտ­նե­րը գնա­հա­տուած են մօտ 13 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լա­րով: Բայց այս մէ­կը մեկ­նար­կա­յին գին է, որ կրնայ բարձ­րա­նալ ա­ճուր­դի ժա­մա­նակ: Ա­ճուր­դը յանձ­նա­րա­րուած է Պե­տա­կան գոյ­քի կա­ռա­վար­ման նա­խա­րա­րու­թեան, որ իր կար­գին յայ­տա­րա­րած է, թէ բաց եւ հրա­պա­րա­կա­յին ա­ճուրդ մը պի­տի կազ­մա­կեր­պուի: Աս­կէ ա­ռաջ՝ 2012-2013 թուա­կան­նե­րուն ան­գամ մը եւս պե­տա­կան մար­գա­րիտ­նե­րը վա­ճա­ռե­լու ո­րո­շում առ­նուած էր, սա­կայն մի­ջազ­գա­յին շու­կա­յին մէջ այդ տա­րին թան­կար­ժէք քա­րե­րու եւ մե­տաղ­նե­րու գի­նե­րուն նուազ­ման պատ­ճա­ռով կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կա­սե­ցու­ցած էր այդ ո­րո­շու­մը:

Նշենք, որ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան գան­ձա­րա­նէն ներս գտնուող մար­գա­րիտ­նե­րը ա­ճե­ցուած են: Ա­նոնք կը պա­հուին կա­յուն +17, +18 ջեր­մաս­տի­ճա­նի տակ եւ ա­րե­ւի լոյս պէտք չէ տես­նեն:

Ի տար­բե­րու­թիւն բնա­կան մար­գա­րիտ­նե­րու, ա­ճե­ցուած մար­գա­րիտ­նե­րը զա­նա­զան խո­չըն­դոտ­նե­րու են­թար­կուե­լով շատ ա­ւե­լի դժուար մէջ­տեղ կու գան: Հա­զար խե­ցի­նե­րէն կէ­սին մէջ միայն կը զե­տե­ղուի օ­տար մար­մին, կը հանգ­չին՝ չդի­մա­նա­լով այդ ներ­խուժ­ման, որ­մէ 20 տո­կո­սը եւս կը մա­հա­նայ այն եր­կու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, երբ տե­ղի կ­­՚ու­նե­նայ մար­գա­րի­տին ա­ճու­մը։ Մինչ եր­բեմն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ մար­գար­տա­բեր խե­ցի­նե­րու զան­գուա­ծա­յին մահ: Մեր օ­րե­րուն, երբ մար­գա­րի­տը նո­րա­ձե­ւու­թեան մէջ տա­կա­ւին առ­կայ է ու կը մնայ չա­փա­զանց կա­րե­ւոր քար, շատ յար­գի են ա­ճե­ցուած մար­գա­րիտ­նե­րը, ո­րոնք նոյն­քան գե­ղե­ցիկ են եւ բնա­կան փայլք ու­նին, որ­քան՝ բնա­կան­նե­րը: Բնա­կան մար­գա­րիտ­նե­րու՝ 7-8 մմ. տ­­րա­մա­գի­ծով մէկ հա­տի­կը կը գնա­հա­տուի քա­նի մը հա­զար եւ­րո­յով։ Իսկ ա­ճե­ցուած մար­գա­րիտ­նե­րուն գի­նե­րը այդ գի­նէն շատ ա­ւե­լի ցած են: Ճա­բո­նա­կան, եր­բեմն նաեւ՝ աւստ­րա­լա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու կող­մէ ստեղ­ծուած ար­հես­տա­կան մար­գա­րիտ­նե­րը կը կազ­մեն ողջ աշ­խար­հին մէջ սպա­ռող մար­գա­րիտ­նե­րու վա­ճառ­քի ծա­ւա­լին 90 տո­կո­սը։ Այ­սօր երկ­րա­գուն­դը հա­մա­կած մար­գար­տա­մո­լու­թեան պայ­ման­նե­րուն տակ, այն­քան ալ կա­րե­ւո­րու­թիւն չի տրուիր ա­նոր ծա­գու­մին. մար­գա­րիտ­նե­րու վա­ճառ­քով զբա­ղող Golary նշա­նա­ւոր ըն­կե­րու­թեան նա­խա­գա­հը կ­­՚ը­սէ, որ ա­ճե­ցուած մար­գա­րի­տը բնա­կա­նէն կը տար­բե­րի այն­քան, որ­քան այ­գիի մէջ ա­ճե­ցուած ծա­ղի­կը՝ լե­րան գա­գա­թին բու­սա­ծէն։ Ի դէպ, միայն Golary-ի մէջ տա­րե­կան կ­­՚ա­ճե­ցուի մօտ 400 քի­լօկ­րամ մար­գա­րիտ, որ­մէ միայն հա­տըն­տիր մար­գա­րիտ­ներն են, ո­րոնք կը գոր­ծա­ծուին ոս­կեր­չա­կան գլուխ գոր­ծոց­ներ ստեղ­ծե­լու հա­մար։

Մեր երկ­րի գան­ձա­րա­նէն ներս քա­ռորդ դա­րէ ա­ւե­լի պա­հուող զա­նա­զան չա­փե­րու եւ ե­րանգ­նե­րու մար­գա­րիտ­նե­րը կա­պոյտ, ճեր­մակ եւ կաթ­նա­գոյն են:

*

Բնա­կան մար­գա­րի­տը կ­­՚ար­տադ­րուի կակ­ղա­մորթ­նե­րու խե­ցի­նե­րուն մէջ: Ան կը նկա­տուի բնու­թեան պար­գե­ւած ա­մե­նէն գե­ղե­ցիկ քա­րե­րէն մին, եւ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ան խե­ցի­նե­րու մարմ­նին մէջ զար­գա­ցող գնդա­ձեւ կամ ան­կա­նոն գո­յա­ցում մըն է, որ կազ­մուած է նոյն խե­ցիին նիւ­թէն, այ­սինքն՝ ած­խաթ­թուա­յին կրա­ծի­նէն: Մար­գա­րի­տը կը յա­ռա­ջա­նայ խե­ցիին մէջ կողմ­նա­կի ա­ռար­կայ մը (օ­րի­նակ՝ ա­ւա­զա­հա­տիկ) իյ­նա­լու պա­րա­գա­յին, երբ ա­նոր շուր­ջը կը սկսի կու­տա­կուիլ սա­տա­փը։ Իր ար­տա­քին գրա­ւիչ տես­քին եւ որ­սին դժուա­րու­թեան պատ­ճա­ռով դա­րեր շա­րու­նակ այս գո­հա­րը դա­սուած է թան­կար­ժէք քա­րե­րու կար­գին եւ գոր­ծա­ծուած է զար­դե­րու մէջ։ Այ­սօր ժա­մա­նա­կա­կից նո­րա­ձե­ւու­թիւ­նը ան­կա­րե­լի է պատ­կե­րաց­նել ա­ռանց մար­գա­րի­տի: Հա­գուս­տի, կա­նանց պճնան­քի ի­րե­րուն եւ նոյ­նիսկ հո­գե­ւո­րա­կա­նու­թեան հան­դեր­ձան­քի զար­դար­ման հա­մար մար­գա­րիտ­նե­րը կը նկա­տուին լա­ւա­գոյն ու նա­խընտ­րե­լի քա­րե­րէն: «Մար­գա­րի­տ» բա­ռը բազ­մա­թիւ մշա­կոյթ­նե­րու մէջ ստա­ցած է նաեւ փո­խա­բե­րա­կան ի­մաստ՝ հա­զուա­դէպ, հիա­նա­լի եւ ցան­կա­լի բան մը բնու­թագ­րե­լու հա­մար: Ծո­վու ու ով­կիա­նոս­նե­րու խոր­քե­րէն զար­դե­րու վե­րա­ծուած մար­գա­րիտ­ներ հա­նե­լը այն­քան ալ դիւ­րին չէ: Մար­գար­տոր­սը վտան­գա­ւոր եւ դըժ-ւար զբա­ղում մըն է, ո­րու ըն­թաց­քին մար­գա­րիտ հա­նո­ղը կրնայ իր կեան­քը վտան­գի են­թար­կել ջու­րե­րուն խո­րե­րը լո­ղա­լու մի­ջո­ցին:

«Որ­սորդ­նե­րը» զայն ձեռք բե­րե­լու հա­մար նախ ծո­վե­րու յա­տակ­նե­րէն կը հա­ւա­քեն փափ­կա­մորթ­նե­րը եւ ափ հաս­նե­լէ ետք է, որ կը բա­նան ա­նոնց խե­ցի­նե­րը։ Սո­վո­րա­բար ե­րե­սուն-քա­ռա­սուն խե­ցի­նե­րէն միայն մէ­կուն մէջ կ­­՚ըլ­լայ մար­գա­րիտ։ Կը պա­տա­հի նաեւ, որ մէկ խե­ցիի մէջ կրնայ ըլ­լալ եր­կու-ե­րեք կամ նոյ­նիսկ ա­ւե­լի մար­գար­տա­հա­տիկ­ներ։

Մար­գա­րի­տի չա­փերն ու գոյ­նե­րը այն­քան բազ­մա­զան են, որ զայն մշա­կող­նե­րուն եւ վա­ճա­ռող­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տան տար­բեր ձե­ւե­րով վա­ճա­ռե­լու, իսկ գոր­ծա­ծող­ներն ալ կրնան նա­խընտ­րու­թիւն ու­նե­նալ գոյ­նե­րու մէջ: Բնու­թեան մէջ կ՚ըլ­լան ա­սե­ղի գլխու չա­փէն մին­չեւ թռչու­նի հաւ­կի­թի չափ ու­նե­ցող մար­գա­րիտ­ներ։ Առ այ­սօր գտնուած 450 քա­րատ մե­ծու­թեամբ ա­մե­նէն մեծ մար­գա­րի­տը կը պա­հուի Լոն­տո­նի Երկ­րա­բա­նա­կան թան­գա­րա­նէն ներս։ Նոյ­նինքն անգ­լիա­կան ար­քա­յա­կան թա­գը կը զար­դա­րեն նաեւ ա­մե­նէն նշա­նա­ւոր սեւ մար­գա­րիտ­նե­րը, սա­կայն հիմ­նա­կան գոյ­նը, որ­ով մար­գա­րի­տը հռչա­կուած է աշ­խար­հի մէջ, ճեր­մակն է՝ իր զա­նա­զան ե­րանգ­նե­րով, կան նաեւ դեղ­նա­ւուն, սե­րուց­քա­գոյն, ար­ծա­թա­գոյն, ոս­կե­գոյն, մոխ­րա­գոյն, երկ­նա­գոյն եւ վար­դա­գոյն մար­գա­րիտ­ներ: Վի­ճա­կագ­րու­թիւ­նը փաս­տած է, որ վար­դա­գոյն մար­գա­րի­տը կը տես­նուի տա­սը հա­զար խե­ցի­նե­րէն միայն մէ­կուն մէջ եւ գտնուած­նե­րէն միայն ա­մէն տաս­նե­րորդն է, որ ոս­կեր­չա­կան ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ, ուս­տի այդ գոյ­նը շատ պա­հան­ջուած է:

Աշ­խար­հի մէջ տա­րե­կան կ­­՚որ­սա­ցուի 500-800 վար­դա­գոյն մար­գա­րիտ, ո­րոնք վա­ճառ­քի կը դրուին միայն հսկա­յա­կան գու­մար­նե­րու փո­խա­րէն։

Ըստ ձե­ւի մար­գա­րիտ­նե­րը ծո­վե­րու, գե­տե­րու կամ այլ ջրա­յին տա­րածք­նե­րու յա­տա­կին, ոստ­րէի մէջ փա­կուած կ­­՚ըլ­լան, կրնան ըլ­լալ նաեւ կա­նո­նա­ւոր, գնդա­ձեւ, կի­սագն­դա­ձեւ, եր­կա­րա­ւուն, ար­ցուն­քա­ձեւ, ինչ­պէս նաեւ՝ գոր­տի կամ ձիու գլուխ յի­շեց­նող: Այս մէ­կը կը վե­րա­բե­րի բնա­կան եւ ար­հես­տա­կան մար­գա­րիտ­նե­րուն հա­ւա­սա­րա­պէս։ Ա­ճե­ցուած մար­գա­րիտն ալ, ի վեր­ջոյ, բնա­կան է, չէ՞ որ խե­ցիին ներ­սը պա­տուաս­տում կա­տա­րե­լէ ետք ան կրկին ջուր կ­­՚ի­ջե­ցուի եւ հոն կ­­՚ըն­թա­նայ իր բնա­կան ա­ճը:

*

Գա­լով Հա­յաս­տան ա­նօ­րէն կեր­պով ներ­մու­ծուած մար­գա­րիտ­նե­րուն, ը­սինք, որ ա­նոնք մեր եր­կի­րը բե­րուած են այն տա­րի­նե­րուն (90-ա­կան­նե­րուն), երբ աշ­խար­հի մէջ մար­գա­րի­տի նո­րոյթ կար, եւ այդ մէ­կը ա­ւե­լի կը տա­րա­ծուէր փոփ-ար­թի մի­ջո­ցաւ: Նոյն այդ տա­րի­նե­րուն Մա­տո­ննան իր Like a Virgin տե­սա­հո­լո­վա­կին մէջ ամ­բողջ աշ­խար­հի աչ­քին առ­ջեւ յայտ­նուե­ցաւ մար­գար­տեայ եր­կար վզնո­ցով, ա­մե­րի­կա­ցի եր­գիչ եւ ե­րա­ժիշտ Փրին­սը թո­ղար­կեց իր 13-րդ ալ­պո­մը՝ Diamonds and Pearls խո­րագ­րով:

 21-րդ դա­րուն մար­գա­րի­տը հրա­պու­րան­քի խորհր­դա­նիշ դար­ձուց Սքար­լէթ Եո­հան­սո­ն՝ «Մար­գար­ի­տէ օ­ղով աղ­ջի­կը» շար­ժան­կա­րի դե­րա­կա­տա­րու­հին: Մինչ այդ ար­դէն Քո­քօ Շա­նէ­լ իր հմայ­քին մէկ մա­սը դար­ձու­ցած էր մար­գա­րի­տը, իսկ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ա­ռա­ջին տի­կին­նե­րէն Ժագ­լին Քե­նե­տին կա­տա­րե­լու­թեան հաս­ցու­ցած էր զայն իր բարձ­րաշ­խար­հիկ հան­դեր­ձան­քին մէջ:

Գե­ղան­կար­չու­թեան մէջ հռչա­կա­ւոր է հո­լան­տա­ցի նկա­րիչ Եան Վեր­մէ­րի մօ­տա­ւո­րա­պէս 1665 թուա­կա­նին վե­րագ­րուող գե­ղան­կա­րը՝ «Մար­գա­րի­տէ աօ­ղով աղ­ջի­կը», ո­րուն կեր­պա­րը հե­տա­գա­յին շատ ա­րուես­տա­գէտ­ներ ներշն­չած է եւ ա­նոնք նմա­նօ­րի­նա­կու­թեամբ ստեղ­ծած են ա­րուես­տի գլուխ գոր­ծոց­ներ, ո­րոնց մէջ շեշ­տած են կնոջ մար­գար­տէ օ­ղը:

Ըստ մաս­նա­գէտ­նե­րու, մար­գա­րի­տը պէտք է կրել, սխալ է զայն պա­հել դա­րակ­նե­րու մէջ, քա­նի որ այդ­պէս ա­նոնք կը կորսնց­նեն ի­րենց փայլքն ու հմայ­քը: Ճիշդ խնամ­քի եւ ա­նընդ­հատ կրե­լու պա­րա­գա­յին մար­գա­րի­տին կեան­քը կա­րե­լի է եր­կա­րել մին­չեւ 200 տա­րի:

Շու­տով Հա­յաս­տա­նի մէջ պա­հուող մար­գա­րիտ­նե­րը նոր տէ­րեր կ­­՚ու­նե­նան, դուրս կ­­՚ել­լեն ի­րենց քսան տա­րի­նե­րու խու­ցէն եւ կը դառ­նան զարդ, հա­գուս­տի մաս կամ ալ նոր յօ­րի­նում մը։

Հե­տաքրք­րա­կան փաս­տեր մար­գա­րի­տի մա­սին

 Ժա­մա­նա­կին մար­գա­րի­տը թա­լիս­ման (հու­ռութք) կը նկա­տուէր, որ իր տի­րոջ սէր կը բե­րէր, կը պաշտ­պա­նէր չար աչ­քէն եւ բա­ցա­սա­կան ազ­դե­ցու­թե­նէն, նոյ­նիսկ՝ գո­ղե­րէն եւ ա­ւա­զակ­նե­րէն: Սա­կայն ան կը կորսնց­նէր պաշտ­պա­նո­ղի իր յատ­կու­թիւ­նը, ե­թէ նուի­րուէր ու­րի­շի մը: Ա­ւե­լի՛ն, յայտ­նուե­լով ա­նար­ժան մար­դու մը ձեռ­քե­րուն մէջ, մար­գա­րի­տը կը փո­խէր իր գոյ­նը եւ կամ կը փշրուէր: Այդ իսկ պատ­ճա­ռով այս քա­րը եր­բեմն ա­նուա­նած են նաեւ «կա­րօ­տի ար­ցունք­նե­ր»:

Ո­մանց կար­ծի­քով, մար­գա­րի­տը նպաս­տա­ւոր է նաեւ պայ­ծա­ռա­տե­սու­թեան հա­մար:

Այս թան­կա­գին քա­րը կրնայ ծա­ռա­յել նաեւ որ­պէս ա­ռող­ջու­թեան ցու­ցիչ. ե­թէ մար­գա­րի­տին գոյ­նը կը խամ­րի, այդ մէ­կը կրնայ վկա­յել օր­կա­նիզ­մի հի­ւան­դու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

Մար­գա­րիտ պա­րու­նա­կող բու­ժա­կան մի­ջոց­նե­րը կը նպաս­տեն նիւ­թա­փո­խա­նա­կու­թեան, մոր­թա­յին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու բուժ­ման, կ­­՚ամ­րաց­նեն ա­տամ­նե­րը, սրտամ­կա­նա­յին հա­մա­կար­գը, կը մաք­րեն ա­րիւ­նը: Մար­գա­րի­տով ջու­րը կը բու­ժէ նաեւ կի­նե­րու հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ ա­կան­ջա­ցաւ, գլխա­ցաւ, կը մեղ­մաց­նէ հո­գե­կան տագ­նապ­նե­րը: Օգ­տա­կար է այդ­պի­սի ջու­րով դեղ խմել, կամ ալ բու­սա­կան ե­փուկ­ներ պատ­րաս­տել: Այդ ջու­րը կա­րե­լի է օգ­տա­գոր­ծել նաեւ բոյ­սե­րը ջրե­լու հա­մար:

Մար­գար­տա­թե­լե­րէ պատ­րաս­տուած գլխու զար­դա­րան­քը կը նպաս­տէ ներ­քին օր­կան­նե­րու կարգ մը հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու մեղ­մաց­ման, օ­րի­նակ՝ ե­րի­կամ­նե­րու, փայ­ծա­ղի, մի­զա­տար ու­ղի­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ՝ զգայ­նու­թեան տեն­դի: Մար­գա­րիտ­նե­րը նաեւ ու­նին մե­լա­մաղ­ձո­տու­թիւ­նը վա­նող յատ­կու­թիւն:

Ա­նոնք ո­րոնք աչ­քե­րու հետ կա­պուած խնդիր­ներ ու­նին, օգ­տա­կար է նա­յիլ մար­գա­րի­տին. ա­նոր գու­նա­խա­ղը բա­րեն­պաստ ձե­ւով կ՚ազ­դէ տե­սո­ղու­թեան վրայ:

Ի դէպ, խոր­հուրդ չի տրուիր մար­գար­ի­տէ զար­դը այլ զար­դե­րու հետ պա­հել: Ան պէտք է պա­հել ա­ռան­ձին՝ փա­փուկ կտո­րի մէջ փաթ­թուած:

Ա­մե­րի­կա­ցի երգ­չու­հի, պա­րու­հի, բարձ­րաշ­խար­հիկ տի­կին Փե­կի Հոփ­քինզ Ճոյ­սը՝ ստի­պած է իր ա­մու­սի­նը ե­րեք հա­րիւր հա­զար տո­լար ծախ­սել ոչ թէ հեր­թա­կան զբօ­սա­նա­ւի մը հա­մար, այլ իր քմա­հա­ճոյ­քին՝ ե­րեք մեթր մար­գար­տա­շա­րի վրայ, ան կը սի­րէր կրկնել ու միշտ ալ կը կրկնէր. «Զբօ­սա­նա­ւե­րէն եր­բեմն սիրտս կը խառ­նուի, մար­գա­րիտ­նե­րէն՝ եր­բե­ք»։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Փետրուար 23, 2017