Խա­ղաղ Օ­րե­րու Յու­շե­րէն…

Ման­կու­թեանս տպա­ւո­րուած եմ մեր գիւ­ղի հին ու պատ­մա­կան քա­նի մը կա­ռոյց­նե­րով, ո­րոնց­մէ մէ­կը Քե­սա­պի Ժո­ղովր­դա­յին տան հին շէնքն է իր տախ­տա­կա­մած սե­նեակ­նե­րով, քա­րէ սեպ աս­տի­ճան­նե­րով՝ եր­կու կող­մե­րուն տախ­տա­կէ բազ­րիք­նե­րով՝ տպա­ւո­րուած եմ նաեւ դպրո­ցովս՝ Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան նա­հա­տա­կաց վար­ժա­րա­նի հին շէն­քի կա­ռոյ­ցով: Պատ­մա­կան մեծ ար­ժէք ու­նե­ցող եր­կու կա­ռոյց­նե­րուն աս­տի­ճան­նե­րը, ո­րոնք մին­չեւ այ­սօր ի­րենց յե­տին ման­րա­մաս­նու­թեամբ յստա­կօ­րէն կը տես­նեմ աչ­քիս առ­ջեւ, շատ բարձր ու դժուար թուա­ցած են ին­ծի: Փոքր տա­րի­քիս վա­խով ու խորհր­դա­ւո­րու­թեամբ բարձ­րա­ցած եմ եր­կու վայ­րե­րը, ո­րոնք սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի կերտ­ման ու դաս­տիա­րա­կու­թեան կա­րե­ւոր կեդ­րոն­ներ ե­ղան ու կը շա­րու­նա­կեն ըլ­լալ:

Դպրոցս իւ­րա­յա­տուկ կա­ռոյց մը ու­նէր: Շէն­քի մէջ­տե­ղի հա­տուա­ծին եր­կու կող­մէն ծայր ա­ռած աս­տի­ճան­նե­րը կը միա­նա­յին ո­րոշ բարձ­րու­թեան մը վրայ, ա­պա լայն քա­րէ աս­տի­ճան­նե­րը կ՚ա­ռաջ­նոր­դէին դեռ ա­ւե­լի բարձր, դէ­պի դա­սա­րան­ներ, ու­սուց­չա­րան, տնօ­րէ­նու­թիւն եւ այլն: Սե­նեակ­նե­րը ու­նէին հաստ պա­տեր, շատ բարձ ա­ռաս­տաղ ու տախ­տա­կէ բարձր ու լայն դռներ, ո­րոնց եր­կա­թեայ բա­նա­լի­նե­րը զար­մա­նա­լիօ­րէն մեծ էին, կար­ծես՝ հե­քիա­թա­յին աշ­խար­հէն ե­կած ըլ­լա­յին: Ե­րեք աս­տի­ճան­նե­րուն միա­ցած հատուա­ծին տակ կար կա­մա­րա­ձեւ շի­նուած­քով խո­նաւ եւ հո­ղոտ անցք մը, ուր ա­րե­ւի ճա­ռա­գայթ­նե­րը գրե­թէ չէին հաս­ներ: Հոն կար հաս­տա­բուն ձի­թե­նի մը, ո­րուն չոր­ցած հա­տիկ­նե­րը եր­բեմն կը խան­գա­րէին տղոց գնդի­կի խա­ղե­րը, ո­րոնք տե­ղի կ՚ու­նե­նա­յին միայն այդ աս­տի­ճան­նե­րուն տակ: Տղա­քը մե­զ՝ աղ­ջիկ­նե­րս, չէին խաղց­ներ գնդիկ, ուս­տի կը բա­ւա­րա­րուէինք դի­տե­լով:

Դպրո­ցին բարձր կար­գե­րու աղ­ջիկ­նե­րը կը նստէին լո­ղի ճեր­մակ քա­րե­րուն վրայ, ո­րոնք զե­տե­ղուած էին դպրո­ցին բա­կը ե­զե­րող ցան­կա­պա­տե­րուն տակ: Մենք՝ փոք­րերս միշտ ալ կը հե­տաքրք­րուէինք, թէ ի՛նչ կը խօ­սէին մեծ աղ­ջիկ­նե­րը՝ քով-քո­վի նստած՝ այ­նուա­մե­նայ­նիւ, կը շա­րու­նա­կէինք վազվ­զել մեր աչ­քին շատ մեծ ե­րեւ­ցող դաշ­տին մէջ՝ ա­ռանց յոգ­նե­լու, մին­չեւ զբօ­սան­քին ա­ւար­տը, որ կ՚ի­մա­ցուէր ձեռ­քի բա­ւա­կան մեծ զան­գա­կով. որ­քա՜ն շո­յուած կը զգար այն ա­շա­կեր­տը, ո­րուն եր­բեմն հսկիչ ու­սու­ցի­չը  հնչեց­նել կու տար այդ պատ­մա­կան զան­գը: Ու դեռ կը յի­շեմ առ­տուան խիտ ու կար­գա­պահ շար­քե­րը ա­շա­կերտ­նե­րուն, ո­րոնք հեր­թով պաշ­տա­մուն­քի կը մտնէին: Պաշ­տա­մուն­քին վայ­րը երկ­յար­կա­նի ան­ջատ կա­ռոյց մըն էր դպրո­ցի շէն­քին դի­մաց: Հոն զե­տե­ղուած էր դաշ­նա­մու­րը, ո­րու մե­ղե­դի­նե­րուն հետ ա­մէն առ­տու կը բարձ­րա­նա­յին մեր զիլ ձայ­նե­րը՝ «Լսած եմ ես Փրկչի մը սէր», «Հաց ձգէ ջրոց ե­րե­սը», «Ու­րախ սրտով» եւ շատ ու­րիշ եր­գեր: Պաշ­տա­մուն­քի ըն­թաց­քին խորհր­դա­ւոր էին նաեւ հա­յոց պատ­մու­թեան դա­սե­րը: Դեռ մին­չեւ այ­սօր յստակ կը տես­նեմ Տի­կին Վար­սե­նիկ Մկրտի­չեա­նը, որ ա­մէն առ­տու խնամ­քով կը բա­նար քար­տէս­նե­րը եւ կը պատ­մէր… ա­նոր ձայ­նը ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը յար­գել սոր­վե­ցու­ցած է մե­զի: Քար լռու­թիւն կը տի­րէր այդ պա­հուն: Հե­տաքրք­րա­կա­նը այն է, որ միայն քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ ի­մա­ցայ, որ կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ար­գի­լած էր հա­յոց պատ­մու­թեան դա­սա­ւան­դու­թիւ­նը հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ: Այս ո­րո­շու­մին մա­սին սե­րունդ­ներ, ա­ռանց տե­ղեակ ըլ­լա­լու, տա­րի­նե­րով ա­մէն օր ի­րենց ազ­գի պատ­մու­թիւ­նը լսած են, քար­տէս­նե­րը տե­սած: Հայ ու­սու­ցի­չի կամ­քին դի­մաց ան­զօր են բո­լոր օ­րէնք­ներն ու վճիռ­նե­րը: Հայ ու­սու­ցի­չին հա­մար հնարքն ու մի­ջո­ցը ան­պա­կաս ե­ղած են բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն ալ:

Մեր շէն­քի պատշ­գա­մէն դպրոցս իր բա­կով ու շէն­քով յստակ կ՚ե­րե­ւէր ե­րեք տաս­նա­մեակ ա­ռաջ, իսկ այ­սօր ա­մէն տեղ բու­սած շէն­քե­րէն բան չ՚ե­րե­ւիր: Վե­րա­մու­տի ա­ռա­ջին օ­րը մայրս քայ­լերս ուղ­ղած է դպրոց, ա­պա այդ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը վստա­հած է երկ­րորդ յար­կի մեր դրա­ցի հա­րա­զա­տին զա­ւակ­նե­րուն, ո­րոնք նոյն վար­ժա­րա­նը կը յա­ճա­խէին: Այ­սօ­րուան պայ­ման­նե­րուն մէջ կա­րե­լի չէ ե­րե­ւա­կա­յել նման բան, բայց այն օ­րե­րուն սո­վո­րա­կան էր, ո­րով­հե­տեւ բնա­կիչ­նե­րը հա­րա­զատ տէ­րերն էին գիւ­ղին, օ­տար ոտք չկար Քե­սապ: Այն օ­րե­րուն ինք­նա­շարժ­նե­րը այն­քան քիչ էին, որ մար­դիկ ա­մէն տեղ քա­լե­լով կ՚եր­թա­յին: Այն օ­րե­րուն մա­քուր էր գիւ­ղը եւ խա­ղաղ: Մէկ դար­ձուածք՝ եւ ու­ղիղ դպրո­ցին բա­կը կը մտնէինք, բայց թէ ին­չո՛ւ ին­ծի հա­մար այդ ճամ­բան շատ եր­կար ե­ղած է ու դժուար, չեմ հասկ­ցած: Եւ այս­պէս, ա­մէն առ­տու չորս հո­գիով ճամ­բայ կ՚ել­լէինք:

-Ու­շա­ցանք: Ես դպրո՞ց պի­տի հաս­նիմ, թէ՞ պզտիկ­ներ պի­տի կա­ռա­վա­րեմ,- ջղա­յին կը յա­րէր մե­ծը մէկ-մէկ ե­տեւ դառ­նա­լով, բայց ա­ռանց կանգ առ­նե­լու կը շա­րու­նա­կէր,- եր­կու հա­տը կար­ծես չէր բա­ւեր, մէկ հատ ալ ա­ւել­ցաւ:

Ա­ւել­ցած մէկ հա­տը ես էի՝ եր­կու­քու­կէս տա­րե­կան, իսկ ե­րե­քը քոյ­րեր էին: Միջ­նե­կը եր­բեմն կանգ կ՚առ­նէր ու կը սպա­սէր ին­ծի եւ իր կրտսեր քրոջ, որ հա­զիւ տա­րի մը կամ եր­կու մեծ էր ինձ­մէ, եւ որ իր վրան ա­ռած էր զիս դպրոց տա­նե­լու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը: Ան քայ­լերս  համ­բե­րու­թեամբ ու հան­դարտ կ՚ուղ­ղէր… գուր­գու­րա­լու եւ խնա­մե­լու ան­բա­ցատ­րե­լի կա­րո­ղու­թեամբ օժ­տուած պի­տի ըլ­լայ մարդ ի ծնէ, որ կա­րե­նայ իր փոքր տա­րի­քին մէկ այլ փոք­րիկ դպրոց տա­նիլ-բե­րել: Մին­չեւ այ­սօր կը յի­շեմ ա­նոր փայ­լող կա­նաչ աչ­քե­րը, երբ «տո՛ւր ձեռքդ նա­յիմ» կ՚ը­սէր: Իր հո­գա­տա­րու­թեան կող­քին, կար նաեւ սաս­տը. «Ե­թէ բա­րի չկե­նաս եւ խօսքս մտիկ չը­նես, վա­ղը քե­զ դպրոց չեմ տա­նիր»,- ո­րուն կ՚են­թար­կուէի լուռ ու մունջ, ո՜վ գի­տէ, յա­ջորդ օ­րը թե­րեւս զրկուե­ցայ դպրոց եր­թա­լու հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ըն­կե­րու­հիիս նե­ցու­կէն:

Դպրո­ցէն վե­րա­դարձն ալ ճիշդ նոյն ձե­ւով՝ եր­կու մե­ծե­րը կ՚ա­ճա­պա­րէին, իսկ մենք դան­դաղ ու ան­հոգ քով-քո­վի կը քա­լէինք: Ա­ռաջ­նորդ ըն­կե­րու­հիս հա­զիւ կը նշմա­րէր քոյ­րե­րուն տուն հաս­նի­լը, ճամ­բան կը թե­քէր դէ­պի մեր շէն­քի դի­մա­ցի կա­նաչ մար­գա­գե­տի­նը, ուր փռուած կ՚ըլ­լա­յին ապ­րիմ-մեռ­նիմ ծա­ղիկ­նե­րը գար­նան: Ո­չինչ կը գե­րա­զան­ցէր կա­նաչ խո­տին վրայ պպզած դող­դոջ ձեռ­քե­րով ծա­ղիկ հա­ւա­քե­լու մեր հրճուան­քը, որ միշտ ալ ընդ­հա­տո­ւած էր մեր մայ­րե­րուն մտա­հոգ կան­չով. «Աղ­ջիկ­նե՛ր, ո՞ւր մնա­ցիք»:

Այ­սօր այդ մար­գա­գե­տի­նէն ափ մը հող իսկ չէ մնա­ցած, ո­րուն վրայ ա­ճի գէթ մէկ ապ­րիմ-մեռ­նիմ, փո­խա­րէ­նը կան հսկայ շէն­քեր: Չկայ նաեւ դպրո­ցիս հին շէն­քը իր եր­կար աս­տի­ճան­նե­րով, փո­խա­րէ­նը կայ նո­րը եւ ար­դիա­կա­նը: Այ­սօր հին դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը, ու­սու­ցիչ­նե­րը, տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, ցրուած են աշ­խար­հով մէկ, բայց անխ­տիր բո­լո­րի յի­շո­ղու­թեան մէջ տա­կա­ւին կ՚ապ­րի դպրո­ցը իր ան­ցեա­լի փառ­քով, ճո­խու­թեամբ ու ան­բա­ցատ­րե­լի հմայ­քով: Բո­լո­րի սրտին ու մտքին մէջ տա­կա­ւին վառ կը մնայ խրոխտ Կա­սիո­սի լան­ջին ճիշդ ներ­քեւ տաս­մա­կեակ­ներ եր­գուած ա­նոր քայ­լեր­գը.

«Սի­րել զԱս­տուած, սի­րել մար­դիկ, սի­րել ազգ ու հայ­րե­նիք,

Կեան­քով, գոր­ծով, ծա­ռա­յե­լով, ապ­րիլ այս վեհ կո­չու­մով:

Ապ­րի՛ս յա­ւէտ, սի­րո՛ւն օր­րան, Հայ ա­ւետ մեր վար­ժա­րան»…

­Քա­ռորդ դար ա­ռաջ խա­ղաղ էր կեան­քը Կա­սիո­սի լան­ջե­րուն, եւ մենք՝ Կա­սիո­սի բնա­կիչ­նե­րուն զա­ւակ­ներս, հա­րուստ ու ան­հոգ ման­կու­թիւն մը ապ­րե­լու բախ­տին ար­ժա­նի ե­ղած ենք… միայն քա­ռորդ դար ա­ռաջ հոն՝ այն բար­ձունք­նե­րուն վրայ կեան­քը խա­ղաղ էր ու մա­քուր…

ՍԻԼ­ՎԻ Ա­ԲԷ­ԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2017