«ԱՐԱՍ»ԷՆ՝ AURORA

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը այս շրջա­նին լոյս ըն­ծա­յած է AURORA գիր­քը։ Չմշ­­կա­ծա­գէն մին­չեւ Հո­լի­վուտ՝ սա կնոջ մը կեանքն է եւ այդ ո­դի­սա­կա­նին վրայ պատ­րաս­տուած է նաեւ ժա­պա­ւէն մը։ 1915-ի մա­զա­պուրծ 14-ա­մեայ Ար­շա­լոյ­սին ո­դի­սա­կանն է այս մէ­կը։ Ան Չմշ­­կա­ծա­գի մէջ ա­կա­նա­տես ե­ղած էր իր ժո­ղո­վուր­դի ոչն­չաց­ման ու մի առ մի կորսն­ցու­ցած՝ իր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը։ Հա­կա­ռակ իր են­թար­կուած մարմ­նա­կան ու հո­գե­կան չար­չա­րանք­նե­րուն, ան յա­ջո­ղած էր մնալ կեն­դա­նի։ 1915-ին մա­հէ փրկուե­լէ վերջ ան մեկ­նած էր Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Եր­կու տա­րի անց Հեն­րի Կէյ­ցի կող­մէ հրա­տա­րա­կուած է իր ո­դի­սա­կա­նը, որ ու­շագ­րաւ դար­ձած է նաեւ Հո­լի­վու­տի ար­տադ­րիչ­նե­րուն հա­մար։ Այս­պէ­սով, AURORA կը պար­տա­ւո­րուի վեր­յի­շել իր ցնցու­մը, թրաւ­ման՝ զայն շար­ժան­կա­րի հա­մար ներ­կա­յաց­նե­լու ժա­մա­նակ։

«Ա­րաս»ի հրա­տա­րա­կած գիր­քի խմբա­գիրն է Էն­թը­նի Սլայտ։ Ան կանգ ա­ռած է հար­ցի այս ե­րե­սա­կին վրայ։ Ցու­ցադ­րու­թեան շրջա­նին ար­ժա­նա­ցած հե­տաքրք­րու­թեամբ մրցա­նիշ­ներ կոտ­րած AURORA-ն յա­ջոր­դող շրջա­նին ան­հե­տա­ցած է եւ ան­կէ հա­զիւ քա­նի մը դրուագ­ներ մնա­ցած են։ Էն­թը­նի Սլայ­տի այս գոր­ծը անգ­լե­րէ­նէ թրքե­րէ­նի թարգ­մա­նած է Էվ­րիմ Քա­յա։ Շար­ժան­կա­րի աշ­խար­հի յայտ­նի վար­պետ Ա­տոմ Է­կո­յեանն ալ յա­ռա­ջա­բան մը գրի ա­ռած է գիր­քին հա­մար։ Էն­թը­նի Սլայտ, որ 1944-ին ծնած է, համ­բաւ ձեռք բե­րած է զուար­ճան­քի ար­դի աշ­խար­հի վե­րա­բե­րեալ իր աշ­խա­տանք­նե­րով։

Այս գոր­ծը հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տած է Սօ­սի Տո­լա­նօղ­լու, իսկ կող­քի ձե­ւա­ւո­րու­մը կա­տա­րած է՝ Ա­րէտ Կը­ճըր։

Գիր­քին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ճո­խա­ցուած է շարք մը լու­սան­կար­նե­րով։

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017