Թո­րոս Թո­րա­մա­նեան. Հայ­կա­կան Ճար­տա­րա­պե­տու­թեան Ար­ժա­նա­ւոր Ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը

Մարտ 1-ին, 83 տա­րի ա­ռաջ, Ե­րե­ւա­նի մէջ մա­հա­ցաւ հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ար­ժա­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Թո­րոս Թո­րա­մա­նեան (1864-1934): Շնոր­հա­լի ու նշա­նա­ւոր ճար­տա­րա­պե­տը ի­րա­ւամբ կը նկա­տուի հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թեան հիմ­նա­դի­րը:

Ան ծնած է 1864 թուա­կա­նի Մարտ 18-ին, Փոքր Հայ­քի Շա­պին Գա­րա­հի­սար քա­ղա­քը՝ հո­ղա­գոր­ծի ըն­տա­նի­քի մէջ: 1878-ին, 14 տա­րե­կա­նին, ան զրկուած է ծնող­նե­րէն: Սկըզբ-նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցած է իր ծննդա­վայ­րի «Մու­շե­ղեան» վար­ժա­րա­նին մէջ: 1883-ին մեկ­նած է Պո­լիս, ուր աշ­խա­տած է իբ­րեւ հիւս­նի աշ­կերտ եւ միա­ժա­մա­նակ, 1888-1893 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ, ու­սա­նած է Պոլ­սոյ Կայ­սե­րա­կան գե­ղա­րուես­տից ճե­մա­րա­նի ճար­տա­րա­պե­տա­կան բաժ­նին մէջ:

1896-1900 թուա­կան­նե­րուն Թո­րա­մա­նեան ապ­րած է Պուլ­կա­րիա, ուր զբա­ղած է շի­նա­րա­րու­թեամբ: Կա­ռու­ցած է քա­նի մը շէն­քեր, գլխա­ւո­րա­պէս հա­րուստ հա­յե­րու (Մա­նու­կեան­ներ, Սար­գիս Ֆա­դեան, Դա­նիէլ Պուլ­կա­րա­ցի եւ այլք) հա­մար: Սա­կայն ճար­տա­րա­պե­տա­կան կա­ռու­ցում­նե­րէն ա­ւե­լի, Թո­րա­մա­նեա­նը կը հե­տաքրք­րէր ճար­տա­րա­պե­տու­թեան տե­սու­թիւ­նը:

1900-ին տե­ղա­փո­խուած է Ռու­մա­նիա, ա­պա՝ շրջա­գա­յած է Պարս­կաս­տան, Սու­րիա, Ե­գիպ­տոս, Յու­նաս­տան, Ի­տա­լիա: 1902-ին մեկ­նած է Փա­րիզ՝ կա­տա­րե­լա­գոր­ծուե­լու:

1903-ին, ա­պա՝ 1905-1909 թուա­կան­նե­րուն, յայտ­նի հնա­գէտ Նի­կո­ղա­յոս Մա­ռի հետ միա­սին, Թո­րա­մա­նեան մաս­նակ­ցած է Ա­նիի մէջ տա­րուած պե­ղում­նե­րուն՝ կա­տա­րե­լով ա­նոր ա­ւե­րակ­նե­րու ողջ ճար­տա­րա­պե­տա­կան նիւ­թին յա­տա­կա­գի­ծե­րը, նկար­նե­րը, կտրուածք­նե­րը, վե­րա­կազ­մու­թիւն­նե­րը:

Իր աշ­խա­տանք­նե­րով եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով՝ Թո­րոս Թո­րա­մա­նեան յե­ղաշըր-ջում կա­տա­րեց հա­մաշ­խար­հա­յին ճար­տա­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թեան մէջ՝ ներ­կա­յաց­նե­լով հա­յե­րու ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ծագ­ման ու զար­գաց­ման շրջան­նե­րը: Նշա­նա­ւոր ճար­տա­րա­պե­տը մեր սե­րունդ­նե­րուն կտա­կեց պաշ­տա­մուն­քը հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան՝ պատ­գա­մե­լով, որ «ու­րիշ ազ­գե­րի ա­րուեստ­նե­րի գե­ղեց­կու­թիւ­նը յու­զիչ է, յա­ճախ գրգռող եւ խռո­վիչ, իսկ մեր ա­րուես­տի գե­ղեց­կու­թիւ­նը ան­դոր­րող է, հանգստաց­նող, հա­յե­ցո­ղու­թեան տա­նող: Հա­յե­րը նա­խա­հայ­րե­րից ժա­ռան­գել են շի­նա­րա­րու­թեան ա­րուես­տը: Քա­րա­շատ Հա­յաս­տա­նը մեր ճար­տար­նե­րին ու վար­պետ­նե­րին տուել է անս­պառ նիւթ… Մեր ժո­ղո­վուր­դը այդ հլու, հնա­զանդ նիւ­թի մէջ մարմ­նաց­րել է իր հո­գին, բաղ­ձանք­նե­րը, ե­րազ­նե­րը, ճա­շա­կը»:

1904-ի գար­նան Թո­րա­մա­նեան սկսաւ Զուարթ­նոց տա­ճա­րի հե­տա­զօ­տու­թեան. ղե­կա­վա­րեց Խա­չիկ Վար­դա­պե­տի նա­խա­ձեռ­նած պե­ղում­նե­րը, կա­տա­րեց չա­փագր­ման աշ­խա­տանք­ներ: 1905-ին ա­ւար­տեց տա­ճա­րի վե­րա­կազ­մու­թեան նա­խա­գի­ծը, որ հաս­տա­տուե­ցաւ 1906-ին՝ Ա­նիի մէջ Նի­կո­ղա­յոս Մա­ռի ար­շա­ւա­խում­բի պե­ղում­նե­րուն ժա­մա­նակ յայտ­նա­բե­րուած Ս. Գրի­գոր (Գա­գի­կա­շէն) տա­ճա­րի ման­րա­կեր­տին նոյ­նան­ման յօ­րի­նուած­քով:

Մաս­նա­գէտ­նե­րու վկա­յու­թեամբ՝ 1905-ին լոյս տե­սած Թո­րոս Թո­րա­մա­նեա­նի «Զուարթ­նո­ցի ե­կե­ղե­ցին» յօ­դուա­ծով, սկզբնա­ւո­րուե­ցաւ հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան գի­տա­կան գրա­կա­նու­թիւ­նը: Թո­րա­մա­նեան ու­սում­նա­սի­րեց ու չա­փագ­րեց նաեւ Հո­ռո­մո­սի հա­մա­լի­րը, Ար­գի­նա­յի ե­կե­ղե­ցին, Տե­կո­րի տա­ճա­րը, Շի­րակ եւ Ա­րա­գա­ծոտն գա­ւառ­նե­րու յատ­կա­պէս ԵԷ. դա­րե­րու յու­շար­ձան­նե­րը:

1904-1912 թուա­կան­նե­րուն, Թո­րա­մա­նեան պար­բե­րա­բար իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ Ա­նիի մէջ Նի­կո­ղա­յոս Մա­ռի գի­տար­շա­ւա­խում­բի պե­ղում­նե­րուն, ու­սում­նա­սի­րեց ու չա­փագ­րեց բազ­մա­թիւ ե­կե­ղե­ցի­ներ, պա­լատ­ներ, հիւ­րա­տու­ներ, բնա­կե­լի տու­ներ, պա­րիսպ­ներ, կա­մուրջ­ներ, ստեղ­ծեց վե­րա­կազ­մու­թեան նա­խա­գի­ծեր: Թո­րա­մա­նեա­նի «Էջ­միած­նի տա­ճա­րը» (ռու­սե­րէն՝ 1909 թ., հա­յե­րէն՝ 1910 թ.), «Տե­կո­րի տա­ճա­րը» (ա­ռան­ձին գիր­քով՝ 1911 թ.), «Գա­ւիթ եւ ժա­մա­տուն հա­յոց հնա­գոյն ե­կե­ղե­ցի­նե­րի մէջ» (1911 թ.), «Նո­րա­գոյն կար­ծիք­ներ հայ ճար­տա­րա­պե­տու­թեան մա­սին» (1911 թ.), «Ա­նի քա­ղա՞ք, թէ՞ ամ­րոց» (1912 թ.) եւ այլ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը կը վկա­յեն հայ­կա­կան ինք­նու­րոյն ճար­տա­րա­պե­տու­թեան զար­գաց­ման բարձր մա­կար­դա­կին մա­սին: Շնոր­հիւ այդ ու­սում­նա­սի­րու­թեանց՝ բազ­մա­թիւ օ­տար գիտ­նա­կան­ներ վե­րա­նա­յած են ի­րենց թիւր տե­սա­կէտ­նե­րը հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ:

1913-ին Թո­րա­մա­նեան Վիեն­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նին կից Ա­րուես­տի պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի գի­տա­կան նստաշր­ջա­նին, ար­ժա­նա­ցաւ գլխա­ւոր մրցա­նա­կի՝ լա­ւա­գոյն աշ­խա­տան­քի հա­մար: Ա­նոր հա­զա­րէ ա­ւե­լի գծա­գիր­նե­րուն, ու­սում­նա­սի­րու­թեանց եւ այլ նիւ­թե­րու հի­ման վրայ, Վիեն­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նի փրո­ֆե­սէօր Եո­զէֆ Ստրժի­կովս­կի 1918-ին հրա­տա­րա­կեց «Հա­յե­րի ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը եւ Եւ­րո­պան» գեր­մա­նե­րէն երկ­հա­տո­րեա­կը, ո­րուն շնոր­հիւ հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը՝ որ­պէս ինք­նու­րոյն ճար­տա­րա­պե­տա­կան դպրոց, ար­ժա­նա­ցաւ հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նաչ­ման: Ա­ռա­ջին Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին (1914-1918) եւ ա­նոր յա­ջոր­դած գաղ­թի տա­րի­նե­րուն կոր­սուե­ցան Թո­րա­մա­նեա­նի հրա­տա­րա­կու­թեան պատ-­րաստ տա­սէ ա­ւե­լի աշ­խա­տու­թիւն­ներն ու մեծ քա­նա­կու­թեամբ այլ նիւ­թեր:

1921-ին Թո­րա­մա­նեան դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ կար­դաց Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ, հին Հա­յաս­տա­նի ճար­տա­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թեան մա­սին:

Թո­րա­մա­նեա­նի աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու հիմ­նա­կան մա­սը եր­կու հա­տո­րով լոյս տե­սան գիտ­նա­կա­նի մա­հէն յե­տոյ՝ «Նիւ­թեր հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան պատ­-մու­թեան» խո­րագ­րով (1942-48):

1923-ին Թո­րա­մա­նեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ ստեղ­ծը-ւե­ցաւ Յու­շար­ձան­նե­րու պահ­պա­նու­թեան կո­մի­տէն: Ան շուրջ ե­րե­սուն տա­րի չա­փագ­րեց, լու­սան­կա­րեց ու նկա­րագ­րեց Հա­յաս­տա­նի հա­րիւ­րա­ւոր յու­շար­ձան­ներ, ո­րոնց­մէ շա­տե­րը պահ­պա­նուած եւ վե­րա­կազ­մուած են ա­նոր նիւ­թե­րուն շնոր­հիւ:

Թո­րա­մա­նեան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան սերտ կա­պեր ու­նե­ցած է ճար­տա­րա­պետ Ա­լեք­սանդր Թա­մա­նեա­նի հետ, ո­րուն ա­րուես­տա­նո­ցին մէջ 1928-էն սկսեալ աշ­խա­տած է որ­պէս խորհր­դա­կան, կա­տա­րած է նաեւ յա­տա­կագծ­ման ու նա­խագծ­ման աշ­խա­տանք­ներ: Թո­րա­մա­նեան ե­ղաւ ա­ռա­ջին գիտ­նա­կա­նը, որ դա­սա­կար­գեց ու բնու­թագ­րեց հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան զար­գաց­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րը, բա­ցա­յայ­տեց ա­նոր ինք­նա­տի­պու­թիւ­նը, ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը եւ ո­ճա­կան ինք­նու­րոյ­նու­թիւ­նը: Ա­նոր աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը սկզբնաղ­բիւր են ու­սում­նա­սի­րող­նե­րու հա­մար:

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միան 1969-ին սահ­մա­նեց Թո­րա­մա­նեա­նի ա­նուան մրցա­նակ: Ա­նոր ա­նու­նով Ե­րե­ւա­նի մէջ կայ փո­ղոց: Նաեւ այն տան առ­ջեւ, ուր ապ­րե­ցաւ Թո­րա­մա­նեան՝ դրուած է յու­շա­քար:

Հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տու­թեան մե­ծար­ժէք ե­րախ­տա­ւո­րին նուի­րուած այս հա­կիրճ անդ­րա­դար­ձը կ՚ար­ժէ պսա­կել մեր Մե­ծե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րէ քա­ղուած փուն­ջով.

- Յով­հան­նէս Թու­մա­նեան՝ «Ա­հա վեր է կա­ցել հայ ճար­տա­րա­պետ Պր. Թո­րա­մա­նեա­նը, ցոյց է տա­լիս Եւ­րո­պա­յին ու ամ­բողջ աշ­խար­հին, թէ գո­յու­թիւն է ու­նե­ցել հայ­կա­կան ինք­նու­րոյն ճար­տա­րա­պե­տու­թիւն եւ հայ­կա­կան ինք­նու­րոյն ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը ազ­դել է թէ՛ հա­րե­ւան եւ թէ՛ հե­ռա­ւոր ազ­գե­րի ճար­տա­րա­պե­տու­թիւն­նե­րի վրայ, ստի­պում է ազ­գե­րի ա­րուեստ­նե­րի պատ­մու­թեան մէջ նոր գլուխ բաց ա­նել «հա­յոց ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը» վեր­նա­գի­րով:

- Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան՝ «Ե­թէ ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը քա­րա­ցած ե­րաժշ­տու­թիւն է, ա­պա Թո­րոս Ճար­տա­րա­պե­տը այդ քա­րա­ցա­ծը վե­րա­ծել է կեն­դա­նի եր­գի: Նա մեր հո­յա­կապ ա­ւե­րակ­նե­րի ու յու­շար­ձան­նե­րի, նոյն­քան հո­յա­կապ եր­գիչն է»:

- Մար­տի­րոս Սա­րեան՝ «Տի­տա­նա­կան ջան­քե­րի, մտքի ու զգաց­մունք­նե­րի լար­ման գնով, հա­մաշ­խար­հա­յին եւ հայ կուլ­տու­րա­յի ի­մա­ցու­թեան հո­ղից ել­նե­լով, նա թա­փան­ցել էր ժա­մա­նա­կի խոր­քե­րը եւ բիւ­րե­ղեայ մաք­րու­թեամբ դուրս հա­նել այն մար­գա­րիտ­նե­րը, ո­րոնք զուտ ազ­գա­յին են: Ողջ աշ­խար­հին ա­պա­ցու­ցեց հայ­կա­կա­նը»…

­- Նի­կո­ղա­յոս Մառ՝ «Ես ա­ռա­ւել ա­ռողջ լոյս եմ սպա­սում ճար­տա­րա­պե­տա­կան յու­շար­ձան­նե­րի լե­զուից, երբ մենք սո­վո­րենք այն հաս­կա­նալ: Թո­րա­մա­նեա­նի մէջ ես տես­նում եմ այդ լե­զուի ա­ռա­ջին ու­սուց­չին»:

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Շաբաթ, Մարտ 4, 2017