Մայրավանքի մէջ…
Ո՛վ գիտէ՝ քանիերորդ անգամն է, որ կ՚այցելեմ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Աւելի քան քսան տարիէ ի վեր կանոնաւոր պարբերութեամբ կու գամ այս նուիրական վայրը։ Իւրաքանչիւր անգամ ինքնանորոգ երկիւղով մը կը խոնարհիմ Միածնաէջ սուրբ խորանին առջեւ։ Կը խաչակնգեմ վերանորոգ յուզումով։ Հոգիս կը խաղաղի այս սրբավայրին մէջ։ Սա հայոց սրբութիւն սրբոցն է։ Խտացեալ նուիրականութիւններու օրրան մը։ Սա հայոց հաւատի վէմն է, հայ ժողովուրդի արժեհամակարգին լուսաբեւեռ ամրոցը։
Ու դարձեալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եմ այս օրերուն։ Ձիւնածածկ է մայրավանքի տարածքը։ Սպիտակ համայնապատկերի մը վրայ կ՚ընթանայ կեանքը։ Ցուրտ է, սակայն հաւատի ջերմութիւնը՝ միշտ զգալի։ Այս անգամ ուխտի չեմ եկած։ Ժողովներու հետեւիլ կը ջանամ՝ տեղւոյն վրայ շնչելով մթնոլորտը։ Դժուար կ՚աշխատիմ. քար լռութիւն կը տիրէ ամէն կողմ։ Նման իրավիճակներու մէջ լրագրողները յանկարծ կը դառնան անբաղձալի մարդիկ։ Բարեկամներդ կը ջանան հեռու մնալ, ընկերներդ պահ մը կ՚օտարանան։ Լրագրական աշխատանքի բնոյթն է այս մէկը։
Մայրավանքի տարածքէն ներս կը շրջիմ՝ հեռաձայնս ի ձեռին։ Կը ջանամ հասնիլ մարդոց։ Ոմանք անհասանելի են, ոմանք ի վիճակի չեն խօսելու։ Մէկ կողմէ ալ լրատուամիջոցներ մեկնաբանութիւն կը հարցնեն։ Տակաւին չեմ խօսիր Պոլիսէն եկած հեռախօսազանգերուն մասին։ Հեռաձայնը ձեռքիս ման գալու ժամանակ ակամայ անտարբեր կը մնամ շրջապատի իրադարձութիւններուն հանդէպ։
Յանկարծ, տեսադաշտիս մէջ կը յայտնուի խաչ մը։ Յառաջացած տարիքով պարոն մը ինծի կ՚երկարէ խաչ մը։ Իր ձեռակերտն է, շատ նուրբ, բանուած ճաշակով։ Անկարելի է, որ կասեցնեմ հեռախօսազրոյցս։ Ազատ ձեռքովս գրպանէս դուրս կը բերեմ գումարը ու կ՚առնեմ ինծի երկարած այդ խաչը։
Պահ մը դադար կ՚առնէ բջիջային հեռաձայնս ու ես ուշադրութեամբ կը նայիմ այդ փայտակերտ փոքր խաչին։ Կեդրոնացումս կը ցրուի, թեթեւութիւն մը կը զգամ ու վերստին գրպանիս մէջ կը պահեմ այդ խաչը, որու շնորհիւ գործի տաղտուկէն ձերբազատուելով երէկ պահ մը անդրադարձայ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ եմ։
Վաղը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն մեր համայնքին համար ալ պիտի երկնցուի խաչ մը։ Մեր համայնքին ցոյց պիտի տրուի խորհրդաւոր բանալի մը։ Մայրավանքէն հասնելիք ազդանշանը կրնայ ըլլալ միայն ու միայն խաչի ճանապարհը։ Մեր համայնքն ալ, ապահովաբար, կ՚անդրադառնայ՝ որ իր տեսադաշտին մէջ յայտնուելիք այդ խաչը պէտք է արժեւորուի միասնականութեան ոգիով ու պէտք է արգասաւորուի անոր խորհուրդին ներթափանցելով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ