ՆԿԱՐԻՉ ԷՐՕԼ ՍԱՐԱՖԵԱՆ ԻՐ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ՄԵԾՀՕՐ ՍԱՏԱՓԵԱՅ ԳՐՉԱՏՈՒՓԸ ՆՈՒԻՐԱԾ Է ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր արուեստագէտներէն Էրօլ Սարաֆեան վերջին շրջանին Պատրիարքարանին նուիրաբերած է իր լուսահոգի մեծհօր սատափեայ գրչատուփը։ Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էրօլ Սարաֆեանը, որու հետ մեր ունեցած անմիջական զրոյցի ընթացքին պատահաբար տեղեկացանք այս պարագային։ Յայտնի նկարիչ ու քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեան յայտնեց, որ իր հոգելոյս մեծհօր՝ Գառնիկ Երէցեանի ձեռակերտ սատափեայ գրչատուփը նուիրած է Պատրիարքական Աթոռին։ 2012 թուականին ան կատարած է այս կարգադրութիւնը։ Յամենայնդէպս, այժմէականութեան հարց մը չկայ տուեալ պարագային, որովհետեւ, յայտնի արուեստագէտը առաջնորդուած է խոր գիտակցութեամբ։ Արդարեւ, այդ ձեռակերտ սատափեայ գրչատուփը ինքնին կը ներկայացնէ գեղարուեստական բարձր արժէք։ Մեր փափաքին ընդառաջ՝ Էրօլ Սարաֆեան երէկ օրուան տեւողութեան մեզի տրամադրեց նաեւ այս նուիրատուութեան բերումով Գումգաբուէն ստացած շնորհակալութեան ու գնահատանքի նամակը, զոր ստորագրած է Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Նորին Սրբազնութիւնը նամակին մէջ շեշտած է, որ Էրօլ Սարաֆեանի եկեղեցանուէր ծառայութիւնը ծանօթ է եւ իր գեղարուեստական արտադրութեան պտուղները կը զարդարեն մեր Ազգային Պատրիարքարանը, եկեղեցիները կամ այլ հաստատութիւնները, ներառեալ մեր գերեզմանատուները։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յանուն Պատրիաքարանի, Էրօլ Սարաֆեանին շնորհակալութիւն յայտնած է՝ ընտանեկան մեծարժէք իրեղէնով մը Աթոռի թանգարանի հաւաքածոն հարստացուցած ըլլալու համար։ Նորին Սրբազնութիւնը աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած՝ հանգուցեալ Գառնիկ Երէցեանի հոգւոյն համար եւ քաջառողջութիւն, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթած է Էրօլ Սարաֆեանին։