ՈՉ ԵՒՍ Է ՓՐՈՖ. ԱՐԱՄ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի բժշկական դասու երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին՝ Փրոֆ. Արամ Սուքիասեան։ Իսթանպուլի համալսարանի «Ճերրահփաշա» բժշկական ֆաքիւլթէէն ներս երկար տասնամեակներ դասախօսած շատ արժէքաւոր մասնագէտ մըն էր Փրոֆ. Արամ Սուքիասեան, որ ձեռք բերած էր բարի համբաւ եւ իր պաշտօնակիցներու շրջանակներէն ներս կը վայելէր յարգանք ու սէր։ Երկար տասնամեակներու բժշկական ծառայութեան ընթացքին ան միշտ վստահութիւն ներշնչած էր իր հիւանդներուն եւ հաղորդական նկարագրով յաջողած էր ներթափանցել անոնց ցաւերուն։ Իսկ իր մասնագիտական տաղանդը միշտ ի սպաս դրած էր բոլորին անխտիր։ Իր կորուստով մեր իրականութենէն կ՚անհետանայ երէց սերունդի վառ ներկայացուցիչներէն մին, որ իսկապէս կարեւոր հետք մը թողած է իր ծաւալած գործունէութեամբ։
Արամ Սուքիասեան 1929 թուականին ծնած էր Իսթանպուլի մէջ։ 1946 թուականին աւարտած էր Մխիթարեան վարժարանը։ 1952 թուականին վկայուած էր Իսթանպուլի համալսարանի Բժշկական ֆաքիւլթէէն։ 1957 թուականին աւարտած էր մասնագիտական ուսումը։ 1967 թուականին եղած էր տոցենդ։ Բազմաթիւ գիտական յօդուածներու հեղինակ էր։ Այդ բոլորի հիման վրայ նուաճած էր փրոֆէսէօրի կոչում։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Փրոֆ. Արամ Սուքիասեանի բարի հոգւոյն։