ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ 23 ՄԵՏԱՅԼ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԻՆԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Հայաստան այս տարի աննախադէպ արդիւնքներ արձանագրած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Նոյշթատթ քաղաքին մէջ Փետրուար 25-ին տեղի ունեցած MUNDUS VINI 20th Grand International Wine Awards միջազգային մրցանակաբաշխութեան: Մրցոյթին մասնակցած հայկական գինեգործական ընկերութիւններու ներկայացուցած արտադրանքը արժանացած է 23 մետայլի`10 ոսկի եւ 13 արծաթ, կը յայտնեն Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժնէն:
Հայկական գինեգործական ընկերութիւններու մասնակցութիւնը ապահովուած է Հայաստանի Խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամը Զարգացող երկիրներէն ներմուծման խթանման կեդրոնի (CBI) աջակցութեամբ:
Հայաստանէն մրցոյթին մասնակցած են 19 գինեգործական ընկերութիւններ՝ գնահատող յանձնաժողովի դատին ներկայացնելով 58 տեսակի հանգիստ եւ փրփրուն գինիներ: Ընդհանուր առմամբ մրցոյթին ներկայացուած էին շուրջ 6 հազար տեսակի գինիներ աշխարհի 44 երկիրներէ: Հայաստան իր նուաճած մետայլներու քանակով առաջ անցած կարգ մը երկիրներէ, ինչպէս՝ Վրաստան (4 ոսկի, 7 արծաթ), Մոլտովա (8 ոսկի, 12 արծաթ), Մակեդոնիա (6 ոսկի, 3 արծաթ), Ռումանիա (6 ոսկի, 5 արծաթ), Չինաստան (1 ոսկի, 1 արծաթ): Հայաստան մետայլներու քանակով 14-րդն է Նոր Զելանտայի եւ Հունգարիոյ հետ:
Մրցոյթին մասնակցած գինիները գնահատուած են շուրջ 200 հեղինակաւոր մասնագէտներէ կազմուած դատակազմի մը կողմէ, որուն կազմին մէջ առաջին անգամ ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանէն ներկայացուցիչ մը՝ Տրինիտի ՍՊԸ-ի գինեգործ Արտէմ Բարսեղեան:
Հայկական գինիները համտեսելու նպատակով MUNDUS VINI 20th Grand International Wine Awards մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս կազմակերպուած է կալա-ընթրիք մը: Հայկական գինիներու համտեսի ներքոյ «Կոլտըն Կրէյպ Արմաս» գործարանի գլխաւոր տնօրէն Վիքթորիա Ասլանեան ներկայացուցած է Հայկական գինիներու շնորհանդէս, որ արժանացած է «Լաւագոյն շնորհանդէս» մրցանակին:
Ընթրիքին նպատակն էր նպաստել ինչպէս Եւրոմիութեան, այնպէս ալ աշխարհի տարբեր երկիրներու շուկաներուն մէջ հայկական գինեգործական ոլորտի ճանաչելիութեան բարձրացման, արտահանման ծաւալներու աճի խթանման եւ նոր գործընկերներու բացայայտման: