ՔԷՕԼՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾԱՐԱՆՔ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ մեծարանքի հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Սերովբէ Օտապաշեան, որ միեւնոյն ժամանակ Առաջնորդարանի մշակոյթի յանձնախումբը կը գլխաւորէ, արժանացաւ բարձր պատիւի մը։ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի միջնորդութեամբ՝ Սերովբէ Օտապաշեան պարգեւատրուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը իրեն շնորհած էր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» բարձր շքանշանը։ Քէօլնի մէջ յատկապէս կազմակերպուած հանդիսութիւնով մը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ուղարկուած այդ շքանշանը եւ Հայրապետական սրբատառ կոնդակը Սերովբէ Օտապաշեանին յանձնուեցաւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի ձեռամբ։ Անցեալ շաբաթավերջին յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Թեմական խորհուրդի անդամներ եւ բազմաթիւ հիրեր։ Ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Թեմական խորհուրդի փոխ-ատենապետ Արա Վարդանեան։ Մեծարեալի կեանքին ու գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Քէօլնի հայ համայնքի ատենապետուհի Նինու Միքպայ։ Մեծարեալին շքանշանը յանձնելով՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ անոր ծառայութեան ու գործունէութիւններուն շուրջ։