ԱՌԱՋԻՆ ՇՓՈՒՄԸ…

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան շա­բա­թա­վեր­ջին հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ռեքս Թի­լըր­սը­նի հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան այս առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րեց իր ա­մե­րի­կա­ցի պաշ­տօ­նա­կի­ցը՝ ստանձ­նած պաշ­տօ­նին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան հա­մո­զուած է, որ ար­դէն քա­ռորդ դա­րեայ պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող Հա­յաս­տան-ԱՄՆ միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ ներ­կայ բարձր մա­կար­դա­կի բա­րե­կա­մա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը նոր լիցք պի­տի ստա­նան հա­մա­տեղ ջան­քե­րով։

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար՝ պե­տա­կան քար­տու­ղար Թի­լըր­սըն ընդգ­ծեց, որ ԱՄՆ կ՚ար­ժե­ւո­րէ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած ջերմ ու ա­մուր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ պատ­րաստ է շա­րու­նա­կել ա­նոնց ա­ռա­ւել զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քը։

Հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Նալ­պան­տեան եւ Թի­լըր­սըն անդ­րա­դար­ձան երկ­կող­մա­նի յա­գե­ցեալ օ­րա­կար­գի բազ­մա­թիւ հար­ցե­րուն, ա­ռեւտ­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման, քննար­կուե­ցան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին շարք մը հրա­տապ խնդիր­ներ։ Ռեքս Թի­լըր­սըն ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղա­պահ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի կող­մէ բե­րուած նշա­նա­կա­լի ներդ­րու­մին հա­մար։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ բարձր գնա­հա­տեց Սու­րիա­յէն տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր փախս­տա­կան­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­պաս­տան տա­լու հան­գա­ման­քը։ Եր­կու նա­խա­րար­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու նպա­տա­կով ձեռ­նար­կուած քայ­լե­րուն շուրջ։ Նալ­պան­տեան ներ­կա­յա­ցուց հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիի վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ շեշ­տուե­ցաւ ան­ցեալ տա­րի Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու կա­տար­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Ռեքս Թի­լըր­սըն վստա­հե­ցուց, որ ԱՄՆ պի­տի շա­րու­նա­կէ աշ­խոյժ ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման նպա­տա­կով։

Մինչ այդ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս կազ­մա­կեր­պուած դես­պա­նա­հա­ւաքն ալ շա­բա­թա­վեր­ջին հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Նա­խա­րա­րու­թեան կեդ­րո­նի անձ­նա­կազ­մի վեր­նա­խա­ւը, Հա­յաս­տա­նի մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ աշ­խար­հի զա­նա­զան մայ­րա­քա­ղաք­նե­րուն մէջ պաշ­տօ­նա­վա­րող դես­պան­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն հա­մախմ­բուած էին Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Դես­պա­նա­հա­ւա­քի ծրագ­րի ա­ռա­ջին փու­լը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ար­ցա­խի մէջ, իսկ ա­ւե­լի վերջ աշ­խա­տանք­նե­րը ըն­թա­ցան Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան եր­դի­քին տակ, Ե­րե­ւան։ Բա­ցի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նէն, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան եւ դես­պա­նա­հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը մէկ­տե­ղուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեա­նի, Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի, Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեա­նի, Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու հետ։

Միւս կող­մէ, Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած դես­պա­նա­հա­ւա­քին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան։ Այս առ­թիւ ան ա­ռան­ձին հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի  հետ։ Քննար­կուե­ցան դես­պա­նա­հա­ւա­քի ար­դիւնք­նե­րը։ Ի նշա­նա­ւո­րումն Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ նշա­նա­կա­լի դե­րա­կա­տա­րու­թեան եւ զգա­լի ա­ւան­դին՝ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան զին­քը պար­գե­ւատ­րեց Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան Ա­ռա­ջին աս­տի­ճա­նի պա­տուոյ մե­տայ­լով։

Երկուշաբթի, Մարտ 6, 2017