ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՊԻՇՔԷՔԻ ՄԷՋ

Խրղը­զիս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Պիշ­քէ­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵԱՏՄ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու վար­չա­պետ­նե­րուն ժո­ղո­վը։ Եւ­րոա­սիոյ միջ­կա­ռա­վա­րա­կան խոր­հուր­դի այս ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան։ Պիշ­քէ­քի մէջ ան ընդգ­ծեց, որ Ե­րե­ւան մտա­դիր է հե­տե­ւո­ղա­կան ու հա­մա­կար­գուած աշ­խա­տանք մը տա­նիլ՝ ԵԱՏՄ-ի նե­րու­ժի լիար­ժէք օգ­տա­գործ­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Պիշ­քէ­քի մէջ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ու­նե­ցաւ նաեւ շարք մը երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ։ Այս ծի­րէն ներս ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Խրղը­զիս­տա­նի Նա­խա­գահ Ալ­մազ­պէք Ա­թամ­պա­յե­ւի կող­մէ։ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ։ Պիշ­քէ­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին եր­կու վար­չա­պետ­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին ի­րենց պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար հայ-ռու­սա­կան դաշ­նակ­ցա­յին գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայ­նու­մը թէ՛ երկ­կող­մա­նի գետ­նի վրայ եւ թէ ԵԱՏՄ-ի շրջա­նակ­նե­րէն ներս ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու աշ­խու­ժաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, զրու­ցա­կից­նե­րը անդ­րա­դար­ձան ան­ցեալ Յու­նուա­րին Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի դէ­պի Ռու­սաս­տան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու կա­տար­ման ըն­թաց­քին։ Ա­նոնք մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ ա­ռին Հա­յաս­տան-Ռու­սաս­տան ներդ­րու­մա­յին հիմ­նադ­րա­մի ստեղծ­ման, Մեղ­րիի ա­զատ տնտե­սա­կան գօ­տիին մէջ ռու­սա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ներգ­րաւ­ման, գիւ­ղատն­տե­սա­կան բնա­գա­ւա­ռին հա­մար սար­քա­ւո­րում­նե­րու մա­տա­կա­րար­ման վրայ։ Եր­կու վար­չա­պետ­նե­րը քննար­կե­ցին նաեւ հայ-ռու­սա­կան տնտե­սա­կան օ­րա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու լայն շրջա­նակ մը։

Ա­ւե­լի վերջ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն յա­ւե­լեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ հա­ղոր­դեց Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ իր ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան բո­վան­դա­կու­թեան շուրջ։ «Իմ Մոս­կուա այ­ցե­լու­թե­նէն յե­տոյ բա­ւա­կան խտա­ցեալ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան մեր զա­նա­զան գե­րա­տես­չու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն եւ նա­խա­րար­նե­րուն մի­ջեւ։ Այդ ծի­րին մէջ էր նաեւ ան­ցեալ Ուր­բաթ օ­րուան հան­դի­պում­նե­րը՝ ներդ­րում­նե­րու եւ տնտե­սա­կան զար­գաց­ման նա­խա­րա­րի եւ ելմ­տա­կան նա­խա­րա­րի հետ։ Մետ­վե­տե­ւի հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ քննար­կե­ցինք այն պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ձեռք բե­րուած են Մոս­կուա այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, նաեւ ճշդե­ցինք, թէ ո՛ւր կը գտնուինք եւ դէ­պի ո՛ւր կ՚ըն­թա­նանք», ը­սաւ Կա­րա­պե­տեան։

Պիշ­քէ­քէն Ե­րե­ւան վե­րա­դար­ձին օ­դա­նա­ւին մէջ լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան մատ­նան­շեց, որ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ շօ­շա­փած են նաեւ ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Ռու­սա­կան կող­մի մաս­նակ­ցու­թեամբ յա­ռա­ջի­կա­յին կը նա­խա­տե­սուին Հա­յաս­տա­նի հան­քե­րէն ներս հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ։ «Ճշդե­ցինք մեր հե­տա­գայ քայ­լե­րը», ընդգ­ծեց Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան՝ իր ռուս պաշ­տօ­նակ­ցին հետ ու­նե­ցած հան­դի­պու­մէն վերջ։ 

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017