ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

«Բա­նը, որ էա­կից է Հօր, եւ հա­մա­գոյ Ս. Հո­գիին, մեր հո­ղա­նիւթ բնու­թեան հետ խառ­նեց իր պատ­կե­րը եւ փառ­քով զար­դա­րե­լով դրաւ հանգս­տա­ւէտ դրախ­տին մէջ։ … Հոն անխտ­րա­կան ու­րա­խու­թեամբ մար­դը զուար­ճա­նա­լով կը ցնծար, ո­րով­հե­տեւ միշտ զԱս­տուած կը տես­նէր՝ դրախտ ի­ջած»։

(Կա­նոն Բուն Բա­րե­կեն­դա­նի)
Շա­րա­կան

Բա­րե­կեն­դան, բա­րի եւ կեն­դա­նու­թիւն բարդ բա­ռե­րէ կազ­մուած բառ, որ կը նշա­նա­կէ ու­րա­խու­թիւն, խրա­ճանք, ճոխ եւ ա­ռատ ու­տե­լիք­նե­րով վա­յե­լե­լու օր։ Ա­տե­նօք Բա­րե­կեն­դա­նը եր­կու շա­բաթ­նե­րու վրայ տա­րա­ծուած՝ ըն­կե­րա­յին եւ ժո­ղովր­դա­կան տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րով կը նշուէր։

Ժո­ղովր­դա­յին լե­զուի մէջ Բա­րե­կեն­դան բա­ռը ու­նի այ­լե­ւայլ տար­բե­րակ­ներ, այս­պէս՝ Բա­րե­կեն­տանք, կամ Բար­կեն­տանք, Բա­րի Կեանք, նոյ­նիսկ ո­մանք այդ օր մեծ ու­րա­խու­թիւն­նե­րու օր կը կո­չէին։

Բուն Բա­րե­կեն­դա­նի տօ­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Մեծ Պահ­քի նա­խըն­թաց Կի­րա­կի օ­րը, եւ կը տօ­նախմ­բուի Փետ­րուար-Գար­նա­նա­մու­տին, որ հին հե­թա­նոս հա­յոց մօտ Մարտ ամ­սուան կը զու­գա­դի­պէր։ Տա­րուան այն ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին երբ երկ­րի ջեր­մու­թիւ­նը, խլրտա­ցող իր ըն­դերք­նե­րէն կեն­սա­ւոր-փթթու­մով իր զար­թօն­քը կ՚ապ­րի։ Ա­հա այս ե­րե­ւոյ­թը մեր նախ­նեաց հա­մար ա­ռիթ էր բնու­թեան մէջ Բա­րին եւ Կեն­դա­նու­թիւ­նը, Կեան­քը ա­ւե­տե­լու, եւ ու­րա­խու­թեամբ դի­մա­ւո­րե­լու նո­րո­գեալ Կեան­քը։ Միա­ժա­մա­նակ կը կա­տա­րուէին հե­թա­նո­սա­կան ծէ­սեր, խա­փա­նե­լու չա­րը, որ ապ­րող ուժ էր հա­կադ­րուած Բա­րիին։ Պէտք էր ա­ռաջ­քը առնուէր չա­րին, որ­պէս­զի ար­գելք չ՚ըլ­լար ան­դե­րու ար­գա­սա­բե­րու­թեան, մար­դոց եւ կեն­դա­նի­նե­րու ծննդա­բե­րու­թեանց։

Այս առ­թիւ, մաս­նա­ւո­րա­բար երկ­րա­գործ­ներ ա­ւար­տած ի­րենց դաշ­տե­րու եւ այ­գի­նե­րու վա­րու­ցա­նը կը դադ­րեց­նէին դաշ­տա­յին բա­ցօ­թեայ ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րը, կը կազ­մա­կեր­պուէին խրախ­ճանք­ներ, դի­մա­կա­հան­դէս­ներ, խա­ղեր եւ տո­ղանցք­ներ։

Բուն Բա­րե­կեն­դա­նի նա­խորդ օ­րը՝ Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան, ժա­մեր­գու­թե­նէ ետք, ե­կե­ղեց­ւոյ վա­րա­գոյ­րը կը փա­կուի ու այդ­պէս շա­րու­նակ կը մնայ մին­չեւ Ս. Զա­տիկ։ Միայն ե­թէ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նուա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը կամ այլ կա­րե­ւոր սրբոց տօն մը քա­ռաս­նօ­րեայ այդ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին հան­դի­պի՝ վա­րա­գոյ­րը կը բա­ցուի հան­դի­սա­ւոր բաց պա­տա­րագ մա­տու­ցուե­լու հա­մար։

Բա­րե­կեն­դա­նի կամ բա­րե­կեն­դա­նա­կան օ­րե­րը կը յատ­կան­շուէին ա­տե­նօք, ճոխ սե­ղան­նե­րու լիա­ռատ ըն­տա­նե­կան հա­ւա­քոյթ­նե­րով, նշա­նա­խօ­սու­թիւն­նե­րով, ըն­կե­րա­յին հա­ճե­լի ե­րե­ւոյթ­նե­րով, մար­զա­կան պա­րապ­մունք­նե­րով, ու­ժի եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կա­րո­ղու­թեանց ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րով, ըմբ­շա­մար­տե­րով թէ այլ այ­լա­զան զուար­թա­ռիթ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով։

Բուն Բա­րե­կեն­դա­նի երկ­շա­բաթ ու­րա­խա­լի օ­րե­րուն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եր­գուող շա­րա­կան­նե­րը մե­զի կը վեր­յի­շեց­նեն նա­խա­մար­դու Ա­դա­մի գե­րեր­ջա­նիկ դրախ­տա­յին կեան­քը Աս­տու­ծոյ ան­մի­ջա­կան լոյս ներ­կա­յու­թեամբ ներ­թա­փան­ցեալ։ «Ցնծայր զուար­ճա­ցեալ անխտ­րա­կան խնդու­թեամբ, քան­զի զԱս­տուած տե­սա­նէր միշտ խո­նար­հեալ ի դրախ­տին, յոր­մէ զլու­սոյն ճա­ռա­գայթ տպա­ւո­րէր ի յին­քեան։ … Այ­սօր ի խոր­հուրդ աս­տուա­ծաս­տեղծ նա­խա­հօրն, որ ի պտղւոյն ա­դի­նայ ճա­շա­կե­լով զուար­ճա­նայր» (Կա­նոն Բուն Բա­րե­կեն­դա­նի)։ Բա­րե­կեն­դա­նի տօ­նա­կան օ­րե­րուն նա­խա­մար­դու սկզբնա­կան ա­զա­տու­թիւն­ներն ու վա­յելք­նե­րը եւ ա­ռանձ­նաշնոր­հում­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­լու, վե­րագտ­նե­լու կամ վերս­տեղ­ծե­լու գա­ղա­փարն է որ կը շեշ­տուի։ Միա­ժա­մա­նակ ա­զա­տօ­րէն ար­տա­յայ­տուե­լու եւ քննա­դա­տե­լու իշ­խող կրօ­նա­կան թէ քա­ղա­քա­կան հե­ղի­նա­կու­թիւն­նե­րը, խոր­քը կը կազ­մէին բա­րե­կեն­դա­նա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց, ինչ որ ընդ­հան­րա­պէս եր­գի­ծա­խառն ո­ճի օգ­տա­գոր­ծու­մով կը կա­տա­րուէր։

Բա­րե­կեն­դա­նը եւ­րո­պա­կան կամ ա­րեւմ­տեան ժո­ղո­վուրդ­նե­րու լե­զուին մէջ կը կո­չուի՝ քար­նա­վալ։ Ո­րու ըն­թաց­քին բա­ցա­ռիկ շու­քով տօ­նը կը կազ­մա­կեր­պուի հան­դի­սա­ւոր եւ հե­տաքրք­րա­կան տո­ղանցք­նե­րով, ժո­ղովր­դա­յին պա­րե­րով եւ խրախ­ճանք­նե­րով։

Բա­րե­կեն­դա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րը կը յատ­կան­շուին նաեւ հրա­պա­րա­կա­յին դի­մա­կա­խա­ղե­րով։ Դի­մա­կը ո­գե­պաշ­տու­թե­նէ ե­կած կրօ­նա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է, որ կը խորհր­դան­շէ պաշ­տուած սրբա­զան կեն­դա­նի­նե­րու ո­գիով լե­ցուիլ, ա­նոնց գերբ­նա­կան ու­ժը ու­նե­նալ՝ դէմ դնե­լու չա­րի­քին եւ փոր­ձանք­նե­րու։

Բա­րե­կեն­դա­նը կը կար­ծուի, թէ հին Ադ­դի­սա­կան տօ­նե­րու մէկ մնա­ցոր­դա­ցը ըլ­լայ, այդ­պէս կ՚եզ­րա­կաց­նէ Նի­կո­ղա­յոս Ա­դոնց, զոր բնու­թեան ըն­դերք­նե­րէն, գու­նա­զարդ շքե­ղու­թեամբ զարթ­նող աս­տուա­ծու­հիին յա­րու­թիւ­նը կ՚ա­ւե­տէ։ Իսկ Ա. Շ. Մնա­ցա­կա­նեա­նը իր «Հայ­կա­կան զար­դա­րուես­տը» հա­տո­րին մէջ, երբ կը խօ­սի դի­մա­կա­ւո­րուե­լու մա­սին, զայն կը կա­պէ հայ­կա­կան շատ հին կրօ­նա­կան հա­ւա­տա­լիք­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ որ­սոր­դու­թեան, թա­տե­րա­կան խա­ղե­րու, նա­ւա­սար­դեան թէ այլ տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց, սրա­խա­ղե­րու եւ մրցա­խա­ղե­րու, ո­րոնց ըն­թաց­քին բնա­կան ե­րե­ւոյթ էր կ՚ը­սէ, դի­մա­կի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը։

Բա­րե­կեն­դա­նի տօ­նին դի­մա­կա­ւո­րուի­լը, հայ հին ո­գե­պաշ­տա­կան կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու մաս կը կազ­մէր։ Քրիս­տո­նէու­թիւ­նը հե­տա­գա­յին չկա­րո­ղա­ցաւ ար­գելք հան­դի­սա­նալ կրօ­նա­կան ժո­ղովր­դա­յին ար­տա­յայտ­չա­կան կեր­պե­րուն, այլ՝ տուաւ նոր ի­մաստ եւ քրիս­տո­նէա­կան տա­րազ, ինչ­պէս ը­րած էր հե­թա­նո­սա­կան Տեառ­նըն­դա­ռա­ջի, Վար­դա­վա­ռի կամ այլ տօ­նե­րու պա­րա­գա­յին։ Ո­րով­հե­տեւ այդ տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ժո­ղո­վուր­դը ինքն էր, որ կը մաս­նակ­ցէր կազ­մա­կեր­պուած խա­ղե­րուն եւ խրախ­ճանք­նե­րուն։ Իսկ երկ­րի ա­ւա­գա­նիին, թա­գա­ւո­րի եւ բա­նա­կի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը՝ յա­տուկ շքե­ղու­թիւն կու տա­յին այդ հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն։

Բա­րե­կեն­դա­նի խրախ­ճան­քի, զուար­ճու­թեան զա­նա­զան ձե­ւե­րը ժո­ղո­վուր­դը դա­րեր շա­րու­նակ պա­հած է, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց մէջ տե­սած է իր ա­ռօ­րեայ միա­տե­սակ, միա­պա­ղաղ կեան­քի շրջա­գի­ծէն դուրս գա­լը։

Բա­րե­կեն­դա­նի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն, նոյ­նիսկ վան­քե­րու մէջ քրիս­տո­նէա­կան կրօ­նը չէ կրցած ա­ռաջ­քը առ­նել, այլ՝ այն­տեղ եւս վա­նա­կան­ներ ա­ղօթ­քի եւ խո­կու­մի ա­մէ­նօ­րեայ անհ­րա­ժեշ­տու­թե­նէ դուրս ել­լե­լով ո­րոշ ա­զա­տու­թիւն­ներ կը վա­յե­լէին, եւ այդ օ­րը կը կո­չուէր Ա­բե­ղա­թող։

Բա­րե­կեն­դա­նի Շա­բաթ եւ Կի­րա­կի օ­րե­րը, սար­կա­ւագ, ա­բե­ղայ, վար­դա­պետ թէ ե­պիս­կո­պոս ի­րա­րու կը հա­ւա­սա­րէին, ա­մէն­քը ի­րա­րու հա­ւա­սար ու­տող, խմող, պա­րող եւ զուար­ճա­ցող կը դառ­նա­յին։ Եր­բեմն ա­շուղ­ներ ալ ի­րենց սա­զե­րով կը մաս­նակ­ցէին վա­նա­կան այս ան­մեղ բա­րե­կեն­դա­նա­կան զուար­ճու­թեանց։

Բա­րե­կեն­դա­նի խրախ­ճանք­նե­րը ինչ­պէս յի­շե­ցինք, ժա­մա­նա­կին գիւ­ղե­րու, ա­ւան­նե­րու եւ քա­ղաք­նե­րու մէջ զա­նա­զան ձե­ւե­րով եւ յար­մա­րու­թիւն­նե­րով, եր­բեմն տեղ մը ա­ւե­լի, այլ տեղ մը նուազ ճո­խու­թիւն­նե­րով տե­ղի կ՚ու­նե­նա­յին։ Բա­րե­կեն­դա­նի խա­ղե­րէն որ­պէս օ­րի­նակ հոս կը յի­շենք Ա­բե­ղա­թո­ղը, որ վան­քե­րու մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նար։ Բա­րե­կեն­դա­նի Շա­բաթ եւ Կի­րա­կի օ­րե­րը սար­կա­ւագ, ա­բե­ղայ, վար­դա­պետ եւ ե­պիս­կո­պոս միաս­նա­բար խրախ­ճան­քի սե­ղան նստե­լէ ետք, գի­շե­րա­յին պար եւ թա­փօր կը կազ­մա­կեր­պէին։ Թա­փօ­րի հա­մար քուէի ընտ­րու­թեամբ թա­փօ­րա­պե­տը յա­տուկ պատ­րաս­տուած գա­հա­ւո­րա­կի վրայ կը նստէր։ Գլխուն դրած թուղ­թէ չա­թալ թագ եւ ձեռ­քին խո­տէ հիւ­սուած գա­ւա­զան բռնած, կռնա­կին սա­ւա­նէ կամ ան­պէտք լա­թէ պատ­րաս­տուած շուր­ջառ ա­ռած՝ ո­րուն վրայ միա­բան­ներ ի­րենց ա­նուն­նե­րը կը ստո­րագ­րէին, իսկ չորս տի­րա­ցու­ներ ալ շալ­կե­լէ ետք գա­հա­ւո­րա­կը՝ թա­փօ­րը տպա­ւո­րիչ ըն­թաց­քով կը շար­ժէր, մինչ միա­բան­ներ միա­բե­րան կ՚եր­գէին Ծաղ­կա­զար­դի Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քի «Որ Վե­րօրհ­նիս» շա­րա­կա­նը։ Պատ­կա­ռե­լի թա­փօ­րը յա­ռա­ջա­նա­լով նախ կը մտնէր ա­բե­ղա­նե­րու թա­ղը, ուր կ՚եր­գուէր «Ա­մէն ա­լէ­լուիա»։ Տի­րա­ցու­նե­րէն մին կը հարց­նէր, թէ ին­չո՞ւ է այս թա­փօ­րը եւ ին­չո՞ւ են ե­կած։ Թա­փօ­րա­պե­տը ծի­ծա­ղա­շարժ եւ կա­տա­կա­խառն պա­տաս­խան­ներ կու տար, եւ ա­մէն ան­գամ որ «Օրհ­նես­ցի»ի ժա­մա­նա­կը գար, թա­փօ­րա­պե­տը դար­ձեալ ծի­ծա­ղա­խառն կա­տակ­ներ կ՚ը­նէր։ Թա­փօ­րի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան եւ ըն­թաց­քին, վա­նա­կան խօ­սակ­ցա­կան ըն­թա­ցիկ կեան­քէ քա­ղուած եր­գի­ծա­խառն խօ­սակ­ցու­թիւն տե­ղի կ՚ու­նե­նար «Ան­դաս­տան»ի ժա­մա­նակ մա­նա­ւանդ։ Ոչ ոք պէտք էր նե­ղուէր ե­ղած կա­տակ­նե­րէն։ Թա­փօ­րա­պե­տը ա­զատ հա­մար­ձակ ա­մէն­քը կը ծաղ­րէր։ Ա­պա կ՚եր­գէին «Ու­րախ լեր» շա­րա­կա­նը, ուր այս ան­գամ թա­փօ­րա­պե­տը կը ծաղ­րուէր եւ շալ­կած զինք կը տա­նէին թա­ղե­լու։ Կարճ դա­դա­րէ մը ետք միաս­նա­բար «Ղա­զա­րէ ա­րի՛ ե՛լ ար­տաքս» կը կան­չէին… սուտ մա­հա­ցած թա­փօ­րա­պետ-Ղա­զա­րո­սը դան­դաղ գե­րեզ­մա­նէն կը բարձ­րա­նար ու ա­մէն­քը սար­սա­փած կ՚եր­թա­յին ի­րենց խու­ցե­րը քնա­նա­լու։

Իսկ հայ­կա­կան գիւ­ղե­րու թէ գա­ւառ­նե­րու մէջ տե­ղի ու­նե­ցած զա­ւեշ­տա­խառն խա­ղե­րէն հոս կը յի­շենք օ­րի­նակ մը։ Գիւ­ղի ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն մէ­կը ռէս կամ գզիր կ՚ընտ­րուէր։ Ե­րե­սը կը ներ­կէր, գլխուն թուղ­թէ կամ թա­ղի­քէ չա­թալ թագ կամ գլխարկ դրած, կռնա­կին սա­ւան կամ ոչ­խա­րի մորթ, իսկ փո­րը լա­թե­րով ու­ռե­ցու­ցած կ՚ըլ­լար։ Ձեռ­քին եր­կար գա­ւա­զան մը բռնած՝ ո­րուն ծայ­րէն լա­թի հին կտոր­ներ կը կա­պէր։ Ի­րեն կ՚ըն­կե­րակ­ցէին մի քա­նի ներ­կուած ե­րես­նե­րով փոք­րիկ­ներ՝ ար­տա­ռոց եւ խայ­տաբ­ղէտ հա­գուստ­նե­րով, ո­րոնք գիւ­ղէն դուրս հա­զիւ ե­լած ի­րենց կը հե­տե­ւէր ամ­բո­խը, ո­րոնք եր­գե­լով-պա­րե­լով կ՚անց­նէին քո­վի միւս գիւ­ղը, ուր ի­րենց նման հա­գած գիւ­ղա­ցի­ներ կը սպա­սէին։ Տա­վուլ զուռ­նա­յի ե­ղա­նակ­նե­րու տակ սրա­խաղ կռուի կը բռնուէին։ Այս առ­թիւ տե­ղի կ՚ու­նե­նա­յին նաեւ խա­ղեր եւ զա­նա­զան մրցում­ներ։ Այն կող­մը, որ յաղ­թա­կան դուրս գար, պար­տուած կող­մի պա­րագ­լուխ գզի­րը ծուռ կը նստեց­նէին ա­ւա­նա­կին վրայ, զի­րար հրշմտկե­լով ան­վերջ կը կա­տա­կէին ու ա­պա կրակ տա­լով կը վա­ռէին պար­տուած գզի­րին ու­սե­րէն կախ խո­տե­րը, ցա­խե­րը եւ է­շով միա­սին զինք գետ կը գլո­րէին։ Վրայ կը հաս­նէր քա­հա­նան եւ գե­տէն ա­զա­տե­լու փրկա­գին կը պա­հան­ջէր պար­տուող կող­մէն։ Քա­հա­նան ալ իր կար­գին սուտ վէ­ճի բռնուե­լով եւ յար­ձա­կու­մի են­թար­կուե­լու սպառ­նա­լիք ստա­նա­լէ ետք, կը հա­մա­ձայ­նէր, երբ գիւ­ղի մե­ծա­մեծ­ներն ալ ի նպաստ քա­հա­նա­յին մի­ջա­մուխ կ՚ըլ­լա­յին։

Բա­րե­կեն­դա­նի օ­րուան կեղծ գիւ­ղա­պետգզի­րը, ա­մէն ի­րա­ւունք եւ ա­զա­տու­թիւն ու­նէր ծաղ­րե­լու, քննա­դա­տե­լու բուն գիւ­ղա­պե­տը եւ ա­նոր թե­րի կող­մե­րը մատ­նան­շե­լու։ Նոյ­նիսկ գիւ­ղա­ցիք ա­զատ կեր­պով զա­նա­զան հար­ցե­րու շուրջ ար­տա­յայ­տուե­լու ի­րա­ւուն­քը ու­նէին։

Բա­րե­կեն­դա­նի ժո­ղովր­դա­յին վե­րո­յի­շեալ տօ­նախմբու­թեանց, ինչ­պէս նաեւ դա­րեր շա­րու­նակ ժո­ղո­վուր­դի յի­շո­ղու­թեան մէջ տա­կա­ւին պահ­պա­նուած, ա­ւան­դու­թեան վե­րա­ծուած ի­րո­ղու­թեանց խոր­քը Ա­զա­տու­թիւնն էր եւ հա­ւա­սար ի­րա­ւունք­նե­րով, Նո­րո­գեալ կեան­քը դի­մա­ւո­րե՛լ էր մարդ­կա­յին բա՛րձր ար­ժա­նա­պա­տուու­թեամբ, եւ այդ ար­ժա­նա­վա­յել ա­ւե­լի բա՛րձր, եր­ջա­նիկ ա­պա­գա­յի մը, գե­ղե­ցիկ կեան­քի մը յու­սա­լից ձգտու­մը, ե­րա­զան­քը՝ դա­րեր շա­րու­նակ միշտ վառ էր պա­հուած։

Ճոխ սե­ղան­նե­րու եւ տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց ըն­թաց­քին ո՛չ մէկ աղ­քատ գիւ­ղա­ցի պէտք էր ան­տե­սուէր։ Այդ օր կը յի­շէին նաեւ օ­տար եր­կիր պանդխ­տու­թեան գա­ցած ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րը, ու այդ առ­թիւ պան­դուխ­տի եր­գեր ալ կ՚եր­գէին։

Բա­րե­կեն­դա­նի յա­ջորդ օ­րը՝ Եր­կու­շաբ­թի, դպրո­ցա­կան ա­շա­կերտ­ներ պտոյ­տի եւ դաշ­տագ­նա­ցու­թեան կ՚եր­թա­յին։ Այդ օր ժո­ղովր­դա­կան լե­զուով կը կո­չուէր «Բակ­լա խո­րան»։ Ս­կիզբ, բակ­լա­յի, ըն­դե­ղէն­նե­րու եւ բան­ջա­րե­ղէն­նե­րու Պա­հոց որ­պէս ճաշ գոր­ծա­ծու­թեան։

Բա­րե­կեն­դա­նի տօ­նին նոյ­նիսկ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ շա­րա­կան­նե­րը, ինչ­պէս տե­սանք, կը նկա­րագ­րեն մարդ­կա­յին կեան­քի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան դրուա­գը, եւ թէ ինչ­պէս մար­դը դրախ­տա­յին ճոխ կեան­քի մը բա­րիք­նե­րը կը վա­յե­լէր եւ Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թեան մէջ ան­վախ­ճան ու­րա­խու­թիւ­նը ու­նէր հա­նա­պազ։ Հոն կը յի­շա­տա­կուի նաեւ Քրիս­տո­սը որ­պէս երկ­րորդ Ա­դամ, ո­րուն մի­ջո­ցաւ միայն մարդ­կա­յին ցե­ղը վերս­տին դրախ­տա­յին կեանք կրնայ ու­նե­նալ կամ ժա­ռան­գել։

Այլ խօս­քով Բա­րե­կեն­դա­նը, մար­դուն կը յի­շեց­նէ իր ա­ռա­քե­լու­թիւնն ու կո­չու­մը, ա՛յս կեան­քին ու աշ­խար­հի՛ն մէջ իր դրախ­տը ստեղ­ծե­լու։ Վե­րա­դար­ձի ճիգ մը երկ­նա­յին, դրախ­տա­յին այն կեան­քին՝ որ­մէ վռնտուե­ցաւ։ Ինք­նու­թեան ճշգրիտ ո­րո­նու­մը, ի­րա­գոր­ծե­լու ինք­զինք, որ­պէս­զի այս ան­գամ ար­ժա­նա­նայ ո՛չ միայն երկ­րա­ւոր խա­ղա­ղու­թեան, ար­դա­րու­թեան եւ եր­ջան­կու­թեան, այ­լեւ՝ երկ­նա­ւոր կեան­քի ար­քա­յա­կան սե­ղան­նե­րու խոս­տա­ցեալ ան­վախ­ճան զուար­ճու­թեանց։

Արդ, ար­քա­յու­թեան եւ յա­րու­թեան խոս­տումն է։ Նման Քա­ռաս­նօ­րեայ պա­հե­ցո­ղու­թեան, որ­մէ ետք պի­տի յա­ջոր­դէ Ս. Յա­րու­թեան ԶԱ­ՏԻ­ԿԸ։

Ա­հա թէ ին­չո՛ւ Բա­րե­կեն­դա­նի Կի­րա­կի գի­շեր, երբ բո­լոր տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներն ու զուար­ճու­թիւն­նե­րը կ՚ա­ւար­տին՝ քնա­նա­լէ ա­ռաջ մա­ծուն, կաթ­նա­պուր կ՚ու­տեն։ Իսկ ան­կող­նի մէջ խա­շած հաւ­կի­թով ի­րենց բե­րան­նե­րը կը գո­ցեն, մաղ­թե­լով որ Զա­տի­կին նոյն ձե­ւով բա­րով բա­նան ի­րենց բե­րան­նե­րը։

Շնոր­հա­ւո՜ր Բա­րե­կեն­դան։

Բա­րո՜վ հաս­նիք Սուրբ Յա­րու­թեան։

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2017