Թօթափուիլ

Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան առ­կա­խեալ գոր­ծըն­թա­ցը թե­ւա­կո­խած է ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին փուլ մը։ Այ­սօր կ՚ընտ­րուի Ա­թո­ռի տե­ղա­պա­հը, որ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին մեր հա­մայն­քը պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան։ Վեր­ջին ինն տա­րի­նե­րու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն լոյ­սին տակ սա շատ լուրջ ու նոյն­քան պա­տաս­խա­նա­տու պահ մըն է։

Մեր հա­մայն­քը այն­պի­սի ա­լե­կո­ծեալ շրջա­նէ մը ան­ցաւ, որ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան եւ գի­տակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ բո­լոր հան­գա­մանք­նե­րը դժբախ­տա­բար ի­մաս­տազր­կուե­ցան, վե­րա­ծուե­ցան լո­զուն­գի։ Բայց եւ այն­պէս, այ­սօր հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծուած է՝ որ­պէս­զի այդ ե­րե­ւոյ­թը փո­խուի ու մեր հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս վերս­տին ամ­րապն­դուին միու­թեան ու միաս­նա­կա­նու­թեան նա­խադ­րեալ­նե­րը։

Թէեւ բո­լո­րին մօտ կայ նոր պատ­րիարք մը ու­նե­նա­լու ձգտու­մը, թէեւ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ժամ ա­ռաջ ի­րա­կա­նա­ցուի­լը հա­սա­րա­կաց փա­փաք մը դար­ձած է, սա­կայն այս բո­լո­րով հան­դերձ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան մի­ջան­կեալ փու­լը եւս կ՚ըն­թա­նայ ո­րոշ դժուա­րու­թիւն­նե­րով։ Հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս այն­պի­սի բե­ւե­ռա­ցում­ներ ստեղ­ծուած են, որ ա­կա­մայ ի­րենց անդ­րա­դար­ձը կ՚ու­նե­նան նաեւ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան վրայ։ Մրցակ­ցու­թիւն­նե­րով, ազ­դե­ցու­թեան պայ­քար­նե­րով կ՚ուղ­ղոր­դուի տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը։ Ժխտա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րը, ափ­սոս, որ եր­բեմն ստուեր կ՚ա­ծեն դրա­կան սպա­սում­նե­րու վրայ։ Յա­մե­նայն­դէպս, հա­մայն­քի ա­չա­լուրջ բո­լոր շրջա­նակ­նե­րը կը գի­տակ­ցին, թէ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւ­նը զերծ պէտք է պա­հուի այս հա­կա­սու­թիւն­նե­րէն։ Տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւ­նը պէտք չէ հա­շուե­յար­դա­րի մը վե­րա­ծել՝ վեր­ջին ինն տա­րի­նե­րու տխուր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ, այլ պէտք է հա­մա­րել յա­ռա­ջի­կայ դրա­կան եր­թի ա­ռա­ջին քայ­լը։

Վեր­ջին օ­րե­րուն հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս բուռն ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, աշ­խա­տանք­ներ տե­ղի ու­նե­ցան՝ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան ար­դիւն­քին վրայ ազ­դե­լու մտադ­րու­թեամբ։ Թէեւ վերջ­նա­կան խօսք ը­սե­լու ի­րա­ւուն­քը վե­րա­պա­հուած է հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն, սա­կայն հա­մայն­քի բո­լոր շրջա­նակ­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս ներգ­րա­ւուած էին այս գոր­ծըն­թա­ցին։ Զա­նա­զան հար­թակ­նե­րու կամ մա­կար­դակ­նե­րու վրայ մին­չեւ ե­րէկ շա­րուան­կուե­ցան քննար­կում­նե­րը, ժո­ղով­նե­րը եւ բո­լո­րը իր ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը ը­րաւ՝ այս փու­լին հնա­րա­ւո­րինս ձեռն­տու ար­դիւն­քի մը հաս­նե­լու հա­մար։

Այս բո­լո­րը հասկ­նա­լի են։ Բայց եւ այն­պէս, ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ յա­ջորդ փու­լը։ Երբ որ ընտ­րուի նոր տե­ղա­պահ մը, այ­լեւս մէկ կողմ պէտք է թո­ղուին հա­տուա­ծա­պաշ­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը եւ հա­մայն­քի ընդ­հա­նուր շա­հե­րուն հե­տա­մուտ՝ բո­լո­րը պէտք է հա­մախմ­բուին նոր տե­ղա­պա­հին շուրջ։ Սա է ժամ ա­ռաջ նոր պատ­րիարք մը ու­նե­նա­լու հիմ­նա­կան նա­խա­պայ­մա­նը։ 

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 15, 2017