Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԱՄԱՐԷ ՄԻՋԱՆԿԵԱԼ ՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՓՈՒԼ ՄԸ՝ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին այցելեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը։ Նորին Սրբազնութեան այցելութիւնը զուգադիպեցաւ յառաջիկայ շաբթուան կարեւոր իրադարձութիւններուն, մանաւանդ տեղապահի ընտրութեան նախօրեակին։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին ընդհանուր փոխանորդը ամփոփեց վերջին զարգացումները եւ մատնանշեց, որ միշտ կ՚աղօթէ՝ որպէսզի հարցերը լուծուին համերաշխ ու եղբայրական մթնոլորտի մը մէջ եւ ի վերջոյ մեր դարաւոր Պատրիարքական Աթոռը օժտուի արժանաւոր գահակալով մը։
Շինիչ սպասումներու մթնոլորտին մէջ փափաքեցանք Նորին Սրբազնութեան կարծիքը շօշափել մասնաւորապէս էական նիւթի մը շուրջ։ Արդարեւ, տեղապահը պիտի ընտրուի Եկեղեցականաց համագումարին կողմէ եւ ներկայիս համայնքային կեանքէն ներս շրջանառութեան մէջ են զանազան լսումներ, ըստ որոնց մեր եկեղեցականաց դասու անդամներուն վրայ կը բանեցուին ճնշումներ։ Ոմանք կը պնդեն, որ այդ ճնշումները Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի մերձաւորներուն կողմէ կը բանեցուին։ Ըստ այլ պնդումներու, կարգ մը աշխարհական գործիչներ հոգեւոր հայրերուն վրայ ճնշում կը բանեցնեն մանաւանդ ի նպաստ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի։ Երէկուան մեր զրոյցին ընթացքին ընդհանուր փոխանորդին նկատառման յանձնեցինք, որ այս բոլոր լսումները մտահոգիչ են եւ ինք արդեօք ի՞նչ կը մտածէ այս մասին։
Ի պատասխան մեր հարցման՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ ինքն ալ մտահոգութեամբ եւ խոր անհանգստութեամբ կը հետեւի այս բոլորին։ Ան տեղապահի ընտրութիւնը կը համարէ միջանկեալ ու կարեւոր փուլ մը՝ պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին։ Բայց եւ այնպէս, այս կարեւոր փուլին պէտք է յարգանք ցուցաբերել մեր հոգեւորականաց դասու կամքին նկատմամբ։ Պատրիարքական Աթոռը հետամուտ է երաշխաւորելու հոգեւոր հայրերու կամքի ազատ ու անկաշկանդ դրսեւորման։ Նորին Սրբազնութիւնը նշեց, որ իր կամ իր համակիրներուն կողմէ բացարձակապէս ճնշումներ չեն գործադրուիր հոգեւոր հայրերուն վրայ։ Հերքելով իրեն հասցէագրուած մեղադրանքները՝ Նորին Սրբազնութիւնը ըսաւ, որ մանրամասնօրէն տեղեակ է տխուր ցեխարձակումներուն։ Ըստ իրեն, մեր հոգեւոր հայրերը Պատրիարքական Աթոռին կողմէ չեն վարձատրուիր, այլ մեր թաղային խորհուրդները կը հոգան անոնց կարիքները։ Հետեւաբար, անհիմն են տնտեսական ճնշումներու վերաբերեալ պնդումները։ Մնաց որ, խորհրդակատարութիւններու պարագային նշանակումներն ալ կը համակարգուին մասնաւոր գրասենեակի մը կողմէ։ Կարճ խօսքով, այդ ամբողջ համակարգը զերծ է Նորին Սրբազնութեան ազդեցութենէն։ «Մենք միշտ եղբայրական զօրակցութեան ոգիով վարուած ենք մեր հոգեւոր եղբայրներուն հետ։ Ճնշումը մէկ կողմ, նոյնիսկ կը խուսափինք խստութեամբ վերաբերուելէ իրենց նկատմամբ, որովհետեւ կը գիտակցինք, թէ անոնք մեծ զոհողութիւններով կը ծառայեն՝ իրենց կոչման խոր գիտակցութեամբ», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Բաց աստի, ան անդրադարձաւ նաեւ կարգ մը աշխարհական գործիչներու կողմէ մեր հոգեւոր հայրերուն վրայ ճնշումներու բանեցման հարցին։ Նորին Սրբազնութիւնը յայտնեց, որ կը յարգէ բոլորի նախաձեռնութեան իրաւունքն ու ազատութիւնները։ Ան կը հասկնայ, որ ներկայ կարեւոր փուլին մեր աշխարհական վարիչները կը փափաքին երկխօսութեան մէջ ըլլալ հոգեւոր հայրերուն հետ։ «Սակայն, ցաւով կը վկայեմ, որ այդ յարաբերութիւնը ոմանց պարագային երբեմն դրական երկխօսութեան մը սահմանը բաւական կը հատէ։ Ներկայ նուրբ իրավիճակին մէջ ես նպատակայարմար չեմ նկատեր այս ուղղութեամբ ձայն բարձրացնել», ըսաւ ան ու կրկնեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը կը ջանայ միշտ երաշխաւորել մեր հոգեւոր հայրերուն խղճի ազատ դրսեւորումը։ Ընդհանուր փոխանորդի խօսքերով, կարգ մը աշխարհական վարիչներուն կողմէ առնուած քայլերը կը հասնին միջամտութեան սահմանին, ինչ որ բացարձակապէս անընդունելի է։ Եզրակացնելով իր խօսքը՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, որ ինք կը վստահի մեր հոգեւորականաց դասու անդամներու աչալրջութեան, առողջ դատողութեամբ։ Անոնք շուրջ ինն տարուան այս դժուարին գործընթացին մէջ ապրուածները կշիռքի վրայ դնելով, իրենց խղճի ձայնին հետեւելով պիտի ընտրեն տեղապահ մը։ Հետեւաբար, յարգանք պէտք է ցուցաբերել հոգեւորականաց դասու անդամներու կամքին, խղճի ձայնին նկատմամբ։