«ՀԻԶՊՈՒԼԼԱՀ»Ի ՆՈՐ ԽԱՂԱՔԱՐՏԸ՝ ՀԱՅՖԱՅԻ «ԱՄՈՆԻԱՔ»Ի ՊԱՀԵՍՏԱԿԱՅԱՆԸ

Իս­րա­յէ­լեան «Հաա­րէթ­ց» պար­բե­րա­կա­նին մէջ լոյս տե­սած հրա­պա­րա­կու­մէն ի վեր երկ­րի լայն շրջա­նակ­ներ սկսած են քննարկ­ման բուռն նիւթ դարձ­նել «Հիզ­պուլ­լա­հ» կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ լուրջ սպառ­նա­լիք­նե­րու մա­սին խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը:

Այս խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը տե­ղի կ­­՚ու­նե­նա­յին այն պա­հուն, երբ Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ այ­ցե­լե­լով հան­դի­պում կ՚ու­նե­նար երկ­րի նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի հետ: Նե­թա­նի­յա­հու, ո­րուն մօ­տիկ աղ­բիւր­նե­րը կը փո­խան­ցէին, որ վար­չա­պե­տը բա­ւա­կան «հան­գիս­տ» մթնո­լոր­տի մը մէջ հե­ռա­ցած է Սպի­տակ տու­նէն, նաեւ կը յա­ւե­լէին, որ ի­րենց հա­մար այդ հան­դի­պում­նե­րուն հիմ­նա­կան դրա­կան կէ­տը Տա­նըլտ Թրամ­փի բեր­նէն «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի եւ Թեհ­րա­նի դէմ դրուե­լիք նոր պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րուն մա­սին լսելն է:

Այս բո­լո­րին զու­գա­հեռ իս­րա­յէ­լեան մա­մու­լին մէջ Հայ­ֆա­յի «ա­մո­նիա­ք­»ի հիմ­նա­կան պա­հես­տա­նո­ցին մա­սին տրուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը լսե­լի կը դառ­նա­յին «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի ղե­կա­վար Սէ­յիտ Հա­սան Նաս­րալ­լա­յի Պէյ­րու­թի մէջ ար­տա­սա­նած վեր­ջին ճա­ռին ըն­թաց­քին (16 Փետ­րուար 2017): Նաս­րալ­լա իր այդ ճա­ռով «նա­խա­յար­ձա­կ» ո­ճով մը խօ­սե­լով անդ­րա­դարձ կը կա­տա­րէր բո­լոր այն տուեալ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնց շուրջ գրած է նոյն «Հաա­րէ­թց­»ը:

Լի­բա­նան­ցի շիի կրօ­նա­ւո­րը կը յայ­տարա­րէր, որ Իս­րա­յէ­լի կող­մէ Լի­բա­նա­նի ու «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի դէմ պա­տե­րազմ յայ­տա­րա­րե­լու «մթնո­լոր­տ­»ը միշտ ալ առ­կայ է եւ այդ մթնո­լոր­տը կրնայ ո­րե­ւէ պա­հու «մագլ­ցու­մ» ար­ձա­նագ­րել, ե­թէ Թել Ա­ւիւ «պատ­րաս­տ» ըլ­լայ նոր պա­տե­րազ­մի մը եր­թա­լու: Ան այս ա­ռու­մով ալ բա­ցա­յայտ «պատ­գամ­նե­ր» ուղ­ղե­լով «կը հա­ւաս­տիաց­նէ­ր», որ ի­րենք ո­րե­ւէ պա­հու պատ­րաստ են պա­տե­րազ­մի ու կը տի­րա­պե­տեն այն­պի­սի գաղտ­նիք­նե­րու, ո­րոնք կրնան «ապ­շա­հա­ր» դարձ­նել իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կը:

Պէտք չէ մոռ­նալ, որ Նե­թա­նի­յա­հու­ի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կա­տա­րած այ­ցի «ներ­քին պատ­ճառ­նե­ր­»ուն մէջ կար ա­մե­րի­կեան նոր վար­չա­խում­բին բազ­կե­րա­կը «շօ­շա­փե­լու» հար­ցը ու հար­ցում ուղ­ղե­լու, թէ ար­դեօք Ա­մե­րի­կա պատ­րա՞ստ է զի­նուո­րա­կան լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թեան մը կա­պակ­ցու­թեամբ իր «օրհ­նու­թիւ­ն­»ը տալ:

Այս են­թադ­րու­թիւն­նե­րէն ան­դին «Հիզ­պուլ­լա­հ», ո­րուն զի­նուո­րա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան հա­մար ա­մե­նէն կա­րե­ւոր գոր­ծօ­նը ա­նակն­կալ­ներ «կեր­տե­լու» տուեալն էր այս ան­գամ, ար­դէն բարձ­րա­ձայն կը խօ­սէր իր հա­ւա­նա­կան թի­րա­խին մա­սին:

Թի­րա­խը, ինչ­պէս վե­րը նշե­ցինք, իս­րա­յէ­լեան Հայ­ֆա ծո­վափ­նեայ քա­ղա­քին մէջ տե­ղա­կա­յուած քի­միա­կան «ա­մո­նիա­ք» նիւ­թի պա­հես­տա­րանն էր, ո­րուն  ոչն­չա­ցու­մը հա­մա­զօ­րէր էր կո­րի­զայն ա­ղի­տա­լի պայ­թու­մի մը:

«Հիզ­պուլ­լա­հ» այդ «գոր­ծո­ղու­թիւ­ն»ը պի­տի կա­տա­րէր օգ­նու­թեամբ ար­դիա­կան հե­ռա­հար հրթիռ­նե­րու, ո­րոնք Լի­բա­նա­նի հա­րա­ւը հա­սած կրնա­յին ըլ­լալ կտրե­լով Դա­մաս­կոս-Պէյ­րութ ցա­մա­քա­յին ճա­նա­պար­հը:

Սու­րիա­կան հո­ղե­րուն վրայ իս­րա­յէ­լեան օ­դու­ժին կա­տա­րած գրոհ­նե­րուն մա­սին բա­զում ան­գամ­ներ գրած ենք: Գրած ենք նաեւ, որ Թել Ա­ւիւ այդ գրոհ­նե­րուն կը դի­մէ «կտրե­լու» հա­մար ի­րա­նեան ար­դիա­կան զէն­քե­րու Լի­բա­նան փո­խադ­րու­թիւ­նը: Այդ ա­ռու­մով ե­ղած են շարք մը գրոհ­ներ, ո­րոնք «ճիշդ» թի­րա­խը ընտ­րե­լով յա­ջո­ղած են ոչն­չաց­նել ի­րա­նեան զէն­քե­րու Պէյ­րութ ուղ­ղուող շա­րա­սիւն­ե­րը:

Բայց ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այս պա­րա­գա­յին ալ յստակ է, որ «Հիզ­պուլ­լա­հ» յա­ջո­ղած է իր «պէտ­քե­րը» գո­հաց­նել ու այ­սօր ան պատ­րաստ է իր տուած խոս­տում­նե­րը «յար­գե­լու»:

Չմոռ­նամ նշել, որ կրօ­նա­կան հի­մունք­նե­րով կեր­տուած այս կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծե­լաո­ճը կը տար­բե­րի այլ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէ ու ա­նոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րու կող­մէ հնչած «խոս­տու­մ»­նե­րը կը վե­րա­ծուին ի­րա­կա­նու­թեան:

Յի­շեց­նե­լու կար­գով պէտք է նշել Իս­րա­յէ­լի կող­մէ Լի­բա­նա­նի դէմ շղթա­յա­զեր­ծուած պա­տե­րազ­մը 2006 թուա­կա­նին, երբ Հա­սան Նաս­րալ­լա­յի լի­բա­նա­նեան ջու­րե­րը մտած իս­րա­յէ­լեան մար­տա­նա­ւը խո­ցե­լու հրա­մա­նը կը կա­տարուէր ա­նոր պատ­կե­րասփ­ռուած խօս­քին զու­գըն­թաց, այդ­պէ­սով «կոտ­րե­լո­վ» ա­րաբ ղե­կա­վար­նե­րու խօս­քին հան­դէպ առ­կայ անվս­տա­հու­թեան եւ ճո­ռո­մա­բա­նու­թեան բո­լոր կարծ­րա­տի­պե­րը:

Ու­րեմն բա­ցա­ռուած չէ, որ երբ «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի ա­ռաջ­նոր­դը բարձ­րա­ձայն կը խօ­սի «ա­մո­նիա­ք­»ի պա­հես­տա­նո­ցը թի­րախ դարձ­նե­լու մա­սին, բա­ցա­ռուած չէ նաեւ, որ այդ սպառ­նա­լի­քը դառ­նայ ի­րա­կա­նու­թիւն:

Վե­րա­դառ­նա­լով իս­րա­յէ­լեան ճա­կա­տին, պէտք է նաեւ շեշ­տադ­րել, որ իս­րա­յէ­լա­ցի գիտ­նա­կան­ներ եւ մաս­նա­գէտ­ներ, ո­րոնք լրջու­թեամբ կը վե­րա­բե­րին ի­րենց գլխա­ւոր հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ հնչե­ցուած «խոս­տում­նե­ր­»ուն մա­սին, բա­ւա­կան մտա­հոգ եւ շփո­թա­հար վի­ճա­կով մը նա­խա­ձեռ­նած են Հայ­ֆա­յի քի­միա­կան կեդ­րոն­նե­րուն մա­սին ման­րա­մասն թղթած­րար­ներ պատ­րաս­տել ու ներ­կա­յաց­նել երկ­րի անվ­տան­գու­թեան գե­րա­գոյն խոր­հուր­դին:

Այդ գիտ­նա­կան­նե­րուն գլխա­ւո­րը՝ Ի­հոտ Քի­նանն է, որ այս նիւ­թե­րուն վե­րա­բե­րեալ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը տա­լով ը­սած է, թէ Հայ­ֆա­յի «ա­մո­նիա­ք­»ի կա­յա­նին յար­ձակ­ման են­թար­կուե­լու եւ պայ­թե­լու պա­րա­գա­յին՝ ան կրնայ պատ­ճառ դառ­նալ մին­չեւ 16 հա­զար ան­ձե­րու սպա­նու­թեան: Քի­նան խօ­սած է նաեւ այլ կա­րե­ւոր նուրբ կէ­տի մը մա­սին, որ կը վե­րա­բե­րի «ա­մո­նիա­ք» նիւ­թը փո­խադ­րող նա­ւուն, որ ա­մի­սը ան­գամ մը Իս­րա­յէլ կը հաս­նի եւ ա­նոր 16.700 թոն «ա­մո­նիա­ք» թու­նա­ւոր նիւ­թին պա­հես­տա­նոց դա­տար­կու­մը կը տե­ւէ ամ­բողջ օր մը: Ըստ Քի­նա­նի, ե­թէ «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի հրթիռ­նե­րը յա­ջո­ղին խո­ցել բեռ­նա­տար նա­ւը, ա­պա տե­ղի կ՚ու­նե­նայ կո­րի­զա­յին պայ­թու­մի հա­մա­զօր ա­ղէտ մը, ո­րուն հե­տե­ւան­քով տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր մար­դիկ կը սպան­նուին, ո­րով­հե­տեւ պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով շո­ղար­ձա­կուող նիւ­թին ծո­վու ա­ղի ջու­րին հետ շփու­մը կրնայ տա­րա­ծուիլ եւ ստեղ­ծել թու­նա­ւոր ազ­դե­ցու­թեան լայ­նա­ծիր գօ­տի մը, հաս­նե­լով մին­չեւ հա­զա­րա­ւոր քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան:

Այս բո­լո­րէն ան­դին Նաս­րալ­լա չէ մոռ­ցած իր ճա­ռին մէջ սուր հեգ­նան­քով մը Իս­րա­յէ­լին «ա­ռա­ջար­կե­լ» քա­կել բա­ւա­կան «հին­ցա­ծ» պա­հես­տա­նո­ցը եւ հե­ռու մնալ իր սպառ­նա­լիք­նե­րէն, խոս­տա­նա­լով նաեւ, որ ի­րենք կա­րող են խո­ցել Իս­րա­յէլ հաս­նող բեռ­նա­տար նա­ւը եւ կա­տա­կե­լով՝ «այդ պա­րա­գա­յին, դուք ո՞ւր պի­տի թաքց­նէք նա­ւը»:

Այս բո­լո­րին դի­մաց Նե­թա­նի­յա­հու մին­չեւ այս պա­հը լուրջ հա­կազ­դե­ցու­թիւն չէ ցու­ցա­բե­րած ու ա­նոր մօ­տիկ աղ­բիւր­ներ կը խօ­սին «ա­րաբ­նե­րու­ն» հետ բա­նակ­ցու­թեան նոր ճա­նա­պարհ­ներ գտնե­լու մա­սին:

Հե­տաքրք­րա­կան է, որ սիւն­նի աշ­խար­հի տար­բեր մեկ­նա­բան­ներ Հա­սան Նաս­րալ­լա­յի խօս­քին մէջ «պա­տե­րազմ շե­փո­րե­լու» մի­տում­ներ կը տես­նեն, մինչ ին­ք՝ Նաս­րալ­լա ու ա­նոր զօ­րա­կից­նե­րը կը հա­ւաս­տիաց­նեն, որ ի­րենք պա­տե­րազմ­ի կողմ­նա­կից չեն, այլ այդ յայ­տա­րա­րո­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րուին «խա­ղի նոր կա­նոն­նե­ր» թե­լադ­րե­լու եւ պա­տե­րազ­մի վտանգ­նե­րը հնա­րա­ւո­րինս «հե­ռաց­նե­լու» հա­մար:

Տա­կա­ւին չենք խօ­սիր այն մա­սին, որ նոյն Հայ­ֆա­յի պա­հես­տա­նո­ցը (ե­րե­սու­ներ­կու տա­րուան կեանք ու­նե­ցող) Իս­րա­յէ­լի քի­միա­կան նիւ­թե­րու գլխա­ւոր մա­տա­կա­րարն է եւ ա­նոր շնոր­հիւ երկ­րի տաս­նեակ գոր­ծա­րան­նե­րէն բա­ցի կը բա­նի նաեւ «Տի­մո­նա»ի մի­ջու­կա­յին գոր­ծա­րա­նը:

Այս բո­լոր տուեալ­նե­րը հա­շուի առ­նե­լէ ետք է միայն, որ Իս­րա­յէլ կրնայ նոր պա­տե­րազմ մը հրահ­րել «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ին դէմ այն պա­հուն, երբ ա­նոր բա­նա­կա­յին ու­ժե­րը ա­ռա­ջուան «պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­ն­»ը չու­նին եւ չեն գտնուիր ի­րենց «ոս­կեայ օ­րե­ր­»ուն մէջ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Մարտ 18, 2017