ԻՆՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի մէջ նշուե­ցաւ Մար­տի 1-ի ա­րիւ­նա­լի դէպ­քե­րուն տա­րե­լի­ցը։ Ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին ի­րա­կա­նա­ցու­ցին հա­ւաք­ներ եւ եր­թեր։ «Ար­մէնփ­րէ­ս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մար­տի 1-ի դէպ­քե­րու տա­րե­լի­ցին առ­թիւ Հայ ազ­գա­յին գոնկ­րէ­սի եւ Հա­յաս­տա­նի Ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւաք-երթ մը։ Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ սկսաւ հա­ւա­քը, որ իր ա­ւար­տին հա­սաւ Միաս­նի­կեա­նի հրա­պա­րա­կին վրայ։ Եր­կու կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն կող­մէ ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան Ա­րամ Մա­նու­կեան եւ Ստե­փան Տե­միր­ճեան։

Դէպ­քե­րու ին­նե­րորդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ հա­ւաք-եր­թի մաս­նա­կից­նե­րը Միաս­նի­կեա­նի յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ թո­ղու­ցին ծա­ղիկ­ներ՝ զո­հուած տասն հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ի յի­շա­տակ։ Հա­ւաք-եր­թը վե­րահս­կած ոս­տի­կան­ներն ալ ցու­ցա­րար­նե­րուն միա­նա­լով ծա­ղիկ­ներ թո­ղու­ցին զո­հե­րու յի­շա­տա­կին։ Ցու­ցա­րար­նե­րը վե­րա­նո­րո­գե­ցին ի­րենց պայ­քա­րի տրա­մադ­րու­թիւ­նը՝ ա­ւե­լի ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Հա­յաս­տան մը ու­նե­նա­լու հե­ռան­կա­րով։

Հինգշաբթի, Մարտ 2, 2017