ՔԻՉԵՐ ԵՆ ՈՐ Կ՚ԸՆՏՐՈՒԻՆ

«Կ՚ը­սեմ ձե­զի, որ ա­ռա­ջին հրա­ւի­րեալ­նե­րէն ո՛չ մէ­կը իմ ընթ­րի­քէս պի­տի ճա­շա­կէ» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 24)։ Այս­պէս կ՚ը­սէ ա­ռա­կը, ուր Յի­սուս կը պատ­մէ հրա­ւի­րեալ­նե­րու եւ ընտ­րեալ­նե­րու մա­սին։

Ար­դա­րեւ Յի­սուս յա­ճախ կը խօ­սէր երկ­նա­յին ար­քա­յու­թեան, յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի եւ հո­գե­ւոր ապ­րում­նե­րու վրայ, որ­պէս­զի մար­դիկ անդ­րա­դառ­նան հո­գիին՝ որ ընդ­հան­րա­պէս կ՚ան­տե­սուի աշ­խար­հա­յին կեան­քի զբա­ղում­նե­րու բազ­մու­թեան մէջ, կը նա­խընտ­րուի նիւ­թը եւ նիւ­թա­կա­նը։ Ուս­տի երկ­նա­յին ար­քա­յու­թեան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը լաւ հասկց­նե­լու հա­մար, Յի­սուս զա­նա­զան ա­ռակ­ներ պատ­մե­լով կ՚ու­զէր պատ­կե­րաց­նել հո­գե­ւոր կեան­քը եւ երկ­նա­յին յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քը։

Ա­հա­ւա­սիկ այ­լա­բա­նա­կան բա­ցա­տու­թիւն­նե­րէն մէկն է ըն­դու­նե­լու­թեան մը հրա­ւէ­րը։ Ըստ ա­ռա­կին, մարդ մը ընթ­րիք մը կը սար­քէ եւ իր բա­րե­կամ­նե­րը կը հրա­ւի­րէ։ Հրա­ւի­րեալ­նե­րը զա­նա­զան պատ­րուակ­նե­րով եւ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րով հետզ­հե­տէ կը հրա­ժա­րին ըն­դա­ռա­ջե­լէ կա­տա­րուած հրա­ւէ­րին։ Ո­մանք կ՚ը­սեն, թէ «արտ գնած են, եւ պէտք է ար­տը տես­նե­լու եր­թան», ու­րիշ­ներ կ՚ը­սեն. «Եզ գնե­ցի, պէտք է եր­թամ եւ փոր­ձեմ զա­նոնք…», եւ ու­րիշ մըն ալ իր նոր ա­մուս­նա­ցած ըլ­լա­լը պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով կը մեր­ժէ հրա­ւէ­րը։

Ա­սոր վրայ, տան­տէ­րը կը հրա­ւի­րէ քա­ղա­քի բո­լոր աղ­քատ, խե­ղան­դամ, կաղ եւ կոյ­րե­րը՝ ան­ծա­նօթ­ներ, որ տու­նը լե­ցուի եւ ընթ­րի­քը կա­տա­րուի։ Ա­նոնք կ՚ըն­դա­ռա­ջեն բայց տա­կա­ւին պա­րապ տեղ կը մնայ տան մէջ՝ ընթ­րի­քի սե­ղա­նին շուրջ։ Ու­րեմն, տան­տէ­րը, այս ան­գամ կը հրա­ւի­րէ քա­ղա­քէն դուրս գտնուած եւ ճամ­բա­նե­րու վրայ, դաշ­տե­րու մէջ բնա­կող մար­դի­կը՝ որ­պէս­զի հաց­կե­րոյ­թը հրա­ւի­րեալ­նե­րով ամ­բող­ջա­նայ եւ ընթ­րի­քը հաս­նի իր նպա­տա­կին՝ շա­տեր կե­րակ­րուին եւ օգ­տուին ընթ­րի­քի սե­ղա­նէն։ Եւ ա­ռա­կը կը վեր­ջա­նայ սա խօս­քե­րով. «Կ՚ը­սեմ ձե­զի, որ ա­ռա­ջին հրա­ւի­րեալ­նե­րէն ո՛չ մէ­կը իմ ընթ­րի­քէս պի­տի ճա­շա­կէ» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 24)։­

Այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ շա­տեր կը հրա­ւի­րուին, բայց քի­չեր ար­ժա­նի կ՚ըլ­լան այդ հրա­ւէ­րին։

Ա­ռա­կը, ար­դա­րեւ, Աս­տու­ծոյ նա­խախ­նա­մու­թեան եւ տնօ­րի­նու­թեան հան­դէպ մար­դոց դիր­քո­րո­շու­մը կը յայտ­նէ, ի՛նչ որ յա­ճախ կը պա­տա­հի մարդ­կա­յին ա­մե­նօ­րեայ կեան­քին մէջ եւ քի­չեր կ՚անդ­րա­դառ­նան ա­նոր։

Ա­ռա­կին մէջ, նախ՝ «Մարդ»ը Աս­տուած Ի՛նք է։ Իսկ ընթ­րի­քը՝ ո­րուն կը հրա­ւի­րուին շա­տեր, հո­գե­ւոր պաշ­տա­մուն­քի սե­ղանն է՝ Աս­տու­ծոյ ար­քա­յու­թիւ­նը, որ կը սպա­սէ բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ եւ հա­ւա­տա­րիմ մար­դոց։ Հրա­ւէ­րը՝ ար­քա­յու­թիւն ըն­դու­նե­լու­թեան կոչ մըն է, որ կը կա­տա­րուի ա­ռա­քեալ­նե­րու, մար­գա­րէ­նե­րու եւ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու, քա­րո­զիչ­նե­րու մի­ջո­ցով։

Ա­ռա­կին մէջ, ա­ռա­ջին խում­բը կը կազ­մեն Հրեայ ժո­ղո­վուր­դը, ո­րոնք ան­հե­տաքր­քիր են եւ ան­տար­բեր աս­տուա­ծա­յին ճշմար­տու­թեան։ Ա­նոնք ի­րենց հան­գիս­տը չեն վրդո­վեր, գոհ են ի­րենց վի­ճա­կէն եւ չեն ու­զեր խան­գա­րուիլ եւ ի­րենց հան­դար­տու­թիւ­նը վնա­սել։

Ա­սոնք ընդ­հան­րա­պէս հո­գե­ւոր կեան­քէ հե­ռու, կրօն­քի եւ ե­կե­ղե­ցիի չհա­ւա­տա­ցող­ներ են՝ աշ­խար­հա­յին վար­դա­պե­տու­թիւն­նե­րու կա­պուած, նիւ­թա­պաշտ եւ զա­նա­զան աշ­խար­հա­սի­րու­թեան հո­սանք­նե­րէ տա­րուող ան­ձեր, ո­րոնք բա­րե­կա­մին իսկ հրա­ւէ­րին կա­րե­ւո­րու­թիւն չեն ըն­ծա­յեր։

Քիչ մը եւս ա­ռաջ եր­թա­լով, կա­րե­լի է ը­սել, թէ այս տե­սակ ան­ձեր, հո­գիին, հո­գե­կա­նին գո­յու­թիւ­նը եւ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը չճան­ցող, ու­րա­ցող մար­դիկ են։

Ա­նոնք ա­նաս­տուած­ներ, Աս­տուած ու­րա­ցող­ներ են, ո­րոնք Աս­տու­ծոյ, հո­գիի եւ հո­գե­ւո­րի, կրօն­քի եւ ե­կե­ղե­ցիի հետ ո­րե­ւէ կապ չու­նին, չեն այ­ցե­լեր սուրբ վայ­րեր, ե­կե­ղե­ցի չեն յա­ճա­խեր, հե­ռո՛ւ են ա­մէն հո­գե­ւոր հան­դի­սու­թիւն­նե­րէ, օ­տա­րի պէս կը վա­րուին։

Երկ­րորդ խում­բին պատ­կա­նող հրա­ւի­րեալ­ներ, ար­դա­րեւ ան­հա­ւատ չեն ե­րե­ւիր, չեն ը­սեր թէ չե՛ն հա­ւա­տար եւ սա­կայն ի­րենք զի­րենք են­թար­կած են տար­բեր գոր­ծե­րու եւ զբա­ղում­նե­րու, ը­սենք, փո­խա­նակ հա­սա­րա­կու­թեան ծա­ռա­յե­լու ի­րենք ի­րենց­մով կը բա­ւա­րա­րուին, ան­տար­բեր չեն բայց շատ ալ հե­տաքր­քիր չեն ե­րե­ւիր, աս­տուա­ծա­յին գոր­ծե­րու, Աս­տու­ծոյ յատ­կա­ցուե­լիք հո­գե­ւոր խրախ­ճան­քի, հո­գե­ւոր վա­յել­քի պա­հե­րը յատ­կա­ցու­ցած են դրամ շա­հե­լու, վաստ­կե­լու։ Հո­գե­ւո­րը չեն մեր­ժեր, բայց շատ ալ կա­րե­ւո­րու­թիւն չեն ըն­ծա­յեր։

Այս­պի­սի­ներ, դժբախ­տա­բար ա­ռեւ­տու­րը ա­ղօթ­քի վե­րա­ծած են. «աշ­խա­տի՛լն ալ ա­ղօ­թե­լու հա­մա­զօր է» խօս­քը պատ­րուակ բռնե­լով՝ փո­խա­նակ ա­ղօ­թե­լու, պաշ­տա­մուն­քի մաս­նակ­ցե­լու կ՚աշ­խա­տին… կ՚աշ­խա­տին ան­դա­դար, ա­ռանց ընդ­մի­ջու­մի։

Ա­նոնք ի­րենք զի­րենք հա­մո­զե­լով եւ ինք­նա­խա­բէու­թեամբ՝ թէ մէ՛կ ան­գամ պի­տի գան աշ­խարհ եւ ապ­րին այս ժա­մա­նա­կա­ւոր կեան­քը, տե­ւա­պէս «կը դի­զեն» եւ ա­պա «կեր, արբ եւ ու­րախ լեր»ի մտայ­նու­թեամբ կը զուար­ճա­նան եւ կեան­քը իբր թէ կը վա­յե­լեն, խոր­հե­լով թէ այս կեան­քը վերջ պի­տի գտնէ ի վեր­ջոյ եւ քա­նի որ վա­ղը մեռ­նե­լու վտան­գը կայ։ Ու­րեմն ի՛նչ որ վա­յե­լեն՝ շա՛հ է։

Եւ ո­մանք այս մա­սին այն­քան յա­ռաջ կ՚եր­թան որ Աս­տու­ծոյ պաշ­տօ­նեա­նե­րը կը զրպար­տեն, կը հա­լա­ծեն եւ ե­թէ գործ­նա­կա­նա­պէս չեն կրնար սպան­նել եւ ոչն­չաց­նել, կը ջա­նան բա­րո­յա­պէս սպան­նել զա­նոնք ի­րենց լե­զու­նե­րու թոյ­նով՝ բամ­բա­սե­լով, չա­րա­խօ­սե­լո՛վ։

Ա­նոնց տե­սա­կէ­տով՝ փո­խա­նակ նե­րե­լու պէտք է զայ­րա­նալ եւ փո­խա­նակ սի­րե­լու պէտք է ա­տել։ Աշ­խար­հի ընդ­հա­նուր կա­նո­նա­կար­գը ա՛յս է՝ ի­րա­րու միշտ մրցկից ապ­րիլ, քա­նի որ «մար­դը մար­դու գա՛յլն է»։­

Այդ մտայ­նու­թեան տէր մար­դիկ կրօն­քը, հա­ւատ­քը տկա­րու­թիւն, թե­րու­թիւն կը նկա­տեն, ա­ղօթ­քը ա­նոնց հա­մար ժա­մա­նա­կի վատ­նում է. նիւ­թա­կան հարս­տու­թիւ­նը, աշ­խար­հա­յին ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը կը գոր­ծա­րեն՝ Քրիս­տո­սի սի­րոյ եւ ար­դա­րու­թեան ձայ­նը խեղ­դե­լու։ Եւ ա­նոնց հա­մար կրօն­քը՝ աշ­խար­հա­յին ա­մէն տե­սակ վա­յելք­նե­րու եւ հա­ճոյք­նե­րու պաշ­տա­մունքն է։ Այս կ՚ար­տա­յայ­տուի՝ աշ­խար­հա­սի­րու­թեան եւ մարմ­նա­պաշ­տու­թեան մո­լու­թիւն­նե­րով։

Սա­կայն կեան­քի անձ­նա­կան եւ ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ թէ՝ Աս­տու­ծոյ ու­րա­ցու­մը, Աս­տու­ծոյ դէմ ըմ­բոս­տու­թեան եւ պայ­քա­րի վեր­ջա­ւո­րու­թիւ­նը կ՚ըլ­լայ կոր­ծա­նում, ոչն­չա­ցում եւ դժո՛խք։

Մարմ­նա­պաշ­տու­թեան եւ աշ­խար­հա­սի­րու­թեան ակն­յայտ­նի մէկ օ­րի­նա­կը կա­րե­լի է նկա­տել Հռո­մէա­կան կայս­րու­թեան վեր­ջին շրջա­նը՝ որ ամ­բողջ կայս­րու­թիւ­նը կոր­ծա­նեց, վեր­ջա­ցուց եւ պատ­մու­թեան մաս կազ­մել տուաւ։

Եւ դար­ձեալ, ընդ­հա­նուր պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ, թէ նոյն ըն­թաց­քը ու­նե­ցող հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ մա­տնուած են նոյն վախ­ճա­նին։

Վեր­ջա­պէս եր­րորդ խում­բը հրա­ւի­րուած եւ ե­կած է ճաշ­կե­րոյ­թին։ Բայց այս մար­դի­կը պատ­շաճ հա­գուստ չեն կրեր, քա­նի որ հրա­ւէ­րի մը ըն­դա­ռա­ջե­լու հա­մար տու­նէն չեն ե­լած, ա­նակն­կա­լի հան­դի­պած, պա­տահ­մամբ հրա­ւի­րուած են։ Ար­դա­րեւ մտադ­րու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է նպա­տա­կի մը ծա­ռա­յե­լու հա­մար. այ­լա­պէս ար­տաք­նա­պէս եւ պա­տա­հա­կան հրա­ւի­րեալ­ներ կ՚ըլ­լան ո­րե­ւէ հան­դի­սու­թեան, իսկ ներք­նա­պէս, հո­գե­պէս այդ դիր­քին եւ պա­տի­ւին մար­դի­կը չեն՝ ընտ­րու­թեան ար­ժա­նի ան­ձեր չեն եւ ու­րեմն կ՚ար­տաք­սուի՛ն հան­դի­սու­թեան վայ­րէն։

Եր­բեմն կը հար­ցուի, թէ երբ մէ­կը հրա­ւի­րուած է, պէտք է ան­մի­ջա­պէս ըն­դա­ռա­ջէ, ա­պա ու­րեմն ի՞ն­չու հա­մար ա­նի­րաւ կեր­պով կ՚ար­տաք­սուին ա­նոնք։ Պարզ է՝ ա­նոնք կրնա­յին շու­տով տուն եր­թալ եւ հա­գուս­տը փո­խել եւ յար­մար հա­գուս­տով հրա­ւէ­րին մաս­նակ­ցիլ։

Եւ այդ ան­յար­մար հա­գուս­տով մաս­նակ­ցիլ՝ պար­զա­պէս հրա­ւի­րո­ղին դէմ նա­խա­տինք մըն է։

Այս կը նշա­նա­կէ՝ ար­տաք­նա­պէս, ի ցոյց մարդ­կան հա­ւա­տա­ցեալ ըլ­լալ եւ ներք­նա­պէս, ո­գիով ու­րա­նա՛լ…։

- Մա­սամբ օգ­տուե­ցանք՝ Բաբ­գէն Աւ. Քհնյ. Մագ­սու­տեա­նի «Յի­սուս Քրիս­տո­սի Ա­ռակ­նե­րը» գիր­քէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 4, 2017, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Մարտ 7, 2017