ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԱՅԻՆ ՊԱՀ ՄԸ

Թրքա­հայ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի օ­րա­կար­գը այս շաբ­թուան սկիզ­բին կ՚են­թադ­րէ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ։ Պատ­րիար­քա­կան առ­կա­խեալ ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը ներ­կայ շաբ­թուան ա­ռա­ջին կէ­սին թե­ւա­կո­խած պի­տի ըլ­լայ գործ­նա­կան փուլ։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան վրայ, որ նա­խա­տե­սուած է այս Չո­րեք­շաբ­թի։ Ինչ­պէս ար­դէն յայ­տա­րա­րուած է պաշ­տօ­նա­պէս, տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան պի­տի յա­ջոր­դէ նա­խա­ձեռ­նարկ մարմ­նի մը կազ­մուի­լը։ Տե­ղա­պա­հին գլխա­ւո­րու­թեամբ նա­խա­ձեռ­նարկ մար­մի­նը գործ­նա­կա­նօ­րէն պի­տի կազ­մա­կեր­պէ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւ­նը, ո­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար շփման մէջ պի­տի անց­նի նաեւ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ։

Այ­սօր յետ­մի­ջօ­րէին Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի նիստ։ Ե­րե­կո­յեան ալ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կը (VADİP) հեր­թա­կան նիս­տը կը գու­մա­րէ։ Այս եր­կու ժո­ղով­նե­րուն թուա­կա­նը հա­մընկ­նած է պա­տա­հա­բար։ Գում­գա­բուի այ­սօ­րուան Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի նիս­տը ու­նի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան բնոյթ՝ Չո­րեք­շաբ­թի, Մար­տի 15-ի Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մար-ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ։ Ծա­նօթ է, որ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը պի­տի ընտ­րէ պատ­րիար­քի տե­ղա­պա­հը։ Այս պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լու հա­մար թեկ­նա­ծու են Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րը՝ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, Գեր­մա­նիոյ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան եւ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ օրհ­նու­թեամբ, վեր­ջերս Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թեան առ­կայ հար­ցե­րը քննար­կե­լու ժա­մա­նակ, այս ե­րեք սրբա­զան­նե­րը հա­մա­ձայ­նած էին՝ որ­պէս­զի հա­ւա­սար պայ­ման­նե­րով մաս­նակ­ցին տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան։ Ա­հա այդ հի­ման վրայ ա­նոնք տե­ղա­պա­հի թեկ­նա­ծու են եւ վերջ­նա­կան խօս­քը կը վի­ճա­կի մեր Ա­թո­ռի հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն՝ ա­նոնց հա­սա­րա­կաց մտքին, ա­նոնց ժո­ղո­վա­կա­նու­թեան ար­դիւն­քին։ Ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան շրջա­նակ­նե­րու ա­ւան­դա­կան մօ­տե­ցու­մը միշտ ե­ղած է այն, որ ժո­ղո­վա­կա­նու­թիւ­նը ու­նի նուի­րա­կա­նու­թիւն մը, ուս­տի թրքա­հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սը հա­ւա­քա­կան մտքի ու ե­կե­ղե­ցա­կա­նի ջի­ղի ներ­գոր­ծու­թեամբ պի­տի կա­տա­րէ այս պա­տաս­խա­նա­տու ընտ­րու­թիւ­նը՝ ըստ պատ­շա­ճի։

Տե­սա­կա­նօ­րէն թէեւ ե­րեք սրբա­զան­ներ թեկ­նա­ծու են տե­ղա­պա­հի պաշ­տօ­նին հա­մար, սա­կայն գործ­նա­կա­նօ­րէն կայ եր­կու թեկ­նա­ծու։ Ար­դա­րեւ, Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան մրցակ­ցու­թե­նէն դուրս ե­կած է, ի նպաստ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի։ Այ­սինքն, տե­ղա­պա­հի ան­խու­սա­փե­լի թեկ­նա­ծու­ներն են՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան։ Այս եր­կու ա­նուն­նե­րէն մին Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րի կող­մէ պի­տի կո­չուի տե­ղա­պա­հի պաշ­տօ­նին, ե­թէ ան­շուշտ վեր­ջին պա­հուն ա­նակն­կալ մը չպա­տա­հի։

Իւ­րա­քան­չիւր պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թե­նէն ա­ռաջ տե­ղա­պա­հի մը ընտ­րու­թիւ­նը ըն­թա­ցիկ ե­րե­ւոյթ մըն է թէեւ, սա­կայն այս ան­գամ ար­տա­սո­վոր ի­մաստ մը ստա­ցած է այս քայ­լը՝ մա­նա­ւանդ, որ ար­տա­կարգ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու կը յա­ջոր­դէ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւ­նը։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը գործ­նա­կա­նին մէջ թա­փուր է ինն տա­րիէ ի վեր, սա­կայն տա­կա­ւին միայն ան­ցեալ աշ­նան տե­ղի ու­նե­ցած Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րէն վերջ այդ հան­գա­ման­քը հռչա­կուած է պաշ­տօ­նա­պէս։ Այ­սինքն, շուրջ չորս ա­մի­սէ ի վեր հանգս­տեան կո­չուած պատ­րիարք մըն է Մես­րոպ Ար­քե­պիս­կո­պոս Մու­թա­ֆեան։ Եր­կա­րա­շունչ եւ յոգ­նե­ցու­ցիչ տա­րի­նե­րէ վերջ մեր հա­մայն­քը կ՚ակն­կա­լէր ի վեր­ջոյ ձեռ­նար­կել ընտ­րու­թեան։ Բայց եւ այն­պէս, վեր­ջին մէկ ամ­սուան ըն­թաց­քին հա­մայն­քա­յին կեան­քը փո­թոր­կա­լից եւ աղմ­կա­րար ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով ո­ղո­ղուե­ցաւ։ Ի­րե­րա­յա­ջորդ ցնցում­ներ ապ­րուե­ցան մեր հա­ւա­քա­կան կեան­քէն ներս, ինչ որ հա­մա­տա­րած յո­ռե­տե­սու­թիւն ստեղ­ծե­ցին պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի ա­պա­գա­յին տե­սա­կէ­տէ։ Այդ տագ­նա­պը ձե­ւով մը շրջան­ցուե­ցաւ կամ յաղ­թա­հա­րուե­ցաւ եւ ներ­կա­յիս տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւ­նով վերջ­նա­կա­նօ­րէն պի­տի վե­րա­հաս­տա­տուի, որ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը վե­րա­դար­ձած է իր բնա­կա­նոն հու­նը։ Սա է այն հիմ­նա­կան հան­գա­ման­քը, որ ար­տա­սո­վոր ի­մաստ մը կը վե­րագ­րէ այս ան­գա­մուան տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան։

Ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ա­կա­մայ մրցակ­ցու­թիւն մըն ալ ստեղ­ծուած է տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան սե­մին։ Պարզ է, որ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան այս­քան յա­պա­ղի­լը մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ ձա­խո­ղում մը կը նշա­նա­կէ հա­ւա­քա­կան ա­ռու­մով։ Եւ այդ կէ­տին վրայ ներ­կայ հա­մայ­նա­պատ­կե­րը կը ցո­լաց­նէ եր­կու հիմ­նա­կան հան­գա­մանք։ Ա­ռա­ջին՝ մեր հա­մայն­քը միայն ու միայն հա­ւա­քա­կան կամ­քով ու միաս­նա­կան ու­ժե­րով կրնայ առ­կայ հա­ւա­քա­կան ձա­խող­ման է­ջը թեր­թել։ Երկ­րորդ՝ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւ­նով պէտք է բա­նալ նոր էջ մը, այլ այդ մէ­կը պէտք չէ վե­րա­ծել մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի հա­շուե­յար­դա­րի մի­ջոց։ Այս եր­կու տար­րե­րուն մէջ ինք­նա­բե­րա­բար կը բիւ­րե­ղա­նայ նաեւ եր­րորդ ու ա­մե­նա­կեն­սա­կան պա­րա­գան։ Հա­մայն­քը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին իր ամ­բողջ ե­ռան­դը, նե­րու­ժը եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը պէտք է ի սպաս դնէ կէտ նպա­տա­կի մը հա­մար, պէտք է կեդ­րո­նաց­նէ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան վրայ։ Այդ կէտ նպա­տա­կէն շե­ղու­մը կրնայ դար­ձեալ ծանր հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ։ Հե­տե­ւա­բար, հա­շուի պէտք է առ­նել, որ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւ­նը կա­րե­ւոր մի­ջան­կեալ փուլ մըն է, սա­կայն հա­շուե­յար­դա­րի մը բե­մա­հար­թա­կը չէ։

Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մար-ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ, բնա­կա­նա­բար, հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է մեր հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու ան­դամ­նե­րուն վրայ։ Սա հասկ­նա­լի է, ո­րով­հե­տեւ ընտ­րու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­պա­հուած է ա­նոնց։ Վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն, մեղմ խօս­քով, մեր հա­մայն­քի բո­լոր շրջա­նակ­նե­րը ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց դա­սու ան­դամ­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նած են ի­րենց մօ­տե­ցում­ներն ու սպա­սում­նե­րը։ Նոյ­նիսկ, կարգ մը աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­ներ կամ գոր­ծիչ­ներ ա­նոնց մօտ քու­լի­սա­յին աշ­խա­տանք տա­րած են՝ ի­րենց նա­խընտ­րած թեկ­նա­ծու­նե­րուն հա­մար։ Ներ­կա­յիս, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ա­ւե­լորդ է բո­լոր ապ­րուած­նե­րը դնել կշիռ­քի վրայ։ Դի­տար­կենք դրա­կան տե­սան­կիւ­նէ. լաւ է, որ բո­լո­րը ը­սած է իր խօս­քը եւ ա­մէն մարդ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցած է ան­կաշ­կանդ ձե­ւով գոր­ծե­լու։ Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րի ըն­թաց­քին այդ բո­լո­րը պի­տի մա­ղուին հո­գե­ւոր հայ­րե­րու հա­ւա­քա­կան մտքով եւ ա­նոնք պի­տի կա­տա­րեն ի­րենց նա­խընտ­րու­թիւ­նը։

Կան­խաւ պէտք է հա­մա­ձայն գտնուիլ սկզբուն­քի մը։ Հա­մա­գու­մա­րի ան­դամ­նե­րուն խղճի ա­զա­տու­թիւ­նը, ա­զատ կամ­քի դրսե­ւո­րու­մը պէտք է ե­րաշ­խա­ւո­րուած ըլ­լայ մեր հա­մայն­քին կող­մէ։ Պէտք է վստա­հիլ ա­նոնց, պէտք չէ ստո­րագ­նա­հա­տել կամ ար­հա­մար­հել զա­նոնք։ Հայ ե­կե­ղե­ցա­կա­նի կո­չու­մի գի­տակ­ցու­թեամբ, մեր Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թեան ներ­թա­փան­ցած ո­գիով, այս Ա­թո­ռի հո­գե­լոյս գա­հա­կալ­նե­րու լու­սե­ղէն կեր­պա­րով ա­ռաջ­նոր­դուե­լով՝ ա­նոնք պի­տի կա­տա­րեն ընտ­րու­թիւն մը։ Ո՛վ որ ալ ընտ­րուի տե­ղա­պահ՝ պէտք չէ կաս­կա­ծիլ ժո­ղո­վա­կան­նե­րու ա­ռողջ դա­տո­ղու­թե­նէն եւ դրա­կան ձգտու­մէն, բա­րի կա­մե­ցո­ղու­թե­նէն։

Ե­թէ մեր հա­մայն­քը պա­տուով, բաց ճա­կա­տով դուրս գայ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թե­նէն, ա­պա լուրջ պատ­նէշ մը յաղ­թա­հա­րած պի­տի ըլ­լայ պատ­րիար­քա­կան պատ­շաճ ընտ­րու­թիւն մը կա­տա­րե­լու ճա­նա­պար­հին։ Ընտ­րուե­լիք տե­ղա­պա­հը մեր հա­մայն­քի բո­լոր զա­ւակ­նե­րու ա­ղօ­թակ­ցու­թեան կա­րի­քը պի­տի ու­նե­նայ՝ ի­րեն վստա­հուե­լիք ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նե­լու եւ իր ջան­քե­րով ար­դա­րա­նա­լու ճա­նա­պար­հին։ Պատ­րաստ ըլ­լանք հա­մախմ­բուե­լու տե­ղա­պա­հին շուրջ։ Պատ­րաստ ըլ­լանք ա­ղօ­թե­լու ա­նոր հա­մար. ո՛վ որ ալ ըլ­լայ ան։ Մեծ պա­հոց խորհր­դա­ւոր ներ­կայ օ­րե­րուն, հո­գե­ւոր զօ­րակ­ցու­թեան մէջ ըլ­լանք մեր ե­կե­ղե­ցա­կան դա­սու ան­դամ­նե­րուն հետ՝ որ­պէս­զի Սուրբ Հո­գին ու­ղե­ցոյց ըլ­լայ ի­րենց եւ ա­նոնց Հա­մա­գու­մար-ժո­ղո­վը ծնի բա­րիք մեր Ա­թո­ռին, մեր հա­մայն­քին ու մեր ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դին հա­մա­ր։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 13, 2017