ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան կը պատ­րաս­տուի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տալ դէ­պի Պիշ­քէք։ Իր կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը 6-7 Մարտ թուա­կան­նե­րուն շփում­ներ պի­տի ու­նե­նայ Խրղը­զիս­տա­նի մէջ։ Պիշ­քէ­քի մէջ ան պի­տի մաս­նակ­ցի Եւ­րոա­սիոյ միջ­կա­ռա­վա­րա­կան խոր­հուր­դի նիս­տին։ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի ըն­կե­րա­կից­նե­րու շար­քին պի­տի գտնուին Հա­յաս­տա­նի Փոխ-վար­չա­պետ Վա­չէ Գաբ­րիէ­լեան, Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Շա­ւարշ Քո­չա­րեան եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ։

Միւս կող­մէ, Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ «Քոն­թուր Կլո­պալ» ըն­կե­րու­թեան գոր­ծա­դիր փոխ-նա­խա­գահ եւ ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Քարլ Շնատ­թի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին Ո­րո­տա­նի ջրաե­լեկտ­րա­կա­յա­նի հա­մա­լի­րի ար­դիա­կա­նաց­ման եւ լիար­ժէք գոր­ծարկ­ման ներդ­րու­մա­յին ծրագ­րի ըն­թաց­քը։ Եր­կուս­տեք կա­րե­ւո­րուե­ցան պար­բե­րա­կան աշ­խա­տան­քա­յին հան­դի­պում­նե­րը, ո­րոնք հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռեն կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­լու՝ փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ զա­նա­զան հար­ցե­րու շուրջ։

Կող­մե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին ներդ­րու­մա­յին ծրագ­րի վե­րա­բե­րեալ ստո­րագ­րուած պայ­մա­նագ­րով ստանձ­նուած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը պատ­շաճ կար­գով եւ սահ­մա­նուած ժամ­կէտ­նե­րուն մէջ կա­տա­րե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան կա­րե­ւո­րեց այս ծրագ­րի ի­րա­կա­նա­ցու­մը եւ ընդգ­ծեց, որ պայ­մա­նագ­րին տակ եր­կու կող­մերն ալ դրած են ի­րենց ստո­րագ­րու­թիւ­նը, ուս­տի պէտք է կա­տա­րուին այդ փաս­տա­թուղ­թով նա­խա­տե­սուած բո­լոր կէ­տե­րը։

Ուրբաթ, Մարտ 3, 2017