ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՇՔԵՂ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Մեծն Բրիտանիոյ մայրաքաղաքը՝ Լոն­­տո­նի մէջ բա­ցուե­ցաւ Մի­քե­լան­ճե­լո­յի եւ Սե­պաս­տիա­նո­յի հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քին նուի­րուած ցու­ցա­հան­դէս մը։

«Մի­քե­լան­ճե­լօ եւ Սե­պաս­տիա­նօ» ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ կը պատ­մէ Վե­րած­նուն­դի ի­տա­լա­ցի վար­պետ­նե­րու աշ­խոյժ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին, Մար­տի 15-ին բա­ցուած է Լոն­տո­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ։

Ըստ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան, սա նկա­րիչ­նե­րու հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քի ա­ռա­ջին ցու­ցա­հան­դէսն է։ Ա­նոնք տար­բեր դպրոց­նե­րու կը պատ­կա­նին եւ գրե­թէ նմա­նու­թիւն չու­նին ի­րա­րու մի­ջեւ։ Նշա­նա­ւոր Մի­քե­լան­ճե­լօ Պուո­նար­րո­թին եւ հա­մե­մա­տա­բար քիչ յայտ­նի Սե­պաս­տիա­նօ տել Փիոմ­պոն կը պատ­կա­նէին տար­բեր նկար­չա­կան դպրոց­նե­րու, մէ­կը՝ ֆլո­րան­սա­կան, իսկ միւ­սը՝ վե­նե­տի­կեան: Սկիզ­բին ա­նոնք «ըն­կե­րու­թիւն կ՚ը­նէին» Մի­քե­լան­ժե­լո­յի գլխա­ւոր մրցակ­ցի՝ Ռա­ֆա­յէ­լօ Սան­զիո­յի դէմ, բայց յե­տոյ սկսան իս­կա­կան ըն­կե­րու­թիւն ը­նել», մա­մու­լի աշ­խա­տա­կից­նե­րու հա­մար կազ­մա­կեր­պուած ցու­ցադ­րու­թեան պատ­մած է  ցու­ցա­հան­դէ­սի կազ­մա­կեր­պիչ Մա­թիաս Վայ­վէլ:

Ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կա­յա­ցուած են շուրջ եօ­թա­նա­սուն ցու­ցան­մոյշ՝ նկա­րիչ­նե­րու հա­մա­տեղ ստեղ­ծա­գոր­ծած նկար­նե­րը։ Գոր­ծեր, ո­րոնք ա­նոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րի կող­մէ ստեղ­ծուած են ա­ռան­ձին, նկար­ներ, նա­մակ­ներ եւ քան­դակ­ներ:

«Մի­քե­լան­ճե­լօ եւ Սե­պաս­տիա­նօ» ցու­ցա­հան­դէ­սը պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ Յու­նի­սի 25-ը։

Հինգշաբթի, Մարտ 16, 2017