ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Փարիզ՝ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հրաւէրին ընդառաջ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ կ՚ունենայ Ֆրանսայի բարձրագոյն ղեկավարութենէն դէմքերու հետ։ Բացի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտէն, Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ կ՚ունենայ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի, Ազգային ժողովի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնի, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի, ինչպէս նաեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանի հետ։ Հայ-ֆրանսական բարձր մակարդակի բանակցութիւններէն վերջ պիտի ստորագրուին շարք մը փաստաթուղթեր, որոնք ուղղուած են երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ համագործակցութեան խորացման։ Փարիզի մէջ նախատեսուած են Սերժ Սարգսեանի հանդիպումները Ֆրանսայի գործարար շրջանակներուն, նաեւ Եւրոպայի հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Փարիզէն վերջ պիտի անցնի նաեւ Լիոն, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ քաղաքապետ Ժերար Քոլոմպի հետ։