«ԶԱՆԳԻ»Ն ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ
2013 թուականին հաստատուած հայկական «Զանգի» (Zangi) համացանցային սպասարկութիւնը, որ արդէն իսկ աւելի քան մէկ միլիոն օգտատէր ունի, ձրի հեռաձայնային եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներ տրամադրող «Սքայփ»ի (Skype) եւ «Վայպըր»ի (Viber) նման սպասարկութիւններուն մրցակից դարձած է արդէն։
Արդարեւ, ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ այժմ կը մասնակցի Փետրուարի 27-ին Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ սկսած եւ արդի արհեստագիտութեան կարեւորագոյն խորհրդաժողովներէն մէկը հանդիսացող յատուկ հաւաքին, որ յատկացուած է շարժական հեռահաղորդակցութեան միջոցներու:
Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի Փոխադրութեան, հաղորդակցութեան եւ տեղեկութիւններու արհեստագիտութեանց նախարար Վահան Մարտիրոսեան։
«Զանգի»ի հիմնադիր Վահրամ Մարտիրոսեան կը յայտնէ, թէ ընկերութիւնը յատուկ կրպակ մը կ՚ունանայ մէկ շաբաթեայ այս խորհրդաժողովին մէջ, նպաստելու համար «Զանգի»ի համաշխարհային տարածումը ապահովելու ջանքերուն։
Հայաստանի մէջ արտադրուող այս սպասարկութիւնը արդէն իսկ սկսած է գործածուելու մեծ թիւով հայերու եւ օտարներու կողմէ, որովհետեւ անոր մատուցած ծառայութեան որակը հաւասար է վերոնշեալ հեռահաղորդակցական սպասարկութեանց եւ երբեմն նոյնիսկ՝ կը գերազանցէ զանոնք։ Այս մասին կը յայտնէ Վահան Մարտիրոսեան, որ կ՚աւելցնէ նաեւ, թէ «Զանգի»ի իւրայատուկութիւններէն մէկը այն է, որ կրնայ հաղորդակցիլ նոյնիսկ, երբ համացանցային կապի որակը ցած է։ Սպասարկութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել zangi.com կայքէջը։