ՀԻՄԱ ԴԷՊԻ ՄԵՆՊԻՉ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիայէ ներս՝ Ճերապլուսի, Ռայիի, Տապըքի եւ Էլ Պապի մէջ շատ յաջող գործողութիւններ յառաջ տարած են ու ներկայ փուլի թիրախն է Մենպիչ քաղաքը։ Էրտողան շեշտեց նաեւ, որ ՓԵՏ եւ ԵՓԿ պէտք է ետ քաշուին դէպի Եփրատի արեւելքը։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան, որ կ՚այցելէ Փաքիստան, երէկ, իր ճամբորդութենէն առաջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի հետ։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ Մենպիչ կը պատկանի արաբներուն, հետեւաբար ՓԵՏ-ին կամ ԵՓԿ-ին տեղը չէ։ «Այս բանը բացատրեցինք նաեւ մեր ամերիկացի բարեկամներուն։ ՓԵՏ եւ ԵՓԿ բացարձակապէս պէտք չէ անցնին Եփրատի արեւելքը։ Անոնք պէտք չէ մնան այնտեղ։ Մեզի յայտնեցին, որ անոնք անցած են, շարունակ կ՚անցնին։ Հետեւաբար, այս երեւոյթը պէտք է վերջ գտնէ, անոնք ամբողջութեամբ պէտք է դատարկեն այդ շրջանը», ըսաւ Էրտողան։
Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան Էրտողան ընդգծեց նաեւ, որ Թուրքիա պայքար կը մղէ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ։ «Եթէ մեր դաշնակիցները անկեղծ են ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի ուղղութեամբ, ապա մենք իրենց կ՚ըսենք, թէ անոնց հետ միասին կը շարժինք։ Կը բաւէ, որ Ռաքքան ալ մաքրագործուի ԻՇԻՊ-էն։ Այդ տեղն ալ վերադարձնենք իրենց բուն տէրերուն։ Թուրքիա չի հետապնդեր այնտեղ մնալու նպատակ մը։ Այդ տեղերէն սպառնալիքներ կ՚ուղղուին մեզի դէմ», ըսաւ Էրտողան։
Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ ներկայիս ջանքերը կեդրոնացուցած է ԻՇԻՊ-ը ոչնչացնելու վրայ։ Փենթակոնի կողմէ այս նպատակին համար ծրագիր մը ներկայացուած է Սպիտակ տուն։ Միջազգային աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ այդ ծրագրին բովանդակութիւնը ունի համաշխարհային տարողութիւն։ Իսկ դաշտի վրայ Սուրիոյ կառավարական զօրքերը յառաջացած են դէպի Մենպիչ։