ՀԱ­ԼԷ­ՊԻ ՅԵՏ­ՊԱ­ՏԵ­ՐԱԶ­ՄԵԱՆ ՀԵՏ­ՔԵՐ

Ան­հա­ւա­տա­լի էր բայց ի­րա­կա­նու­թիւն: Ո՞վ կը հա­ւա­տար, որ հինգ եր­կար տա­րի­նե­րու պա­տե­րազ­մա­կան տագնա­պէն եւ տա­ռա­պան­քէն ետք՝ այ­սօր պի­տի կա­րե­նանք ան­վա­խօ­րէն քա­լել ա­զա­տագ­րուած Հա­լէ­պի փո­ղոց­նե­րուն մէջ. ա­զա­տօ­րէն պի­տի կա­րե­նանք եր­թալ մէկ շրջա­նէն միւ­սը, գնում­ներ կա­տա­րել, այ­ցե­լու­թիւն­ներ տալ, երբ զրկուած էինք նոյ­նիսկ պատշ­գամ ել­լե­լէ՝ վախ­նա­լով հրթի­ռի մը կամ դի­պու­կա­հա­րի մը զո­հը դառ­նա­լէ:

Ե­րազ էր, բայց ի­րա­կա­նա­ցաւ: Հա­լէ­պը ա­զա­տագ­րուե­ցաւ: Կա­րօտ­ցած ըլ­լա­լով ա­զա­տօ­րէն քա­լել փո­ղո­ցին մէջ՝ ա­հա­ւա­սիկ մար­դիկ հա­ճոյ­քով դուրս կու­գան ի­րենց տու­նե­րէն եւ ա­զա­տօ­րէն կը քա­լեն փո­ղո­ցին մէջ, տա­րօ­րի­նակ ե­ռու­զեռ մը ստեղ­ծե­լով քա­ղա­քին մէջ:

Ես ալ այ­լոց պէս դուրս կու­ գամ տու­նէն եւ կը քա­լեմ Սու­լէյ­մա­նիէի եր­կար պո­ղո­տա­յէն դէ­պի Թի­լէ­լի պո­ղո­տան: Կը դի­տեմ չորս դիս. ո­րոշ խա­նութ­ներ, ո­րոնց սե­փա­կա­նա­տէ­րե­րը ճամ­բոր­դած էին երկ­րին ան­կա­յուն վի­ճա­կին պատ­ճա­ռով՝ փակ են տա­կա­ւին. բայց ու­րիշ­ներ՝ տա­րի­նե­րով ի­րենց փակ պա­հած խա­նութ­նե­րը ար­դէն բա­ցած եւ սկսած են աշ­խա­տան­քի, քա­ղա­քին տա­լով նոր փայլ մը: Ա­յո՛, ա­զա­տագ­րուե­ցաւ Հա­լէպ. խա­ղա­ղու­թիւ­նը տի­րեց քա­ղա­քին եւ կեան­քը մտաւ իր բնա­կա­նոն ըն­թաց­քին մէջ. չկան նախ­կին հրթի­ռա­կո­ծում­նե­րը. չկան նախ­կին դի­պու­կա­հար­նե­րը, ո­րոնք օ­րա­կան կը հնձէին քա­նի մը մարդ­կա­յին զո­հեր. չկան ա­կա­նուած ինք­նա­շարժ­ներ, ո­րոնք կը տե­ղադ­րուէին գաղտ­նի ան­կիւն­նե­րու վրայ, բնա­կե­լի շէն­քե­րուն տակ կամ հրա­պա­րակ­նե­րու մէկ ան­կիւ­նը՝ ա­ռա­ւել զո­հեր խլե­լու հա­մար: Բայց եւ այն­պէս, տա­կա­ւին կան յետ­պա­տե­րազ­մեան հետ­քեր եւ այ­լե­ւայլ դժուա­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք մարդ­կա­յին կեան­քը կը դարձ­նեն զզուե­լի եւ ձանձ­րա­ցու­ցիչ:

Եր­կար է ու­ղին յետ­պա­տե­րազ­մեան ցա­ւա­լի հետ­քե­րը ջնջե­լու եւ վէր­քե­րը բու­ժե­լու: Այ­սօր

Եօթ-ութ ա­միս­նե­րէ ի վեր քա­ղա­քը զրկուած է ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քէ, ո­րուն վրայ հիմ­նուած են մարդ­կա­յին կեան­քի հիմ­նա­կան եւ անհ­րա­ժեշտ պէտքե­րը. ա­նոր վրայ հիմ­նուած են նաեւ չորս-հինգ տա­րի­նե­րէ ի վեր ա­հա­բե­կիչ­նե­րու կող­մէ բռնագ­րա­ւուած եւ բա­նա­կին կող­մէ ա­զա­տագ­րուած զա­նա­զան գոր­ծա­րան­նե­րու բարդ աշ­խա­տանք­նե­րը. ե­լեկտ­րա­կա­նու­թիւ­նը նոյն­քան անհրա­ժեշտ է նաեւ քա­ղա­քը պա­տող գի­շե­րա­յին թանձր խա­ւա­րը ցրե­լու եւ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար բնակ­չու­թեան ա­րօ­րեայ խա­ղաղ կեան­քը:

Ա­ւե­լի մտա­հո­գիչ է ջու­րի նե­ղու­թիւ­նը: Հա­լէ­պը ա­զա­տագ­րուե­լէ շա­բաթ­ներ ետք դար­ձեալ քա­ղա­քը մատ­նուե­ցաւ ջու­րի տագ­նա­պի մօ­տա­ւո­րա­պէս մէկ ա­միս: Ջու­րը կը հայ­թա­թուի զա­նա­զան վայ­րե­րու մէջ՝ պե­տու­թեան կող­մէ բա­ցուած ջրհո­րե­րէն բայց ոչ բա­ւա­րար չա­փով:

Մար­դիկ յա­ճախ պար­տա­ւո­րուած կը զգան ջու­րը գնե­լու մաս­նա­ւոր վա­ճա­ռող­նե­րէ կամ փո­խադ­րել՝ անձ­նա­կան մի­ջոց­նե­րով:

Ա­հա­բե­կիչ­նե­րը՝ նախ­քան ի­րենց հե­ռա­նա­լը, գրա­ւած էին Հա­լէ­պի՝ Սու­լէյ­ման Հա­լա­պի կո­չուած շրջա­նին մէջ ին­կած ջու­րի ըն­կե­րու­թիւ­նը: Ուս­տի բնակ­չու­թիւ­նը ջու­րէ զրկե­լու եւ նե­ղու­թեան մատ­նե­լու մի­տու­մով յա­րա­տեւ կը խա­փա­նէին ջու­րի մա­տա­կա­րար­ման ու­ղի­նե­րը եւ այս­պէս շա­րու­նա­կա­բար մօ­տա­ւո­րա­պէս չորս եր­կար տա­րի­ներ: Այ­սօր քա­ղա­քը ա­զա­տագ­րուած է ա­հա­բե­կիչ­նե­րէն, սա­կայն ջու­րի տագ­նա­պը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կուի. այս ան­գամ ա­նոնք խա­փա­նած են քա­ղա­քը մա­տա­կա­րա­րող Եփ­րատ գե­տին հոս­քը դէ­պի Հա­լէպ՝ զայն ուղ­ղե­լով դէ­պի ջրամ­բար, ո­րուն մա­կե­րե­սը ար­դէն բարձ­րա­ցած է այն­քան՝ որ­քան վախ կայ, որ ջու­րը կ՚ո­ղո­ղէ շրջա­կայ գիւ­ղերն ու քա­ղաք­նե­րը ջրա­մոյն դարձ­նե­լով զա­նոնք:

Ա­ռա­ւել նե­ղու­թիւն է վա­ռե­լա­նիւ­թի եւ կա­զի չգո­յու­թիւ­նը: Ձմրան այս սաս­տիկ ցուր­տին շատ մը ըն­տա­նիքնր վա­ռե­լա­նիւթ չու­նին, որպէսզի օգ­տա­գոր­ծեն տաք­նա­լու հա­մար. այս պատ­ճառ մըն է որ կարգ մը հի­ւան­դու­թիւն­ներ բար­դա­նան կամ նոր հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու դուռ բա­նան:

Այլ նե­ղու­թիւն մըն է կա­զի տագ­նա­պը: Մար­դիկ ար­հա­մար­հե­լով ձմրան ցուրտ օ­դը, ժա­մե­րով հերթ կը սպա­սեն ստա­նա­լու՝ ճա­շի պատ­րաս­տու­թեան հա­մար ի­րենց բա­ժին ին­կած կա­զի շի­շե­րը:

Փու­ռե­րը բա­ւա­րար վա­ռե­լա­նիւթ (մա­զոթ) չու­նին, որ­պէսզի ժո­ղո­վուր­դին բա­ւա­րար հաց ար­տադ­րեն. ուս­տի մար­դիկ եր­կար շար­քե­րով հերթ կը սպա­սեն այդ օ­րուան ի­րենց բա­ժին ին­կած հա­ցը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար:

Այս եւ այլ դժուա­րու­թիւն­նե­րու դէմ յան­դի­ման կը գտնուի Հա­լէ­պի ժո­ղո­վուր­դը: Ան կառ­չած մնա­լով իր ծննդա­վայ­րին՝ մեծ յոյ­սե­րով կը սպա­սէ, որ օր մը ա­րե­ւը կը ծա­գի եւ Հա­լէ­պը կը ձեր­բա­զա­տուի այս նե­ղու­թիւն­նե­րէն, գտնե­լով իր խա­ղա­ղու­թիւ­նը:

ԹԱ­ԳՈՒ­ՀԻ Ա­ԹՈ­ՔԵԱՆ

Հա­լէպ, 18 Փետ­րուար 2017

 

Ուրբաթ, Մարտ 10, 2017