Խոհեր Մայրենի Լեզուի Մասին
Ծածկագիր, դրոշմ հայ լեզուին վրայ
Արեան մէջ մեր սուրբ, խնկահոտ բուրում
Հրաբուխն հայոց դուք վառ պահեցիք…
Արեան հոսքով մեր երակներուն
Նոր աւիշով բորբ կը գոյատեւէք…:
«Աստուածային մեր լեզուին-կանչ արարչական»
Մ.Պ.Ղ.
Լեզուն մարդոց հաղորդակցութեան կարեւորագոյն միջոցն է: Անիկա յառաջացած ըլլալով հասարակութեան մէջ ստեղծուած անհրաժեշտութեան ստիպողական պահանջով՝ իր գոյութիւնը կը պահպանէ, քանի որ մարդոց միջեւ իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց կը ծառայէ: Ուր որ չկայ հաղորդակցութիւն, այնտեղ չկայ նաեւ լեզու: Հասարակական հաղորդակցութիւնը լեզուի ոչ միայն ծագման, այլեւ գոյութեան անհրաժեշտ պայմանն է: Լեզուն կ՚ապահովէ հասարակութեան միասնակամութիւնը եւ անոր անդամներուն համատեղ գործունէութիւնը: Իսկ որպէսզի հասարակութեան անդամները կարենան իրարու հետ փոխադարձ ըմբռնման հասնիլ, անհրաժեշտ է, որ լեզուն ընդհանուր եւ միասնական ըլլայ:
- Իրարու դրացի ժողովուրդներն ու ազգերը մեկուսացած չեն, անոնք իրարու հետ փոխադարձ յարաբերութիւններու եւ շփման մէջ են:
- Խօսիլ՝ կը նշանակէ մտածել: Լաւ կը խօսի կամ կը գրէ ան, որ լաւ կը մտածէ: Իսկ մտածել՝ կը նշանակէ խօսիլ: Մարդիկ կը մտածեն՝ խօսելով իրենց մտքին մէջ: Մեր մտաւոր խօսքը կը դառնայ գրաւոր խօսք, ներքին խօսքը կը վերածուի գիրի:
Ներքին խօսքը անհատական գործողութիւն է:
Լեզուն քերականական համակարգ է, որ գոյութիւն ունի իւրաքանչիւրի ուղեղին մէջ, նաեւ՝ ամբողջ հաւաքականութեան մտածողութեան մէջ: Լեզուն իր լիակատար ամբողջականութեամբ գոյութիւն չունի առանձին-առանձին անհատներու մտքին մէջ, հապա իբրեւ ամբողջութիւն գոյութիւն ունի զանգուածի մտածողութեան մէջ: Ուր որ չկայ հասարակութիւն, այնտեղ չկայ նաեւ լեզու: Որովհետեւ լեզուն հաղորդակցութեան միջոց է եւ ուրիշ ձեւով չի կրնար հանդէս գալ: Հայոց լեզուի գոյութիւնն ու պահպանութիւնը պայմանաւորուած է ոչ միայն մեր՝ հայերուս գոյութեամբ, այլեւ՝ մեր հայոց լեզուի լիակատար գործածութեամբ:
- Առանձին մտահոգութեան եւ յատուկ խօսակցութեան նիւթ է մեր գործածական լեզուի աղքատութիւնը, հայերէնի բառամթերքէն կէս բուռ օգտուելու կամաւոր մուրացիկութիւնը: Իսկ բառերը կ՚ապրին ո՛չ բառարաններու մէջ, ո՛չ ալ գիրքերու: Բառերուն կեանքը անոնց գործածութեան մէջ է: Լեզուն մտածողութիւն ըլլալով՝ նաեւ գործիք է, իսկ այդ գործիքը կ՚ապրի, երբ կը բանեցնենք «կ՚աշխատցնենք», զայն հակառակ պարագային կը փտի կամ կը ժանգոտի: (Պարոյր Սեւակ): Լեզուն նաեւ վարք է:
Երբ մարդիկ կը տեղափոխուին մէկ միջավայրէ դէպի ուրիշ միջավայր, ժամանակի ընթացքին անզգալաբար նաեւ կը փոխուին անոնց բառամթերքն ու խօսելաոճը՝ յարմարելով նորին:
Մեր զարգացման առաջին թշնամին այն է, երբ մենք մտածենք, որ կը տիրապետենք խօսքի մշակոյթին:
Մարդը լաւ խօսիլ կը սորվի իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան, իսկ խօսքի տիրապետութեան ամենալաւ տարիքը մանուկ ու պատանի հասակն է: Մանուկներ ատակ են միաժամանակ տարբեր լեզուներ իւրացնելու: Մայրենիի լաւ իմացութիւնը ձեռք կը ձգուի մանուկ հասակէն: Իսկ մենք՝ չափահասներս պարտաւոր ենք մեր ամբողջ կեանքի տեւողութեան կատարելագործել մեր գիտցած հայերէնը:
- Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունեցող եօթը հազար լեզուներուն կէսը դատապարտուած է ընդմիշտ կորսուելու վտանգին: Այս մտահոգիչ կացութեան մէջ կը գտնուի նաեւ արեւմտահայերէնը՝ ոչ միայն իբրեւ գրաւոր, այլ մանաւանդ որպէս բանաւոր լեզու, յատկապէս՝ եւրոպական ու ամերիկեան երկիրներու մէջ հայ երդիքներու տակ, ուր հայերէնը խօսակցական լեզու չէ այլեւս: Նոյնիսկ յարաբերաբար աւելի բախտաւոր գաղութներու մէջ, ուր հայախօս երիտասարդներ գոյութիւն ունին, խօսակցական արեւմտահայերէնին վտանգ կը սպառնայ, որ մտահոգիչ է:
Պարոյր Սեւակ կ՚ըսէ. «Լեզուի խնամքը անոր անաղարտութիւնը, անոր պահպանութիւնն ու պաշտպանութիւնը դրուած է մեր վրայ: Օտար համալսարաններն ու ակադեմիաները ի վիճակի չեն ընելու այն, ինչը պարտաւոր է ընել հայկական համալսարանն ու հայկական ակադեմիան…
«Պիտի նայինք մեր լեզուին ոչ միայն այն պատճառով, որ ան մեր մայրենին է, այլ նաեւ՝ այն բանին համար, որ ան իր չորս գրական լեզուներու եւ վեց տասնեակ բարբառներու անչափելի հարստութեան դրամագլուխը մեզի պահելով՝ պարտաւոր է մարդկութեան փոխանցել շահոյթը»:
Մեր ժողովուրդը ապրած եւ գոյատեւած է, որովհետեւ ամենադժուար դարերու մէջ անգամ պահպանած է ի՛ր լեզուն, իսկ լեզուն ալ պահպանած է՝ իր ժողովուրդը:
Անգլիացի մեծ բանաստեղծ Լորտ Պայրն հայերէն ուսումնասիրած է Մխիթարեաններու մօտ եւ ըսած՝ «Ճոխ է հայոց լեզուն եւ առատօրէն կը վարձատրէ ուսումնասիրողը»: Հին հայերէնին մէջ լեզուն միասնական էր, արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի տարբերութիւններ չկային: Գրաբարի մէջ, ինչպէս նաեւ միջին հայերէնի մէջ, որ որպէս գրական լեզու օգտագործուած էր 10-17-րդ դարերու ընթացքին, տարբերութիւններ չկային: Միջին հայերէնը բազմատարր եւ հարուստ լեզու էր, որ օգտագործած են Ներսէս Շնորհալին, Ֆրիկը, Կոստանդին Երզնկացին, Նահապետ Քուչակը, Վարդան Այգեկցին եւ շատ ուրիշներ: Այս հեղինակներուն համար արեւելահայերէնով կամ արեւմտահայերէնով գրելու հարց չկար:
18-րդ եւ յատկապէս 19-րդ դարերուն սկսան ձեւաւորուիլ մեր լեզուին արեւմտահայ եւ արեւելահայ ճիւղերը՝ իբրեւ գրական լեզուներ: Իսկ 19-րդ դարու կէսերուն արդէն իսկ ունէինք երկու գրական լեզուաճիւղեր:
Հայերէնը ունի մօտաւորապէս 50 բարբառ: Անոնց մէկ մասը ՝պատմական Հայաստանի արեւմտեան գաւառներու բարբառներն են, մեծամասնութեամբ կը պատկանին ԿԸ ճիւղին, իսկ արեւելեան բարբառները «որոնց մէջ է նաեւ ժամանակակից արեւելահայ գրական լեզուի հիմքը կազմող Արարատեան կամ Երեւանի բարբառը», կը պատկանի ՈՒՄ ճիւղին: Ուրեմն բային ներկայ ժամանակը «ամենէն գործածականը բոլոր լեզուներուն մէջ», կը կազմուի Ում վերջաւորութիւնը կազմող անկատար դերբայով եւ օժանդակ բայով՝ արեւելահայերէնի պարագային, իսկ արեւմտահայերէնի պարագային՝ ԿԸ մասնիկով:
Կան նաեւ ուրիշ տարբերութիւններ, որոնք բնաւ արգելք չեն հանդիսանար, որ մենք զիրար հասկնանք: Կան հնչիւնաբանական տարբերութիւններ՝ բաղաձայններու համակարգերու տարբերութեամբ:
Երկու լեզուաճիւղերն ալ ունին իրենց առանձնայատկութիւններն ու նրբութիւնները, որոնք կը հա-րըստացնեն մեր լեզուն:
Երկու լեզուաճիւղերը կը պահպանուին տարբեր պայմաններու տակ: Արեւելահայերէնը կը վայելէ Հայաստանի պետական աջակցութիւնը: Արեւմտահայերէնը եւս պէտք ունի յատուկ հոգածութեան եւ սփիւռքը իր գոյնզգոյն շերտերով անկարող է ընելու այդ մէկը: Անոնք նոյն ընտանիքի երկու գլխաւոր անդամներն են, եւ մէկը միւսով կ՚արժեւորուի: Կարելի չէ անտեսել արեւմտահայերէնի կարեւորութիւնը, եւ ան կարիքը ունի պետական հոգածութեան:
Լեզուաբաններու կարծիքով, արեւմտահայերէնը մօտ է գրաբարին՝ իր շարահիւսութեամբ, իսկ արեւելահայերէնը՝ իր արտասանութեամբ:
Կան զուգահեռ բառեր, որոնք տարբեր նախասիրութեամբ կը կիրարկուին երկու ճիւղերուն մէջ, ինչպէս՝ փոքր-պզտիկ, սիրուն-աղուոր, խանդ-նախանձ, ազգանուն-մականուն, վաղ-կանուխ, ցուրտ-պաղ, հարեւան-դրացի, ծրար-պահարան, հիւրանոց-պանդոկ, րոպէ-վայրկեան, ձգել-քաշել… եւ այլն, Ըստ Լեւոն Հախվերդեանի, արեւմտահայերէնը աւելի բարեհունչ է եւ աւելի նուրբ, բայց եւ՝ գրքային, արեւելահայերէնը աւելի կոպիտ է, բայց՝ աւելի հողեղէն: Առաջինը աւելի լաւ մշակուած է գեղագէտօրէն, երկրորդը՝ գաղափարապէս:
«Գալով անյիշելի ժամանակներէն, անցնելով բազում դարերու մէջէն, շփուելով բազմաթիւ ազգերու լեզուներուն հետ՝ հայոց լեզուն իւրատեսակ հանրագիտարան է անյիշելի ժամանակներու, բազում դարերու եւ բազմաթիւ այլ ազգերու: Այսպէս դատելով՝ մեր լեզուն միայն մեզի չի պատկանիր, այլեւ աշխարհին. ան միայն մեր սրբութիւնը չէ, այլեւ՝ մասունքը՝ հանուր մարդկութեան»: (Պարոյր Սեւակ):
Մենք պարտաւոր ենք փայփայել ու սիրել մեր լեզուն, դողալ անոր վրայ: Հայերէնի ճիշդ գործածութիւնն ու ուսուցումը կը սկսի տունէն, հայ մօր նուիրական պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ դողալ ու գուրգուրալ մայրենիին վրայ: Ապա դպրոց, եկեղեցի, ակումբ ունին հսկայ պարտաւորութիւններ… Մենք հպարտութեամբ պէտք է խօսինք մեր լեզուով: Մեզ հայ պահող մեծագոյն ազդակը մեր լեզուն է: Պէտք է հասկնանք, որ իբրեւ հայեր՝ մեր ժառանգութեան մեծագոյն գանձը մեր լեզուն է, որ կրնայ զատորոշել մեզ ուրիշներէն եւ կնքել մեզ իւրայատուկ առանձնայատկութեամբ եւ դրոշմով: Մեր լեզուն հարուստ է, բայց մեր լեզուի բառապաշարը պէտք է օգտագործենք, որպէսզի կարենանք հարստանալ մեր լեզուով: Մեր լեզուն ճկուն է: Արեւելահայերէնը հասկնալի է արեւմը-տահայերուն համար, իսկ արեւմտահայերէնը՝ արեւելահայերուն համար: Իւրաքանչիւր գիտակից հայ պարտաւոր է հաւասարապէս դողալ երկու ճիւղերուն վրայ:
Իւրաքանչիւր լեզու կը զարգանայ եւ կը գեղեցկանայ, ոչ թէ պատահական, այլ խելացի փոխառութիւններով: Մեր լեզուն, միայն՝ մտածուած, հայեցի եւ նորակազմ բառերով պէտք է ճոխանայ եւ հարստանայ առօրեայ նորութիւններուն հետ համահունչ քայլ պահելու համար:
Հայերէնը ունի բառակազմութեան՝ նոր բարդ բառեր կազմելու առաւելութիւնը, ինչը առիթ կու տայ մեզի, որ կարենանք նոր բառեր կազմել հայերէն արմատներով ու բառերով: Ստիպուած չենք օտար բառեր ներմուծելու հայոց լեզուի բառագանձէն ներս՝ մեր գեղեցիկ բառապաշարը աղաւաղելով:
Օտար բառերու ներմուծումը կամ գործածութիւնը հայերէն նախադասութիւններուն մէջ՝ կիրթ եւ զարգացած ըլլալու նշան չէ, ընդհակառա՛կը, քաղքենիութիւն է անիկա: Ժողովուրդ մը չի կրնար գոյատեւել առանց մայրենի լեզուի, դպրոցի, գիրի ու գրականութեան: Որպէս ազգ՝ իր բոլոր զաւակներով պիտի գոյատեւենք, եթէ ունենանք գիտակցութիւնը՝ մեր մայրենի լեզուին, անով խօսելու կարեւորութեան, մեր գիր ու գրականութեան անհրաժեշտութեան:
«Լեզուն իրաւ գանձ մըն է, զոր չի կրնար փոխարինել աշխարհի ոչ մէկ հարստութիւն: Իր մայրենի լեզուն վատ գիտցող մարդը կէս մարդ է, չգիտցողը՝ թշուառ, ծառէն ինկած տերեւ մը, որ կը տատանի ամէն պատահական քամիէ»:
(Ստեփան Զօրեան)
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հալէպ, 22 Փետրուար 2017