ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՐՈՒՁԵՒԻ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը խօսքի ծանր խանգարումներ ունեցող երախաներու Երեւանի թիւ 8 յատուկ դպրոցին մէջ հիմնած է կարուձեւի դասասենեակ անհրաժեշտ կահոյքով, կարի մեքենաներով, մասնագիտական գործիքներով ու նիւթերով: Ծրագրին նիւթապէս աջակցած է HSBC Հայաստան դրամատունը:
Դասաւանդող մասնագէտներուն հաւաստիացումով՝ կարի եւ ձեւաւորման հմտութիւններու ձեռքբերումը կ՚օգնէ կրթօճախի սաներուն ոչ միայն հետագայ մասնագիտական կրթութիւն ձեռք բերելու, այլեւ կը նպաստէ երախաներու բարդոյթներու յաղթահարման ու ինքնավստահութեան ամրապնդման: 2014 թուականին, հիմնադրամը, իր արժանթինահայ բարերար Յովսէփ Հիմիտեանի նիւթական աջակցութեամբ, դպրոցին մէջ հիմնած է խոհանոցային դասասենեակ, ուր ուսանած շրջանաւարտներէն քանի մը հոգին արդէն կ՚աշխատին ճաշարանային ոլորտին մէջ:
«Միջնակարգ կրթութեան զուգահեռ մեր սաները կը սորվին նաեւ կենցաղավարութիւն, որ օգտակար պիտի ըլլայ նախ եւ առաջ իրենց ընտանիքին եւ պիտի օգնէ իրենց կողմնորոշւելու մասնագիտութեան ընտրութեան հարցով», կը նշէ դպրոցի տնօրէն Վարդուհի Խեբոյեան: Ան ուրախութեամբ կը հետեւի, թէ ինչպիսի ոգեւորուածութեամբ աշակերտները կը մասնակցին դասերուն, կ՚օգնեն իրարու. կարուձեւի խմբակի սաները գոգնոցներ ու սփռոցներ կը կարեն իրենց խոհարար ընկերներուն համար, իսկ վերջիններս՝ իրենց պատրաստած համեղ ուտեստները կը հիւրասիրեն ապագայ դերձակներուն ու ձեւաւորողներուն:
Դպրոցը ունի 120 աշակերտ, ներառեալ՝ անապահով ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ մարզերէն եկած երախաներ, որոնց կրթօճախը կ՚ապահովէ գիշերակացով:
Հիմնադրամը 2011 թուականէն սկսեալ պարբերաբար կ՚աջակցի դպրոցին. հաստատութեան նուիրաբերուած են համակարգիչներ, գրենական պիտոյքներ: