ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Երեւանի մէջ, Ծիծեռնակաբերդի թանգարանէն ներս այս առաւօտ բացուեցաւ հետաքրքրական ցուցահանդէս մը։ Ազգային մեծանուն բարերար Ալեքսանտր Մանթաշեանցի յիշատակին ձօնուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը։ «Մանթաշեանցի ժամանակը. հայ գործարարներու կեանքը 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն» խորագրեալ ցուցահանդէսը բացուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը, որուն մասնակցեցան նաեւ պաշտօնական հիւրեր։ Ծիծեռնակաբերդի թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան այցելուներուն բացատրութիւններ տուաւ ներկայացուած առարկաներուն շուրջ, որոնք կը ցոլացնէին Մանթաշեանցի կեանքէն դրուագներ։ Լուսանկարներու առընթեր կային նաեւ շարք մը իրեր, մետայլներ, ինչպէս նաեւ արժեթուղթեր եւ մուրհակներ։
Մինչ այդ, ցուցահանդէսի բացման զուգահեռ կնքուեցաւ Ալեքսանտր Մանթաշեանցի ծննդեան 175-ամեայ յոբելեանին առթիւ «Հայփոստ» ընկերութեան կողմէ թողարկուած նամականիշը։