8 ՄԱՐՏ ԿԱՆԱՆՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ

Հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րո­ղու­թեամբ տօ­նա­կա­տա­րուող Մի­ջազ­գա­յին օ­րե­րու շար­քին իր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տե­ղը կը գրա­ւէ Կա­նանց մի­ջազ­գա­յին օ­րը:

Մարտ 8-ին, աշ­խար­հի չորս կող­մը լու­սար­ձակ­նե­րը կը կեդ­րո­նա­նան կա­նանց վրայ՝ մարդ­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան մէջ կնոջ վե­րա­պա­հուած տեղն ու դե­րը ար­ժե­ւո­րե­լու եւ մե­ծա­րե­լու հա­մար: Մա­մու­լը յա­ճախ կ՚ար­ծար­ծէ կնո­ջա­կան հար­ցե­րը՝ զա­նա­զան դի­տան­կիւն­նե­րէ. իսկ իւ­րա­յա­տուկ «օր»եր ա­ռիթ­ներ են լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լու  ի­գա­կան գոր­ծօ­նի դե­րա­կա­տա­րու­թիւնն ու ի­րա­վի­ճա­կը, կա­տա­րե­լով ախ­տա­ճա­նա­չում­ներ, սա­կայն հա­զուա­դէ­պօ­րէն յան­գե­լով շեշ­տա­կի գործ­նա­կան լու­ծում­նե­րու:

Ինչ­պէս ծա­նօթ է 20-րդ դա­րու սկիզ­բը բազ­մա­թիւ կի­ներ մուտք գոր­ծե­ցին աշ­խա­տան­քի աս­պա­րէզ՝ ցած աշ­խա­տա­վար­ձեր ստա­նա­լով եւ վատ պայ­ման­նե­րու մէջ ստի­պո­ղա­բար աշ­խա­տե­լով:

20-րդ դա­րու սկիզ­բը ա­րա­գըն­թաց թա­փով ծա­գում ա­ռին կա­նանց ար­հես­տակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րը թէ՛ Եւ­րո­պա­յի, եւ թէ մա­նա­ւանդ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ:

1905 թուականին Նիւ Եոր­քի մէջ, հիւ­սուա­ծե­ղէ­նի գոր­ծա­րա­նի մը մէջ աշ­խա­տող կի­ներ փո­ղոց ի­ջան՝ բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րով ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րը  պաշտ­պա­նե­լու հա­մար: Աշ­խա­տան­քի պայ­ման­նե­րու եւ աշ­խա­տա­վար­ձե­րու բա­րե­լաւ­ման պա­հանջ­նե­րով պայ­քա­րի ա­լիք մը ար­ձա­գանգ եւ տա­րա­ծում գտաւ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն:

Ըն­կեր­վա­րա­կան եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կողմ­նո­րո­շում  ու­նե­ցող ա­մե­րի­կեան եւ եւ­րո­պա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու կին գոր­ծիչ­նե­րը ի­րենց պատ­կա­նած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն պա­հան­ջե­ցին, որ միա­նան եւ ղե­կա­վա­րեն կի­նե­րու ան­հա­ւա­սա­րու­թեան դէմ սկսած պայ­քա­րը:

Այդ­պէս ալ ե­ղաւ: Երկ­րորդ Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի Քո­փեն­հա­կի հա­մա­գու­մա­րին ո­րո­շու­մը իր ա­ռա­ջին գոր­ծադ­րու­թիւ­նը ստա­ցաւ… 8 Մարտ… 1910 թուականին, երբ ա­մէ­նուր ըն­կեր­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը միա­ցան կի­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն՝ միաս­նա­բար բո­ղո­քի հա­ւաք­նե­րով եւ ցոյ­ցե­րով նշե­լու հա­մար Կա­նանց մի­ջազ­գա­յին օ­րը:

Հա­յաս­տա­նի մէջ կնա­մե­ծա­րու­թեան բա­ցա­ռիկ տօ­նի վե­րա­ծուած է Մար­տի 8-ը: Ա­նի­կա ո՛չ միայն ար­ձա­կուր­դի օր է, այ­լեւ՝ կա­նա­ցի գե­ղեց­կու­թեան նուի­ր-ւած խան­դա­ղա­տան­քի տօն դար­ձած է:

Հա­յաս­տաս­նի մէջ ոչ միայն մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ կը նշուի այս օ­րը, այ­լեւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ո­րո­շու­մով, պե­տա­կան տօ­նե­րու շար­քին ա­ւել­ցած է Մարտ 8-ը, որ­պէս Կա­նանց մի­ջազ­գա­յին օր` պահ­պա­նե­լով նաեւ նա­խա­պէս հաս­տա­տուած Ապ­րիլ 7-ի տօ­նը՝ որ­պէս Մայ­րու­թեան եւ գե­ղեց­կու­թեան օր:

Այ­սօր ա­մէ­նուր կը տօ­նուի Կա­նանց մի­ջազ­գա­յին օ­րը, որ իր սկզբնա­կան, գա­ղա­փա­րա­կան մար­տու­նա­կու­թե­նէն շատ բան կորսն­ցու­ցած ըլ­լա­լով հան­դերձ, ա­ռիթ է անդ­րա­դառ­նա­լու, թէ որ­քան ճամ­բայ առած է մարդ­կու­թիւ­նը իրաւունքներու հա­ւա­սա­րու­թեան եւ յա­ռաջ­դի­մու­թեան ի­մաս­տով: Ա­ռիթ է անդ­րա­դառ­նա­լու նաեւ միաս­նա­կա­նու­թեան ի­մաս­տին ու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի կա­րե­ւո­րու­թեան, որ շի­նիչ ձեռք­բե­րում­նե­րու կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ ի­մաս­տա­լից փո­փո­խու­թիւն­ներ յա­ռա­ջաց­նե­լով ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն մօտ: Կնոջ յաջողութիւնը պէտք է ընդուիլ ամէն մարզէ ներս…

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2017