ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աւարտեց իր պաշտօնական շփումները Մոսկուայի մէջ։ Այցելութեան ծրագրի գագաթնային հանդիպումները տեղի ունեցան այս փուլին։ Սերժ Սարգսեան օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Հանդիպումներու ընթացքին առաջնահերթօրէն քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ հարցեր։
Սարգսեան Մոսկուայի մէջ յայտարարեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Ռուսաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ միւս երկիրներու՝ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու ներդրումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման ուղղութեամբ։ Իր կարգին, Փութինն ալ ընդգծեց, որ Ռուսաստան կը շարունակէ աջակցութիւն ցուցաբերել հակամարտութեան փոխադարձ ընդունելի լուծումներու որոնման հարցին մէջ՝ թէ՛ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եւ թէ Երեւանի եւ Պաքուի հետ ուղիղ շփումներու միջոցաւ։