ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ ուշ երեկոյեան հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով դրական պատգամներ փոխանցեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ տագնապալի վիճակին շուրջ։ Նորին Սրբազնութիւնը, որ երէկ յետմիջօրէին մեկնեցաւ Գերմանիա, Քէօլնի Առաջնորդարանը հասնելէ վերջ հակիրճ յայտարարութիւններ ուղարկեց համայնքային մամուլին։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ պատրիարքական ընտրութեան համար ձեռնարկուած աշխատանքի շրջանը իր կողմէ յառաջ պիտի տարուի եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն համապատասխան։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ այս շրջանը կարելի պիտի ըլլայ բոլորել ներդաշնակ ու համերաշխ պայմաններու մէջ եւ բոլոր պատասխանատուները ջանք պիտի չխնայեն իրենց կարելին ընելու համար։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի 19 Մարտ 2017 թուակիր յայտարարութեան մէջ ըսուած է հետեւեալը.
«Ինչպէս որ ծանօթ է, Պոլսահայ համայնքին Կրօնական ժողովի 26 Հոկտեմբեր 2016 թուակիր նիստին որոշուած էր՝ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական ընտրութեան առաջին հանգրուանը կազմող Տեղապահական ընտրութիւնը իրականացաւ 15 Մարտ 2017-ին: Անձս Տեղապահ ընտրուեցաւ Եկեղեցական դասու Համագումար ժողովի անդամներուն բարեհաճ գնահատանքով: Հետեւաբար ժողովին մասնակցած եկեղեցական բոլոր եղբայրներուս վստահութեան այսու կը յայտնեմ իմ սրտագին շնորհակալութիւնները: Միեւնոյն ժամանակ, իմ ընտրութեան առթիւ իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնած համայնքային կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն կը յայտնեմ իմ սրտագին շնորհակալութիւնները:
«Այստեղ կը փափաքիմ յայտնել, թէ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան համար ձեռնար-կըւած աշխատանքի շրջանը իմ կողմէ պիտի տարուի եկեղեցւոյս աւանդութիւններուն համապատասխան: Կը հաւատամ ու վստահ եմ, թէ այս շրջանը պիտի կարենանք բոլորել ներդաշնակ եւ համերաշխ պայմաններու մէջ եւ բոլոր պատասխանատուները ջանք պիտի չխնայեն իրենց կարելին ընելու: Համայնքի անդամներուն կը հաւաստիացնեմ, որ Աստուծոյ կամքով բարւոք լուծում պիտի գտնէ ամէն հարց»։
Մինչ համայնքային կեանքէն ներս ստեղծուած վիճակը կը մնայ առկայ, Պատրիրարքական ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ առաւօտ մասնակցեցաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Յետմիջօրէին ալ ան մեկնեցաւ Գերմանիա։ Նորին Սրբազնութիւնը այս կապակցութեամբ մեզի յայտնեց, որ շուրջ շաբթուան մը համար պիտի բացակայի քաղաքէս։ Ըստ իր բացատրութիւններուն, ան նախապէս ճշդուած կարեւոր ժամադրութիւն մը ունէր Գերմանիոյ մէջ եւ այս պատճառով անհրաժեշտ համարած է միջոցի մը համար մեկնիլը։ Մնաց որ, իր խօսքերով, ան կարճ ժամանակի մը համար քաղաքս եկած էր եւ Գերմանիայէ վերադարձին աւելի պատրաստութիւն տեսած պիտի ըլլայ երկարաժամկէտ կեցութեան համար։
Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ մէջ երէկուան արարողութիւններուն մասնակցեցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։ Թաղեցիներուն առընթեր համայնքային հաստատութիւններէն ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ մասնակցեցան Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Հալաճեանի։
Օրուան քարոզին մէջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան անդրադարձաւ նաեւ համայնքային կեանքէն ներս ստեղծուած իրավիճակին։ Ան հաւատացեալներուն բացատրեց, որ պատրիարքական ընտրութեան պատրաստութիւններու փուլին յառաջացան շարք մը խնդիրներ։ Նորին Սրբազնութիւնը յոյս յայտնեց, որ արդար լուծում մը պիտի գտնուի այդ բոլորին համար։ Իր խօսքերով, եկեղեցին Աստուծոյ տունն է։ Ինչպէս որ մարդիկ իրենց տան նկատմամբ խնամք կը տանին՝ այնպէս ալ Տէր Աստուած իր խնամքին տակ կը պահէ եկեղեցին, որ իր տունն է։ Աստուած կը ջանայ արդար ու պայծառ պահել իր տունը, Աստուծոյ տունը բարեզարդուած կը մնայ անոր իսկ հովանիին ներքեւ։ Այս սկզբունքէն առաջնորդուելով Նորին Սրբազնութիւնը փոխանցեց լաւատես պատգամներ։ Ան մէջբերեց նաեւ երէց սերունդի անդամներուն տեսակէտէ խորհրդանշական օրինակ մը։ Անոնք, որոնք կը յիշեն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի ձեռնադրութեան օրը՝ Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, այդ օրինակը մեկնաբանեցին դրական ձեւով եւ յուզումով։ Արդարեւ, Նորին Սրբազնութեան կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած օրը Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ արձակուած աղաւնիներէն մին եկած է պահ մը կանգիլ անոր գլխուն վրայ։ Ընտրեալ-տեղապահը բացատրեց, որ այդ աղաւնին կեանքի ողջ տեւողութեան ուղեցոյց եղած է իրեն եւ այդ պատահականութեան տուած բարոյական ուժով փորձած էր բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարել կեանքի մէջ։ «Աստուծոյ ժամանակաշրջանի հասկացողութիւնը տարբեր է մարդոցմէ», ըսաւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ ընդգծեց, որ մեր եկեղեցւոյ բոլոր զաւակները պէտք է փորձեն ըլլալ «լոյսի մարդ»։
Նորին Սրբազնութիւնը քարոզին մէջ անհանգստութիւն յայտնեց նաեւ այն բուռն բանավէճերուն շուրջ, որոնք կը ծաւալուին համացանցի վրայ մեր համայնքային խնդիրներուն շուրջ։ Մասնաւորապէս ընկերային ցանցերէ ներս վիրաւորական, վարկաբեկիչ արտայայտութիւններ կը նկատուին։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յորդորեց հեռու մնալ այդ բոլորէն՝ մանաւանդ, որ այդ բոլորը կ՚ուղղուին նաեւ կարգ մը հոգեւորականներու դէմ։
Ընտրեալ-տեղապահը հաղորդական ոճով խօսած այս քարոզի աւարտին հաւատացեալներուն տեղեկացուց դէպի Գերմանիա այցելութեան մասին եւ բոլորին յանձնարարեց չմտահոգուիլ, ըլլալ դրական տրամադրութեան մէջ եւ ինքն ալ շուտով պիտի վերադառնայ։
DEĞABAH’TAN AÇIKLAMA VE TEŞEKKÜR
Cemaatimizce de bilindiği üzere 26 Ekim 2016 tarihinde Ruhaniler Genel Meclisince yapılması kararlaştırılan Türkiye Ermenileri Patrikliği seçiminin ilk aşaması olan,“Değabah Seçimi”, 15 Mart 2017 günü gerçekleşti. Ruhaniler Genel Meclisi’nin teveccühü ile Değabah seçildim. Öncelikle bu seçime katılan değerli din adamı kardeşlerime teşekkür ederim. Aynı zamanda bu göreve seçilmiş olmam vesilesiyle bana tebriklerini ileten cemaat, kurum ve bireylerine de ayrıca teşekkürlerimi sunarım.
Bu vesileyle ifade etmek isterim ki Türkiye Ermenilerinin 85. Patriğini seçmek üzere başlatılan seçim süreci gelenek ve teammüllerimize göre, tarafımca gereği gibi ve layıkıyla sürdürülecektir. Öyle inanıyor ve güveniyorum ki bu sürecin huzur ve sükun içinde yaşanması için sorumlu mevkide bulunanlar azami gayreti göstereceklerdir. Toplumumuzun bu konuda müsterih olmasını istiyorum.
Sevgi, saygı ve kutsamalarımı sunarım.
Tanrı yardımcımız olsun.
Değabah Karekin Başepiskopos Bekçiyan