ՆԻՒՐԸՆՊԵՐԿԻ ՄԷՋ ՄՐՑԱՆԱԿ
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր շաբաթավերջին արժանացաւ հերթական մրցանակի մը։ Նիւրընպերկի մէջ այս տարի 22-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ Թուրքիա-Գերմանիա շարժանկարի փառատօնը։ Այս առթիւ Արա Կիւլէրին եւ գերմանացի արուեստագէտ Եուրկեն Եուրկեսին շնորհուեցան պատուոյ մրցանակներ։
Փառատօնի բացման առթիւ կազմակերպուած կալային ներկայ գտնուեցան Նիւրընպերկի քաղաքապետ Ուլրիխ Մալի եւ Նիւրընպերկի մօտ Թուրքիոյ աւագ հիւպատոս Եավուզ Քիւլ։ Բացումին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ատիլ Քայա, որ ներկայացուց այն կարճաժամկէտ ու երկարաժամկէտ ժապաւէնները, որոնք կը մասնակցին այս տարուան մրցոյթին։ Կալայի ընթացքին շնորհուեցան պատուոյ մրցանակները։ Արա Կիւլէրի մրցանակը յանձնեց քաղաքապետ Մալի։ Իսկ Եուրկեն Եուրկես իր մրցանակը ստացաւ ձեռամբ Իւլքէր Լիվանելիի, որ կողակիցին է յայտնի արուեստագէտ Զիւլֆիւ Լիվանելիի։
Որպէս պատուոյ հիւր՝ փառատօնին մասնակցեցաւ նաեւ Զիւլֆիւ Լիվանելի, որ իր ելոյթին մէջ դրուատեց երկու ծանօթ արուեստագէտները։ «Անոնք կը տեսնեն այն ինչ, զոր մենք չենք կրնար տեսնել», ըսաւ Լիվանելի։
Երբ Արա Կիւլէր կը ստանար իր մրցանակը, ցուցադրուեցաւ կարճ ժապաւէն մը՝ իր լուսանկարչութեան մասին։ Աւելի վերջ ցուցադրուեցաւ նաեւ Արա Կիւլէրի կեանքին ու գործունէութեան ձօնուած «Իսթանպուլի աչքը» խորագրեալ փաստավաւերագրական ժապաւէնը։
Պատուոյ մրցանակը ստանալու ժամանակ Արա Կիւլէր իր ուրոյն ոճով ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Լուսանկարելը չի նշանակեր միայն լուսանկարել։ Գործին մէջը բան մը կայ։ Ամէն ինչ պատճառ մը ունի։ Աշխարհ ի զուր չի դառնար»։