ԵՐԳ ԵՒ ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒ
Հայաստանեան զանգուածային լրատուական միջոցները, ընկերային ցանցերը այս շաբթուան սկիզբը պարզապէս «պայթեցան» հայկական ամենէն սիրուած ռաք խումբերէն մէկուն՝ «Ռեինկարնացիա» խումբի վերջին տեսահոլովակի հրապարակումէն ետք: «Պայթիւն»ը այնքան զօրեղ էր, որ անոր ալիքները տակաւին չեն հանդարտած: Հայ երիտասարդութեան եւ մանաւանդ՝ ռաք ժանրի երկրպագուներուն համար սիրելի այս նշանաւոր խումբը ձայնագրած եւ նկարահանած է «Փոխենք աշխարհը» խորագրով նոր երգ մը, որ իրականութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) նախընտրական քարոզարշաւի մեկնարկի երգն է: 5 Մարտին երգը հնչեց Հանրապետական կուսակցութեան առաջին նախընտրական հաւաքին ընթացքին՝ «Հրազդան» մարզադաշտին վրայ, մինչ այդ տեսահոլովակը արդէն տարածուած էր:
Տեսահոլովակին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան առաջին փոխ-նախագահ՝ Կարէն Կարապետեան ըստ բեմադրութեան, միանալով հարիւրաւոր երիտասարդ եւ ուրախ հանդիսականներու, ներկայ կը գտնուի «Ռեինկարնացիա» խումբի բացօթեայ համերգին, իսկ յետոյ կը միանայ երաժշտական խումբին եւ կը սկսի նուագել հարուածային գործիքներու վրայ: Կարէն Կարապետեանի հարուածային գործիքներու տիրապետելը, ըստ էութեան, նորութիւն չէր հայ հանրութեան համար. տակաւին անոր վարչապետ նշանակուելէն անմիջապէս ետք համացանցին վրայ յայտնուեցաւ վաղեմի տեսանիւթ մը, որուն մէջ Կարէն Կարապետեան երիտասարդութեան տարիներուն հարուածային գործիքներու վրայ կը նուագէր: Ատենին ան մեկնաբանելով այդ տեսանիւթը ըսած է, որ երիտասարդական տարիներուն ռաք խումբի մը մէջ նուագած է եւ սէր ունի երաժշտութեան հանդէպ: Ահաւասիկ, Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կենսագրութեան մէջ եղած այդ հանգամանքն ալ դարձած է տեսահոլովակին գամը, որուն վրայ ալ սեւեռուած են թէ՛ քննադատութիւններ եւ թէ հիացումներ: Եղան մեկնաբանողներ, թէ տեսահոլովակը իսկապէս յաջողած է, եւ որ վարչապետին շարժուն, ոչ խստադէմ կերպարը, ուրախ երիտասարդներով շրջապատուած, իրապէս կը համապատասխանէ ՀՀԿ-ի ընտրած նախընտրական լոզունգներէն մէկուն՝ «Պիտի փոխուինք բոլորս, պիտի փոխենք երկիրը»:
Տեսահոլովակը քանի մը առումներով պայթիւն յառաջացուց. եղան քննադատողներ, որ սիրուած խումբը իր արուեստը ծառայեցուցած է քաղաքական կուսակցութեան մը, այն ալ՝ իշխող կուսակցութեան քարոզարշաւին, իսկ երկրորդ խումբը պարզապէս քննադատութեան թիրախ դարձուց Հանրապետական կուսակցութեան այս հնարքը, որով կուսակցութիւնը, տեսահոլովակին մէջ ներգրաւելով հանրութեան կողմէ սիրուած եւ գնահատուած հայորդիներ, կը փորձէ աճեցնել համակրանքը իրեն հանդէպ, առանց մտածելու, որ նոյն այդ հանրային դէմքերը կրնան արժեզրկուիլ, մաս կազմելով քաղաքական արշաւին: Տեսահոլովակին մէջ նկարահանուած են ճատրակի ախոյեան՝ Լեւոն Արոնեան, բռնցքամարտի ախոյեան՝ Արթուր Աբրահամ, նշանաւոր թաւջութակահար՝ Նարեկ Հախնազարեան:
«Ռեինկարնացիա» խումբին դէմ քննադատութեան ալիքը այնքան ուժգին էր, որ Մարտի 8-ին նախատեսուած խումբի համերգին դէմ ստեղծուեցաւ շարժում մը՝ «Պոյքոթենք Ռեինկարնացիայի համերգը» եւ այդ շարժումը սկսաւ պայքարիլ, որպէսզի համերգը տեղի չունենայ եւ տոմսերը չվաճառուին:
«Ռեինկարնացիա» խումբի սիրուած երգիչ՝ Ռոլանտ Գասպարեան շտապեց յայտարարել, որ պէտք չէ քաղաքականացնել իրենց երգը, մանաւանդ, որ քաղաքականութեան հետ բնաւ կապ չունին երգին բառերը, որոնք լաւ ապրելու, փոխուելու, բարի ըլլալու, յարգանք տածելու եւ այլ համամարդկային արժէքներու մասին են: Ռոլանտ Գասպարեան բողոքին ի պատասխան ըսաւ, որ ինք երբեք քաղաքական հայեացքներ չէ ունեցած եւ նոյն ձեւով կրնար երգել նաեւ այլ կուսակցութեան մը համար: «Ինծի համար չկայ աջ կամ ձախ կողմ, ես այդ ամէն ինչէն հեռու եմ, ու այդ մասին բոլորը գիտեն: Եւ իբր այլ ալ ես՝ ես եմ: Իմ երաժշտութիւնը չի ճանչնար քաղաքական հայեացքներ, ան բոլորին համար է: Կը ցաւիմ, որ մարդոց մէջ այսքան ատելութիւն կայ: Ես կը յարգեմ բոլորին կարծիքը: Համոզուած եմ, որ մարդիկ, եթէ չդառնային զանգուածային լրատուամիջոցներուն զոհը, ամէն բան ուրիշ ձեւով կը տեսնէին եւ կը սորվէին կարծիք յայտնելու առողջ հանգամանքը, ոչ թէ զիրար կը վիրաւորէին ու միայն ատկէ լաւ կը զգային: Եղած են համերգներ, որոնց ընթացքին խումբը ներկայացած է ա՛յլ կուսակցութեան քարոզարշաւի ժամանակ, բայց այդ մէկը չի նշանակեր, թէ ոեւէ մէկուն սատարած է: Ես բոլորը շատ կը սիրեմ եւ կը յարգեմ, ո՛վ ո՛րուն հետ հարցեր ունի՝ թող լուծէ, մեզի եւ մեր ըրած գործին հետ ատիկա բացարձակ կապ չունի: Կեանքիս կարճ փորձը ցոյց կու տայ, որ ատելը դիւրին է, սիրելն է դժուար: Նայեցէք դուրս, այնքան սպասուած արեւը կայ, իսկ դուք տակաւին զիրար կ՚անպատուէք», մամուլին յայտնած է Ռոլանտ Գասպարեան:
Այս դէպքին առթիւ քննադատողներու այլ խումբ մը Ռոլանտ Գասպարեանին յիշեցուց, որ ինք ամիսներ առաջ քննադատած է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, սակայն այսօր իր երգով կուսակցութեան քարոզարշաւին մեկնարկը տուած է: Ճիշդ է, որ այդ գրառումը արդէն ջնջուած է, բայց «Ռեինկարնացիա» խումբի կազմակերպչական տնօրէնը յարմար գտաւ այդ մէկը պարզաբանել, ըսելով, որ այո, խումբին մէջ կան մարդիկ, որ հակասութիւն ունին իշխող կուսակցութեան գործունէութեան հետ, սակայն տեսահոլովակը նկարահանելու ժամանակ ելած են այն մեկնակէտէն, որ զիրենք հետաքրքրած է վարչապետին հարուածային գործիքներուն տիրապետելու հանգամանքը։ «Որովհետեւ ամէն երկիր չէ, որ ունի երաժիշտ վարչապետ», պարզաբանած է խումբի կազմակերպչական ղեկավարը, ապա աւելցուցած է, որ առաջարկ եղած է երգին մէջ գործածել «հանրապետական» բառը, մինչդեռ մենակատար Ռոլանտ Գասպարեան մերժած է, եւ այս հանգամանքը բաւարար է ըսելու, որ կենսագրութիւն ունեցող այս երաժշտական խումբը քաղաքականացուած չէ եւ չունի որեւէ ուղղուածութիւն:
Թէ՛ «Ռեինկարնացիա»ի կազմակերպչական տնօրէնը, թէ՛ անոր մոլի երկրպագուները, թէ՛ երգիչը ջանացին ամէն ձեւով փրկել խումբին բարի համբաւը, որ ան շահած է տարիներու ընթացքին: Թէեւ «Ռեին-կարնացիա»ն հիմնուած է 2011 թուականին, սակայն ան հռչակ ունի Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Հարտ-ռաքէն անցում կատարելով ռեկկի ժանրը, խումբը այսօր ունի երկրպագուներու մեծ բանակ: Մանաւանդ «Մի գդալ սէր» ալպոմին եւ նոյնանուն երգին շնորհիւ «Ռեինկարնացիա»ի ելոյթները դարձած են սպասելի: Խումբը սկսած է իր աշխոյժ համերգները ներկայացնել 2006 թուականէն ի վեր: Բացի բազում փառատօններու մասնակցութենէ եւ համերգներէ, խումբին հիմնադիրը՝ երգիչ Ռոլանտ Գասպարեան կը զբաղի նաեւ բարեգործութեամբ՝ իրականացնելով ծնողազուրկ եւ խնամքէ դուրս մնացած մանուկներուն ուղղուած ծրագիրներ: Մարտի 8-ի համերգն ալ այդպիսի բարեսիրական հիմնադրամի մը սկիզբ դնելու նպատակ ունի:
2015 թուականին Ռոլանտ Գասպարեան Երեւանի մէջ բացած է House of Reincarnation ակումբը, ուր խումբը պարբերաբար համերգներ կ՚ունենայ: Երգիչը միաժամանակ ստեղծած է բջիջային յաւելուած, որ Հայաստանի մէջ առաջինն է իր տեսակով. յաւելուածը նախատեսուած է Android եւ IOS համակարգերով աշխատող հեռաձայններուն համար։ Այս յաւելուածով հնարաւոր է մշտապէս ծանօթանալ «Ռեին-կարնացիա»ին վերաբերող նորութիւններուն, լսել անոր երգերը, դիտել տեսահոլովակները, տեղեկանալ յառաջիկայ համերգներուն եւ ձեռնարկներուն մասին, ինչպէս նաեւ ուղիղ հեռարձակմամբ հետեւիլ խումբի համերգներուն: Վեց ալպոմի հեղինակ խումբը նոր ստեղծագործական պրպտումներու մէջ է:
«Ռեինկարնացիա» խումբի եւ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի մասնակցութեամբ «Փոխենք աշխարհը» տեսահոլովակին դէմ այնքան բուռն էին քննադատութիւնները, որ անոնց մասնակցեցան նաեւ տեսաբաններ, վերլուծաբաններ, քաղաքագէտներ, ծաւալուեցան հեռատեսիլային բանավէճեր: Մամուլին համար հետաքրքրական տեսակէտ մը յայտնած է Միացեալ Նահանգներու Թաֆթս համալսարանի Ֆլեթչըրի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցի գիտաշխատող, քաղաքագէտ Սուրէն Սարգսեան՝ 168.am-ին յատուկ հարցազրոյց մը տալով այդ մասին եւ յայտնելով, որ ամբողջ աշխարհի տարածքին, այնպիսի երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը, ոչ միայն փոփ, ռաք երաժիշտները, այլեւ դերասանները, մշակոյթի գործիչները մշտապէս ներգրաւուած են քաղաքական եւ ընտրական գործընթացներուն մէջ եւ պէտք չէ բնականէն դուրս բանի մը վերածել Ռոլանտ Գասպարեանի արարքը: Քաղաքագէտը յիշեցուցած է ռուսական նշանաւոր DDT ռաք խումբի մասնակցութիւնը՝ Ռուսաստանի Դաշնութեան նախկին նախագահ Պորիս Ելցինի նախընտրական քարոզարշաւի երկրորդ ընտրութիւններուն ընթացքին, յիշեցուցած է U2 ռաք խումբի մասնակցութիւնը՝ Պարաք Օպամայի նախընտրական քարոզարշաւին… Քաղաքագէտը բոլորովին բնական նկատած է այս մէկը, ըսելով, որ ոչ մէկ բացասական բան կայ ատոր մէջ, մանաւանդ, որ երեւոյթը լայն տարածում գտած է քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ:
Քաղաքագէտ Սուրէն Սարգսեան, յիշեցուցած է, որ նոյնը, նախորդ տարիներուն, եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ, եւ այս մէկը առաջին նախագահական, կամ խորհրդարանական ընտրութիւնը չէ, երբ երգիչներ կամ այլ նշանաւոր դէմքեր աջակցած են այս կամ այն թեկնածուին, կուսակցութեան… «Եթէ ետ երթանք՝ 2008, 2013 թուականներու նախագահական կամ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին, ուսումնասիրենք պատմութիւնը, կը տեսնենք, որ հայ տասնեակ երաժիտներ, ռաք խումբեր աջակցած են թէ՛ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին, թէ՛ Սերժ Սարգսեանին, թէ՛ այլ թեկնածուներու», մամուլին յայտնած է Սուրէն Սարգսեան:
Քաղաքագէտը յիշած է նաեւ, որ Թրամփ-Քլինթըն նախընտրական ողջ գործընթացին մասնակցած են երաժիշտներ, դերասաններ, շոու-պիզնըսի այլ աստղեր։ «Օրինակ՝ Ռապըրթ տը Նիրոն կ՚աջակցէր Հիլըրի Քլինթընին, Պիոնսէն, Ճէյ Զին՝ նոյնպէս: Նոյն յաջողութեամբ Թրամփին կ՚աջակցէին շարք մը երաժիշտներ ոչ միայն ռաք ոճը ներկայացնող, այլեւ՝ քանթրի, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ շատ նշանաւոր է։
««Ռեինկարնացիա»ն շատ սիրուած խումբ մըն է, կազմուած է լուրջ, արհեստավարժ տղոցմէ, որոնք իրենց աշխատանքը լաւ կը կատարեն: Կը կարծեմ, որ մարդիկ կը մտածեն, թէ երաժշտութիւնն ու քաղաքականութիւնը պէտք չէ միանան, բայց մարդկութեան պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ մասնաւորապէս ռաք երաժշտութիւնը միշտ ալ ներգրաւուած է քաղաքական գործընթացներուն մէջ՝ կամ ընդդէմ, կամ յանուն որեւէ բանի…
«Հեռուն պէտք չէ երթանք եւ յիշենք, թէ ինչպէս 1970-ականներուն բրիտանական եւ ամերիկեան ռաք երաժիշտները կը պայքարէին Վիեթնամի պատերազմին դէմ, կամ նոյն երաժիշտները կը պայքարէին Նիքսընի դէմ, ինչպէս որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական վերնախաւը կը պայքարէր Ճոն Լենընի դէմ, քանի որ ան քաղաքական գործընթացներու մէջ էր: Ինծի համար բացարձակապէս կապ չունի՝ «Ռեինկարնացիա» անունը քաղաքական գործընթացներուն մէջ կա՞յ, թէ՝ ոչ։ Նոյն ձեւով կը սիրեմ Ճոն Լենընը, ինծի համար բացարձակապէս միեւնոյնն է՝ ան ժամանակին աջակցա՞ծ է Նիքսընին, թէ՞ անոր քննադատը եղած է: Կը կարծեմ, որ պէտք է շարունակել լսել «Ռեինկարնացիա» ռաք խումբի կատարումները, քանի որ այդ խումբի տղաքը լուրջ եւ լաւ երաժիշտներ են», այսպիսի տեսակէտ մը յայտնած է Սուրէն Սարգսեան:
ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Ինչպէս արդէն յստակացաւ, Հայաստանի մէջ Կիրակի՝ 5 Մարտին սկսած է խոր-հըրդարանական ընտրութիւններու պաշտօնական քարոզարշաւը: Գարնան գալուստով զարմանալիօրէն հալած են երեք ամիս փողոցին վրայ տնաւորուած ձիւնն ու սառոյցը, գարնան թարմ շունչը կը տիրէ ամէնուր, կարծես գարունն ալ կ՚օգնէ երեսփոխանական թեկնածուներուն՝ բակերուն, այգիներուն, հրապարակներուն, մարզերուն մէջ իրենց բացօթեայ հաւաքները, հանդիպումները իրականացնելու ընտրողներուն հետ: Դատելով քարոզարշաւի առաջին քանի մը օրերու տպաւորութենէն, բուռն եւ յագեցած քարոզարշաւի մը կը սպասուի: Ամէնուր քարոզչական պաստառներ կան, հեռատեսիլէն՝ տեսահոլովակներ այս կամ այն թեկնածուի կամ կուսակցութեան օգտին պատրաստուած, քաղաքական բանավէճէր մամուլի մէջ, հեռատեսիլէն եւ ձայնասփիւռէն: Թեկնածուները եւ կուսակցութիւնները լիուլի կը գործածեն նաեւ ընկերային ցանցերը, մանաւանդ՝ Ֆէյսպուքը: Գրեթէ բոլոր ուժերը եւ յայտնի անունները ֆէսյպուքեան էջեր ունին, որոնց մէջ կը տեղեկացնեն յառաջիկայ ընելիքներուն, ծրագիրներուն, հանդիպումներուն մասին:
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան թէ՛ ֆէյսպուքեան էջը, թէ՛ կայքէջը կը կրէ «Հայաստան իմ սէր. lovearmenia» անուանումը, նմանապէս էջեր ունին նաեւ «Ելք»ը, «ՕՐՕ» դաշինքը, «Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւ միւս դաշինքներն ու կուսակցութիւնները: Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը իր քարոզարշաւը մեկնարկեց «Հրազդան» մարզադաշտին մէջ, որուն ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը, նախարարներ: Մինչ «Ելք» դաշինքը իր քարոզարշաւին մեկնարկը տուաւ Ֆէյսպուքի վրայ: Անոր գլխաւոր անդամները ուղիղ եթեր ելան եւ ֆէյսպուքով հաղորդակցեցան ընտրողներուն հետ, գործածելով Ֆէյսպուքին ընձեռնած հնարաւորութիւնները: «Բարգաւաճ Հայաստան»ը քարոզարշաւին սկսաւ սահմանամերձ Տաւուշէն եւ այսպէս գալիք մէկ ամիսը թէ՛ Երեւանը, թէ՛ մարզերը պիտի շնչեն նախընտրական մթնոլորտ եւ պիտի կողմնորոշուին 2 Ապրիլին մօտակայ ընտրատեղամաս մը երթալու եւ իրենց ձայնը նախընտրած թեկնածուի օգտին տալու համար:
Մինչ քաղաքական ուժերը եռանդով եւ աւիւնով լեցուած եւ աննախադէպ կերպով աշխոյժ մէջտեղ ելած են, ընտրողները կարծես տակաւին այս տարի չափազանց պաղ են, կ՚երեւի տակաւին ձմրան զգացողութեան տակ են եւ կամաց-կամաց կը պատրաստուին մտնել քաղաքական նոր իրողութեան մէջ:
Հայաստանի մէջ ընտրակարգն ու կառավարման համակարգը փոխուած է: Տեսակ մը սպասում կայ, որ փոփոխութիւն մը պիտի ըլլայ: Խաբուսի՞կ է այդ սպասումը, թէ՞ իրական, կունենա՞նք նոր միտք, նոր գործելակերպ եւ յառաջընթաց՝ ցոյց կու տան գալիք ամիսները: Իսկ մինչ այդ, շտապենք պատասխանել հեռաձայնի հերթական զանգին. «Ալօ՛, մենք այսինչ-այսինչեանը կը ներկայացնենք, կը հետաքրքրէ՞ ձեզ, երկու վայրկեան կրնա՞ք տրամադրել»: Մինչ կ՚որոշենք՝ զրոյցի բռնուի՞լ հեռաձայնով կամ ոչ, արդէն դրան զանգը կը զարնուի եւ ժպիտով զինուած խումբ մը երիտասարդներ կը պարզեն հերթական թեկնածուին օգտին տպագրուած գրքոյկը: Եւ այսպէս՝ օրը քանի մը անգամ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ