25-ԱՄԵԱՅ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց հիմնադրամի կեդրոնը։ Ծանօթ է, որ ան ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդը։
Հիմնադրամի գրասենեակէն ներս Սերժ Սարգսեան կատարեց շրջայց մը եւ զրուցեց աշխատակիցներուն հետ։ Ան գնահատելի համարեց, որ այս հիմնադրամը մշտապէս աշխատած էր թափանցիկ։ Իր համոզմամբ, հիմնադրամի գործունէութիւնը պէտք է շարունակուի՝ ըլլալով համահայկական կարեւորագոյն կառոյցներէն մին։
Ըստ Սարգսեանի, որքան որ ալ պետութիւնը արդէն ճանապարհ մը անցած ըլլայ, տակաւին ունի բազում մարտահրաւէրներ։ Անոնցմէ ոմանք կրնան դիմագրաւուիլ միայն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աշխոյժ գործունէութեամբ։