ՀԱՅ ՀԵՐՈՍՈՒՀԻ ԿԻՆԵՐ
Մարտի 14-ին, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ հրաւիրուած էինք գիրքերու շնորհանդէսի: Հանդիսաւորութեամբ ներկայացուեցան Սփիւռքի եւ Մշակոյթի նախարարութիւններու հովանաւորութեամբ հրատարակուած «Հայ հերոսուհի կանայք» եւ «Հայ կանայք 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի հերոսամարտի տարիներուն» գիրքերը, որոնցմէ առաջինը Էդիկ Մինասեանի աշխատանքն է, իսկ երկրորդը՝ Էդիկ Մինասեանի եւ Երեւանի Պետական համալսարանի Սփիւռքագիտութեան ամպիոնի դասախօս՝ Տաթեւիկ Մինասեանի համատեղ աշխատանքը:
Գիրքերը լոյս տեսած են Երեւանի Պետական համալսարանի հրատարակութենէն: Էդիկ Մինասեան՝ նոյն համալսարանի պատմութեան բաժնի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու տոթքոր եւ փրոֆեսէօր, նշանաւոր պատմաբան է, իսկ Տաթեւիկ Մինասեանին հետ առիթ ունեցանք ծանօթանալու շնորհանդէսին:
Նման բովանդակութեամբ աշխատութիւն մը ստեղծելու գաղափարը ողջունեցին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեան, Երեւանի Պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, սաղիմահայ բանաստեղծուհի Անուշ Նագգաշեան, պատմաբան Արտակ Մովսիսեան, գրող Վրէժ Սարուխանեան եւ գիտնականներ, հիւրեր: Մեծապէս գնա-հատուեցաւ հայ հերոսուհիներու մասին պատմական արժէք ներկայացնող այսպիսի գիրք մը գրելու նախաձեռնութիւնը, որ թէ՛ մասնագէտներուն, թէ՛ պարզ ընթերցողներուն հայ հերոս կիներու անցեալէն կարեւոր տեղեկութիւններ կը փոխանցէ:
Ողջունելով շնորհանդէսի մասնակիցները՝ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս ըսաւ. «Հայաստանի մէջ յայտարարուած կիներու միամսեակի ձեռնարկներուն ընթացքին որոշեցինք կազմակերպել եւ հայ հասարակութեան նուիրել Էդիկ Մինասեանի հայ կիներուն մասին այս երկու հիմնարար աշխատութիւնները: Հայ ժողովուրդի դժուար ու ճակատագրական պահերուն հայ կինը անմասն չէ մնացած մեր գոյապայքարէն, որ թէ՛ կը վկայէ հայուհիին խիզախութեան, քաջութեան, հերոսութեան եւ թէ նպատակասլացութեան մասին: Ան միշտ մեծարուած է իբրեւ սրբութիւն, եղած է առաքինի, ազնիւ ու համբերատար: Բազմաթիւ հայուհիներ պայքարած են թշնամիին դէմ: Կռիւներու, արհաւիրքներու ընթացքին դարձած են քաջ զինուոր եւ կեանքի գնով պաշտպանած են իրենց տունն ու զաւակները: Զոյգ գիրքերուն մէջ Էդիկ Մինասեան փորձած է բացայայտել եւ համապարփակ ձեւով ներկայացնել այս հայ կանանց տիպական կերպարները: Մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի այս գիրքին մէջ նշուած հայ կիները աւելի լայն ճանաչում ձեռք բերեն եւ մանաւանդ ճանաչելի դառնան նոր սերունդներուն»:
Իր կարգին, Մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչ, նախարարի տեղակալ Ներսէս Տէր-Վարդանեան նշեց, որ ամէն ինչ պէտք է ընել այս գիրքերուն բովանդակութիւնը հանրութեան հասանելի եւ մատչելի դարձնելու ուղղութեամբ:
Երեւանի Պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան Էդիկ Մինասեանի կատարած գործը նկատեց պատմագրութեան մէջ նոր խօսք:
Իսկ հանդիսութեան աւարտին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ գիրքերուն հեղինակը՝ Էդիկ Մինասեան, որ ըսաւ. «Իմ առանձնայատուկ շնորհակալութիւնը կը յայտնեմ Սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, որ առիթ եւ հնարաւորութիւն տուաւ ինծի նման աշխատանք իրականացնելու: Հայ կինը իսկապէս հերոսուհի է: Այդ կապակցութեամբ երիցս ճիշդ են մեծ հայուն՝ Գարեգին Նժդեհի խօսքերը. «Մայրերու ափին մէջ պէտք է փնտռել ազգերու ճակատագիրը»: Հետեւաբար, հայուհիներուն դաստիարակութենէն կախեալ է անոնց զաւակներուն հայ ըլլալը:
«Եթէ այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ եւրոպական, կիներուն տեղն ու դերը իմաստաւորուած է կնոջական շարժման մէջ, ապա մեր իրականութեան մէջ կինը ոչ թէ իր անձին ազատագրման համար մտածած է, այլ կապանքներու մէջ գտնուող ազգին: Ան ազգը փրկելու նպատակով յայտնուած է հօրը, ամուսինին, եղբօրն ու որդիին կողքին: Եւ հետաքրքրականը այն է, որ հայ ազգային-ազատագրական շարժման պատմութեան մէջ տղամարդու կողմէ կինը դարձեալ կը շարունակէ ընկալուիլ որպէս մայր, մայրութեան խորհրդանիշ»:
Այս միտքը ընդհանրացնելով Աշոտ Մելքոնեան մասնաւորապէս ըսաւ. «Հայ կինը ընտանիքին մայրն է, ընտանիքին հիմքը, բայց իրավիճակէն ելլելով ան նաեւ տղամարդուն կողքին կեցած զինուոր է»:
Ձեռնարկի մասնակիցները առաջարկեցին լրամշակել, արեւմտահայերէնի վերածել եւ վերահրատարակել աշխատութիւնները, իսկ գիրքերու հերոսուհի կիներուն կերպարները աւելի ճանչնալի դարձնելու համար նկարահանել ժապաւէններ, հաղորդումներ, տպագրել գրքոյկներ:
*
Գիրքերու նախաբանին մէջ կը կարդանք հերոսուհի կիներու մասին գիրք գրելու հեղինակներուն մտորումները, մինչ այդ հատորը ստանալու ժամանակ Փրոֆ. Էդիկ Մինասեանէն տեղեկացած էինք, որ գիրքը գրուած է երկու շարժառիթով, որոնցմէ առաջինը՝ անձնական է. ան յիշատակի գիր մըն է նուիրուած Էդիկ Մինասեանի մեծհօր հերոսուհի մայրիկին, որուն մասին շատ խօսած է իր մեծհայրը եւ այդ մէկը շատ տպաւորած է ապագային պատմաբանի լուրջ մասնագիտութիւնը ընտրած եւ այսօր նշանաւոր պատմաբան դարձած հայորդիին: «Երբ Սիմոն մեծհայրս կը պատմէր իր Հռիփսիմէ՝ մօր մասին, հոգիս կը լեցուէր հպարտութեամբ, բայց միեւնոյն ժամանակ կը մտածէի, թէ մեծհայրս կը գովաբանէ իր մայրը՝ պատմելով անոր սխրագործութիւնները, ինչպէս կ՚ընէ իւրաքանչիւր ոք իր հարազատը ներկայացնելու ժամանակ: Սակայն երբ կարդացի Ռուբէնի (Տէր-Մինասեան) «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» աշխատութեան հատորները եւ ընթերցեցի Շենիկի Մեծ եղեռնը վերապրածներուն յուշերը, համոզուեցայ, որ մեծհայրս համեստութեամբ տակաւին քիչ ալ պատմած է իր հերոսուհի մօր մասին », իր ընտանիքի հերոս մեծմօր մասին կ՚ըսէ Էդիկ Մինասեան:
Էդիկ Մինասեանի մեծհօր մայրը եղած է Սասունի հերոսամարտի հերոսուհիներէն՝ Շաքէին քոյրը: Շաքէն եօթ քոյր ունեցած է, մէկը միւսէն քաջ, որոնցմէ մէկն ալ եղած է Էդիկ Մինասեանի մեծհօր մայրը՝ Ռպէն (Հռիփսիմէ Յակոբեանը): Հերոսուհի Ռպէն աչքի ինկած է մանաւանդ 1915 թուականի Անիոքի ինքնապաշտպանական կռիւներուն ընթացքին: Մինչ այդ ան իր հարսին՝ աւագ որդիին կնոջ հետ ստեղծած էր կիներու ջոկատներ, որոնք կը յարձակէին քրդական գիւղերու վրայ եւ սննդամթերք կը հասցնէին գաղթականութեան: Հերոսուհի այդ կինը նաեւ տիրապետած է ժողովրդական բժշկութեան գաղտնիքներուն: Ան մեղրով, աղով եւ անանուխով կրնար փամփուշտները հանել զինուորներու մարմիններէն եւ բուժել վիրաւորները: Ռպէն հոգատար մօր պէս խնամած է վիրաւորներն ու հիւանդները, քաջալերած ու յոյս ներշնչած է ամէն մարդու:
Հակառակ անոր որ ամուսնացած էր, զաւակներ ունէր եւ միջին տարիքի հասուն կին մըն էր, բայց կիներու իր ջոկատով ան անդադար կը հսկէր Անտիոքի հարաւ-արեւելեան փէշը: Ռպէն նահատակուած է Սասունի վերջին ծանր կռիւներուն ընթացքին: Այս մէկը՝ ինչպէս ըսինք, գիրքը գրելու անձնական շարժառիթը եղած է, իսկ երկրորդ շարժառիթը, որ Էդիկ Մինասեանը մղած է գրելու հայ հերոսուհիներուն մասին պատում մը, եղած է Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կազմակերպած համաժողովը՝ նուիրուած հայ հերոսուհի կիներուն, որու ընթացքին Էդիկ Մինասեան զեկոյցով մը ներկայացած է եւ այդ մէկը առիթ հանդիսացած է, որ հինգ տարուան աշխատանքին որպէս արդիւնք ստեղծէ արժէքաւոր այս վաւերագրութիւնը: Գիրքերուն մէջ ըստ ժամանակաշրջաններու, յաջորդաբար անդրադարձ կը կատարուի 20-րդ դարասկիզբի՝ հայոց ազատամարտի տարիներուն հայուհիներու հերոսական գործունէութեան: Այդ բաժնին մէջ առանձին քննութեան նիւթ են հայդուկային (ֆիտայական) պայքարի, Առաջին աշխարհամարտի, ինչպէս նաեւ՝ Արցախեան հերոսամարտի մասնակից հայ կիներու սխրագործութիւնները:
Գիրքերէն կը տեղեկանանք, որ հայոց հազարամեակներու պատմութիւնը հարուստ է իրենց կեանքը հայրենիքի ազատութեան նուիրաբերած անձնուէր, խիզախ ու համարձակ, հայրենասէր հայուհիներու գործած սխրանքներով: Այդ նուիրեալ հայուհիները, սեփական ժողովուրդի փրկութիւնը բարձր դասելով անձնական երջանկութենէն, սիրով ու անտրտունջ նետուած են զոհողութեան:
Հայ կնոջ կերպարին մասին խօսելով հեղինակները օրինակներ կը բերեն «Սասունցի Դաւիթ» հազարամեայ դիւցազներգութենէն, ուր լիովին բացայայտուած է հայ կնոջ դերը: Հայ մօր խորհուրդները, հայրենիքը պաշտպանելու, ընտանիքի արժանապատուութիւնը բարձր պահելու, իր սեփական կարողութեան արժէքը գիտնալու եւ մինչեւ վերջ թշնամիին դէմ քաջաբար կռուելու պատրաստակամութիւնը յաջողութիւն բերած են սասունցիին: Հայ ժողովուրդի դիւցազներգութեան մէջ հայ կինը տղամարդուն կը ներշնչէ ինքնավստահութիւն, թափ ու թռիչք, անպարտելի քաջութիւն, վճռականօրէն մինչեւ յաղթանակ պայքարելու ոգի: Եւ այդ ոգին մենք կը տեսնենք նաեւ գիրքին միւս բաժիններուն մէջ, որ կը հասնի մինչեւ մեր օրերու պայքարը՝ Արցախեան ազատամարտը, որուն բովին նետուեցան հարիւաւոր հայ կիներ ու մայրեր, շատեր հերոսանալով, անմահանալով եւ միանալով ազգի միւս հերոսներուն:
Հեղինակները ցոյց կու տան, որ մեր պատմութեան ամբողջ ընթացքին բարեպաշտութեան, կրօնասիրութեան, հայրենասիրութեան հետ միասին ողորմածութիւնը, առատաձեռնութիւնը, ուսումնատենչութիւնը եղած են հայ կնոջ առաքինութիւնները: Սակայն այդ յատկութիւններուն կողքին անգնահատելի արժանիքը եղած է ազգի ազատութեան համար պայքարելու վսեմ գաղափարի նուիրուածութիւնը, անձնական նուիրումը կամ զոհողութեան ոգին:
«Բազմաթիւ կին հայդուկներ իրենց հերոսութեամբ չեն զիջած տղամարդոց: Կիները, տղամարդոց կողքին կռուելով ուժ ու կորով ներշնչած են անոնց, հաւատք՝ իրենց սեփական կարողութիւններու եւ յաղթանակի նկատմամբ: Եթէ նոյնիսկ կռուի դաշտին մէջ հայ կնոջ մասնակցութիւնը համեմատաբար եղած է սահմանափակ, ապա թիկունքին՝ անհամեմատ աւելի նշանակալի: Հայուհին ոչ միայն հսկած է հայդուկին թաքստոցը, այլ նաեւ անհը-րաժեշտ տեղեկութիւններ, զէնք-զինամթերք, հաց ու ջուր հասցուցած է վիրաւորներուն, վէրքերը բուժած եւ գաղտնի նամակներ տեղ հասցուցած է», գրուած է գիրքի յառաջաբանին մէջ: Ծանօթ է այն փաստը, որ հայդուկային կռիւներուն հայ կիներու մասնակցութիւնը ընդունուած չէր հայդուկային չգրուած կանոններով. հայ տղամարդիկ զայն համարած են անթոյլատրելի: Հայ տղամարդը թոյլատրելի չէ նկատած վտանգի ենթարկել իր օճախին պահապանը: «Այնուամենայնիւ օրհասական պահերուն հայ կինը երբեք կրաւորական կեցուածք ցոյց չէ տուած, ընդհակառակը՝ գիտակցելով մարտնչած է: Նշուած իրողութեան ակնառու ապացոյցներէն է Ռուբինեանց Հեթում սպարապետի կնոջ՝ Զարմանուհիին օրինակը: 1363 թուականին, երբ Սիս մայրաքաղաքը պաշարուեցաւ, ան իր ամուսինին կողքին Ատանայի դաշտին մէջ կռուելու ժամանակ իր ձեռքով սպաննեց մեմլուք զօրավար Օմարը: Ռուբինեաններու անկումէն ետք, երբ ամուսինը դաւադրաբար սպաննուեցաւ, Զարմանուհի տիկինը իր զաւկին՝ Գէորգի հետ ապաստանեցաւ Կոկիսոն եւ Ուլնիա լեռներուն մէջ: Հինգ տարի աստանդական կեանք վարելէ ետք ի վերջոյ յաջողեցաւ իր դրօշին ներքոյ հաւաքել երեք հարիւր քաջ լեռնականներ: Ապա գլխաւորելով զանոնք՝ հերոս հայուհին յարձակեցաւ, խլեց Կապանը, ամրացաւ այնտեղ՝ ցոյց տալով, որ ազատատենչ հայ կնոջ ոգին երբեք չ՚ընկճուիր»:
19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին հայ ազատագրական պայքարի էջերուն մէջ աչքի կ՚իյնայ կին զինատար հայդուկ՝ Ծաղիկը (Սաթենիկ Արղութեան): Ան զինակցած է Տերիքի վանքի հայդուկներուն հետ, մասնակցած է նաեւ Տերիքի 1894 թուականի ինքնապաշտպանական կռիւներուն եւ զէնքի փոխադրման, հոս մեծ դեր խաղացած է նաեւ Ուզունլուծի (Եոզկատ) հերոսուհի՝ Գոհարիկ Մարգարեանը: 1890-1908 թուականներուն Գոհարիկը տարբեր միջոցներով եւ մեթոտներով զէնք ու զինամթերք տեղափոխած է պատմական Հայաստան՝ նոյնիսկ երբեմն ջահերու մէջ թաքցնելով զանոնք: Այդ ջահ-թաքստոցներէն մէկը պահպանուած է եւ այժմ կը գտնուի Երեւանի Զօրավար Անդրանիկի անունը կրող թանգարանին մէջ:
*
Փոքր Հայքի ֆիտայիներէն եւ Արամի մտերիմ գործընկերներէն էր Սեբաստիոյ Թոնտուրակ գիւղէն Էլմաստ Դարբինեանը (Մալեմզեան), որ կոչուած է «Հօրքուր»։ «Հնչակեան բոլոր խմբապետները գիտէին, թէ ո՞վ է Հօրքուրը, եւ ի՞նչ է անոր դերը», գրած է ժամանակակիցը, որ նաեւ տեղ գտած է հերոսուհիներու մասին գիրքերուն մէջ: «Տակաւին 19-րդ դարու 70-80-ական թուականներուն Թիֆլիզի մէջ շարք մը հայ օրիորդներ հանդէս եկած են իրենց զօրեղ անհատականութեամբ եւ քաջութիւն ունեցած են ոչ միայն արհամարհելու այն ժամանակուան հայ հասարակական նեղմիտ հայեացքները, այլ մէկ կողմէն կրցած են պայքարիլ կնոջ իրաւունքներուն համար, միւս կողմէ՝ հայ տղամարդու կողքին եւ անոր հետ համահաւասար մասնակցած մշակութային աշխատանքներուն, նաեւ հայ հասարակական-յեղափոխական գործերուն, ազգային ազատագրական պայքարին», գիրքի յառաջաբանին մէջ գրած են հեղինակները:
Գիրքերը լի են հայ հերոսուհիներու անուններով՝ Հայօ-Հայաստան, Սաթօ Օհանջանեան, Սատան Սիմէեան, Գայլ Շահէ, Խազալ, Մավի, Աղաւնի Վարպետեան, Սրբօ, Սեւօ, Իսմօ եւ ուրիշներ, որոնց գործունէութեան մասին, դարձեալ քիչ բան հասած է մեզի:
Էդիկ Մինասեան գիրքը նուիրած է ոչ միայն իր Ռպէ մեծմօրը, այլ՝ մօրը՝ Լուսիկ Մինասեանին:
Եւ աւարտին նշենք այն հարուստ աղբիւրներուն մասին, որոնցմէ օգտուած են հեղինակները իրենց այս աշխատութիւնները ընթերցողի սեղաններուն դնելէ առաջ: Այդ մէկը եղած է՝ հայոց պատմագիտութիւնը պատմիչներու երկերը, աւելի ուշ շրջանին հրատարակուած գրականութիւնը՝ Պոլիս, Պէյրութ, Թիֆլիզ, Վենետիկ եւ այլուր, ինչպէս նաեւ ժամանակի մամուլը՝ Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս տպագրուած: Մանաւանդ մամուլէն մէջբերումներու առատութիւնը նկատի առնելով, կրնանք անգամ մը եւս փաստել, թէ որքա՜ն վաւերական արժէք ունի օրուան մամուլը՝ ապագայի համար:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ