ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԹՈՒՐՔՈՒԱԶ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ այ­ցե­լե­ցին Պէ­յօղ­լուի «Թուր­քուազ» գրա­տու­նը։ Ծա­նօթ է, որ Բիւ­զանդ Աք­պա­շի մա­կա­նին ներ­քեւ կը գոր­ծէ «Թուր­քուազ»ը, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հրա­տա­րակ­չու­թեան մար­զէն ներս գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ։ Ա­շա­կեր­տա­կան խում­բը գլխա­ւո­րե­ցին կրթա­կան մշակ­ներ՝ Հե­րա Իս­քէն­տէ­րօղ­լու եւ Մատ­լէն Ար­զու­ման։

Բիւ­զանդ Աք­պաշ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց տղա­քը եւ յայտ­նեց, որ ա­նոնք «Թուր­քուազ»ի այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցած ա­ռա­ջին ա­շա­կեր­տա­կան խում­բը կը հան­դի­սա­նան։ Ան ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ յանձ­նեց ա­շա­կերտ­նե­րու նկա­տառ­ման, ինչ որ զգա­լի հե­տաքրք­րու­թիւն յա­ռա­ջա­ցուց ա­նոնց մօտ գիր­քե­րու նկատ­մամբ։ Տղա­քը ա­ռիթն ու­նե­ցան Բիւ­զանդ Աք­պա­շին հար­ցում­ներ ալ ուղ­ղե­լու՝ ստա­նա­լով սպա­ռիչ պա­տաս­խան­ներ։

Ուրբաթ, Մարտ 3, 2017