Մար­դը Սի­րող Ա­մե­նէն Հա­րուստ Աղ­քա­տը

Ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ, երբ ար­ժէք­նե­րը այ­լեւս շատ յա­րա­բե­րա­կան դար­ձած, եր­բեմն ալ ան­հե­տա­ցած են, ա­ռաս­պել կը թուին այս­պի­սի անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը: Աշ­խար­հի ա­մե­նէն աղ­քատ նա­խա­գա­հը. ինչ­պէ՞ս կրնայ ըլ­լալ: Ըն­դու­նե­լի՞ է ա­նոր ապ­րե­լա­կեր­պը, դի­ւա­նա­գի­տա­կան ձե­ւա­կա­նու­թիւն­նե­րուն կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ՞: Մար­դիկ կ՚ըն­դու­նի՞ն ա­տի­կա: Իսկ հա­յե­րուն լաւ, ան­կեղծ բա­րե­կա­մը աշ­խար­հի ա­մենէն աղ­քատ նա­խա­գա­հը ե­ղած է: Բա­րե­բախ­տա­բար կան այն­պի­սի ան­ձեր, ո­րոնք ի­րենց հո­գի­նե­րուն մէջ պահ­պա­նած են մարդ­կա­յին իս­կա­կան հա­րուստ գան­ձեր, ո­րոնց շնոր­հիւ ալ կը կո­չուին ՄԱՐԴ:

*

ԱՅՍ ՄԱՐ­ԴԸ ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԻ Ա­ՄԵՆԷՆ ԱՂ­ՔԱՏ
 ՆԱ­ԽԱ­ԳԱՀՆ Է, ԲԱՅՑ ՊԱՏ­ՃԱ­ՌԸ, ԹԷ ԱՆ ԻՆ­ՉՈ՞Ւ ԱՂ­ՔԱՏ Է, ՁԵԶ ՊԻ­ՏԻ ԶԱՐ­ՄԱՑ­ՆԷ

Կրնայ ըլ­լալ, որ չհա­ւա­տաք, բայց Խո­սէ Մու­խի­կա , Ո­րու­կուա­յի նախ­կին նա­խա­գա­հը (2010-2015), ճան­չուած է որ­պէս աշ­խար­հի ա­մե­նէն աղ­քատ նա­խա­գա­հը: Խո­սէ Մու­խի­կա իր աշ­խա­տա­վար­ձին՝ ա­մի­սը 12 հա­զար տո­լար, ա­ւե­լի քան 90 առ հա­րիւ­րը կը նուի­րէ աղ­քատ­նե­րուն եւ մանր ա­ռեւ­տու­րով զբա­ղող­նե­րուն:

Այս մար­դուն հա­մար իր ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թը կամ հա­գուստ­նե­րը ար­ժէք չու­նին:  Խո­սէ Մու­խի­կա քննա­դա­տուած է իր ար­տա­քին ե­րե­ւոյ­թին կամ հա­գուստ­նե­րուն հա­մար: Սա­կայն ինք փո­խա­րէ­նը կեան­քի մէջ այլ բա­ներ կ՚ար­ժե­ւո­րէ:

Նախ­քան նա­խա­գահ ըլ­լա­լը Խո­սէ Մու­խի­կա ան­դամ էր զի­նեալ խմբակ­ցու­թեան մը՝ Թու­փա­մա­րոս, որ կը գոր­ծէր Ռո­պին Հու­տին նման: Ա­նոնք բա­ռա­ցիօ­րէն կը կո­ղոպ­տէին սա­տա­նա­յա­կան դրա­մա­նա­տու­ներ, զէն­քի ա­կումբ­ներ եւ խար­դախ ա­ռեւտ­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ՝ աղ­քատ­նե­րուն բաժ­նե­լու հա­մար: Խո­սէ Մու­խի­կա իս­կա­պէս կը հա­ւա­տայ, որ իր ար­ժէ­քը յա­ւե­լեալ  դրամ շա­հի­լը չէ, այլ՝ իր երկ­րին եւ ժո­ղո­վուր­դին բա­րե­կե­ցու­թիւ­նը:

Ան եր­կու ան­գամ բան­տար­կուած է (ընդ­հա­նու­րը՝ 14 տա­րի), վեց ան­գամ ա­նոր վրայ կրա­կած են փա­խուս­տի փոր­ձէն ետք: Բայց ան, նոյ­նիսկ  Ու­րու­կուայի նա­խա­գա­հի բարձր պաշ­տօ­նին վրայ, տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կէ պայ­քա­րիլ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար:

Մու­խի­կա կրնայ բնա­կիլ նա­խա­գա­հա­կան այս գե­ղե­ցիկ տան մէջ, բայց ան ա­ւե­լի հա­մեստ վայր մը ընտ­րած է բնա­կե­լու հա­մար: Ան ան­կեղծ օ­րի­նակ մըն է նա­խա­գա­հի մը, որ անձ­նա­կան հան­գիս­տը կը զո­հէ այ­լոց բա­րե­կե­ցու­թեան հա­մար:

Ա­հա­ւա­սիկ նա­խա­գա­հին տու­նը, ա­գա­րա­կի հո­ղին վրայ, ուր ան կը բնա­կի կնոջ, ա­նա­սուն­նե­րուն եւ շան հետ:

Մու­խի­կա կ՚աշ­խա­տի նա­խա­գա­հա­կան շքեղ պա­լա­տը վե­րա­ծել թան­գա­րա­նի մը, որ կը պա­տուէ երկ­րի նախ­կին նա­խա­գահ­նե­րը:

Պատ­ճառ մը չկայ դրա­մի, հռչա­կի եւ քնա­նա­լու հա­մար ա­ղուոր վայ­րի մը մէջ, երբ դուն կրնաս հա­մեստ ըլ­լալ եւ բնա­կիլ ա­գա­րա­կի հո­ղին վրայ:

Այս նա­խա­գա­հը կեան­քը կ՚ապ­րի՛:

Ա­գա­րա­կի կողմ­նա­կի աշ­խա­տան­քին մի­ջո­ցով ան ծա­նօթ կ՚ըլ­լայ կեան­քին եւ պայ­քար­նե­րուն, ո­րոնց մէ­ջէն կ՚անց­նին երկ­րի բազ­մա­թիւ բնա­կիչ­նե­րը: Նա­խա­գա­հը իր ա­գա­րա­կին մէջ նոյն­պէս կ՚ա­ճեց­նէ եւ կը վա­ճա­ռէ ծա­ղիկ­ներ:

Դուք կրնաք յա­ճախ զինք տես­նել 1987 թուա­կա­նի իր հին Ֆոլքս­վա­կըն Պի­թը­լը վա­րած ա­տեն: Ինք պէտք չու­նի շքեղ Պենթ­լի ինք­նա­շար­ժի մը, ո­րով­հե­տեւ իր հո­գը չէ շռայլ, այ­լան­դակ ե­րե­ւոյ­թը: Ի­րեն հա­մար կա­րե­ւո­րը իր ժո­ղո­վուրդն է:

Նա­խա­գահ Խո­սէ Մու­խի­կա­յի թիկ­նա­զօ­րը կը բաղ­կա­նայ եր­կու պա­հակ­նե­րէ եւ իր ե­ռո­տա­նի շու­նէն: Թէեւ ճանչ­ցուած է որ­պէս աշ­խար­հի ա­մե­նէն աղ­քատ նա­խա­գա­հը, ան կտրա­կա­նա­պէս տա­րա­կար­ծիք է: «Ես ա­մե­նէն աղ­քատ նա­խա­գա­հը չեմ: Ա­մե­նէն աղ­քա­տը ան է, որ ապ­րե­լու հա­մար շատ բան կ՚ու­զէ: Իմ ապ­րե­լա­կերպս իմ վէր­քե­րուս հե­տե­ւանքն է: Ես զա­ւակն եմ իմ պատ­մու­թեանս: Տա­րի­ներ ե­ղած են, երբ ես եր­ջա­նիկ պի­տի ըլ­լա­յի, ե­թէ պար­զա­պէս մա­հիճ մը ու­նե­ցած ըլ­լա­յի»:

Այս նա­խա­գա­հին օ­րի­նա­կը վկա­յու­թիւն մըն է, որ մենք մեր կեան­քը ինչ­պէս պէտք է ապ­րինք: Եր­ջա­նիկ ըլ­լա­լու հա­մար մենք կա­րի­քը չու­նինք յա­ւե­լեալ բա­նե­րու: Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ աշ­խար­հի ա­մե­նէն հա­րուստ մար­դոց­մէ ո­մանք ի­րենց հարս­տու­թիւ­նը ներդ­րած են անձ­նու­րա­ցու­թեան, ազ­նուու­թեան եւ իս­կա­կան սի­րոյ մէջ:

Թե­րեւս ա­սի­կա փո­փո­խու­թեան ժա­մա­նա՞կն է: Աշ­խար­հը Խո­սէ Մու­խի­կա­յի նման բազ­մա­թիւ մար­դոց կա­րի­քը ու­նի: Հա­մա­ձայն չէ՞ք:

«Աս­թո­նը­պըլ»

Միւս կողմէ, 1915-ի 95-րդ տա­րե­լի­ցին Ու­րու­կուա­յի նախ­կին նա­խա­գահ Խո­սէ Մու­խի­կա բա­ցու­մը կա­տա­րած է Մոն­թե­վի­տէո­յի Հայ­կա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ կա­ռու­ցուած խաչ­քա­րին:

2015-ին, նախ­քան իր պաշ­տօ­նը լքե­լը, նա­խա­գա­հը հան­դի­պում ու­նե­ցած է հայ գա­ղու­թի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ: Ան ընդգ­ծած է հա­յե­րուն ներդ­րու­մը Ու­րու­կուայի մէջ: (…)

Ան շեշ­տած է, որ ան­ցեա­լը կա­րե­լի չէ փո­խել, սա­կայն պէտք է դա­սեր քա­ղել ան­կէ եւ ըն­դու­նիլ մար­դոց կող­մէ գոր­ծուած վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը՝ ա­պա­գա­յին այդ­պի­սի ո­ճիր­ներ կան­խե­լու նպա­տա­կով:

Պէտք է նշել, որ Մու­խի­կա Խորհր­դա­յին Միու­թեան տա­րի­նե­րուն ապ­րած է Հա­յաս­տան:

ԿԱՐ­ԾԻՔ­ՆԵՐ
­ԽՈ­ՍԷ ՄՈՒ­ԽԻ­ԿԱ­ՅԻ ՄԱ­ՍԻՆ

-  «Ան լաւ օ­րի­նակ է հա­մես­տու­թեան, բայց ա­տի­կա ընտ­րանք մըն է: Ես կը հասկ­նամ ապ­րե­լու ա­նոր փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը, այ­լոց օգ­նել՝ չի նշա­նա­կեր, որ դուն չես կրնար հա­ճոյք առ­նել քու կեան­քէդ»:

-  «Մենք պէտք է ըն­դու­նինք, որ այ­լոց ծա­ռա­յե­լուն եւ օգ­նե­լուն մէջ շատ ա­ւե­լի հա­ճոյք կայ: Ու­րիշ­նե­րուն կա­րիք­նե­րը ա­ւե­լի ա­ռաջ­նա­հերթ դարձ­նե­լը իս­կա­կան եր­ջան­կու­թիւն կը պար­գե­ւէ»:

-  «Ա­գա­րա­կի մէջ կ՚ապ­րի, ա­ժան հա­գուստ­ներ եւ կօ­շիկ­ներ ու­նի, տգեղ, հին ինք­նա­շարժ մը կը վա­րէ, բայց կ՚ու­զէ հա­մեստ կեանք մը ապ­րիլ, զգալ իր ժո­ղո­վուր­դին ցաւն ու տա­ռա­պան­քը: Այս­պէս ը­նե­լով՝ ինք հա­ճոյք կ՚առ­նէ կեան­քէն, ո­րով­հե­տեւ իր նպա­տակ­ներն ու ե­րազ­նե­րը կ՚ի­րա­կա­նա­նան՝ ա­ռանց վեր­ջին նո­րոյթ ինք­նա­շարժ­ներ վա­րե­լու եւ օ­դա­նա­ւե­րով ճամ­բոր­դե­լու»:

- «Ա­սի­կա միայն նա­խա­գահ­նե­րու ուղ­ղուած պատ­գամ մը չէ, ա­սի­կա բո­լո­րիս հա­մար օ­րի­նակ մըն է՝ գնա­հա­տե­լու եւ հե­տե­ւե­լու: Նա­խա­գահ­ներ, ծե­րա­կու­տա­կան­ներ, կա­ռա­վա­րիչ­ներ, տնօ­րէն­ներ եւ այլք, մենք գո­նէ ան­գամ մը պէտք է մեր ու­շադ­րու­թիւ­նը շե­ղենք նա­խա­գա­հու­թե­նէ, կամ քա­ղա­քա­կա­նու­թե­նէ եւ հարց­նենք, թէ մենք նոյ­նը պի­տի ը­նե՞նք, ե­թէ ընտ­րուինք, կամ՝ նշա­նա­կուինք: ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ՑԻԱ­ԿԱՆ ԿԱՐ­ԳԸ ա­ւե­լի ա­ռաջ, քան՝ ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ԿԱՆ ԿԱՐ­ԳԸ»:

-  «Կարգ մը մար­դիկ այն­քան աղ­քատ են, որ ի­րենց  ու­նե­ցա­ծը միայն դրամ է: Այս մար­դը ու­նի սէ­րը, որ  իր կեան­քը ամ­բող­ջա­կան կը դարձ­նէ»:

-  «Այս մար­դը հե­րոս մըն է: Ին­ծի հա­մար ան կը պատ­կե­րաց­նէ յա­ջո­ղու­թիւնն ու եր­ջան­կու­թիւ­նը, որ չի չա­փուիր դրա­մատ­նա­յին հա­շի­ւովդ, այլ դուն որ­քա­նով պատ­րաստ ես ու­րիշ­նե­րու տա­լու, զո­հուե­լու»:

-  «Ա­մէն մարդ կրնայ այս մար­դը ըլ­լալ: Պար­զա­պէս ե­րե­ւա­կա­յե­ցէ՛ք, թէ քա­նի՛ հո­գի կը չար­չա­րուի, որ­պէս­զի ու­նե­նայ մաս­նիկ մը քու վրադ տե­սա­ծէն»:

-  «Եր­կի­րը ղե­կա­վա­րե­լու հա­մար մենք կա­րի­քը ու­նինք այս­պի­սի մար­դու մը, որ իս­կա­պէս կը ծա­ռա­յէ իր ժո­ղո­վուր­դին, մեծ օ­րի­նակ մըն է ոչ միայն քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թեան հա­մար, այլ մարդ­կու­թեան»:

-  «Ա­մէն բան լաւ թող ըլ­լայ քե­զի հա­մար, օրհ­նը-ւա՛ծ մարդ: Շա­տեր քա­րեր պի­տի նե­տեն վրադ, բայց ա­նոնք պի­տի օրհ­նեն քեզ՝ բռնա­տի­րու­թեան այս շրջա­պա­տին մէջ»:

-  «Ա­սի­կա օ­րի­նակ մըն է, որ­մէ պէտք է սոր­վին բո­լո­րը: Նա­խա­գահ ըլ­լա­լով՝ դուն պաշ­տօ­նը եւ ժո­ղո­վուր­դը ինչ­պէ՞ս կը տես­նես, ի՞նչ կրնաս ը­նել ծա­ռա­յե­լու՝ փո­փո­խու­թեան սի­րոյն: Նա­խա­գա­հու­թիւ­նը հա-ըրս­տու­թեա՞ն,  հռչա­կի՞, ա­ղուոր ճա­ռե­րո՞ւ, ո­րոնք կ՚ը­նենք, թէ՞ հա­սա­րակ մար­դոց շա­հե­րուն, լաւ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, կամ քեզ այդ պաշ­տօ­նին բե­րած մար­դոց հա­մար է»:

-  «Այս մեծ մար­դը պէտք է դաս­տիա­րա­կիչ օ­րի­նակ ըլ­լայ ոչ միայն նա­խա­գահ­նե­րու, այ­լեւ մեր բո­լո­րին հա­մար: Մենք մե­զի պէտք է հարց­նենք՝ ար­դեօք կեան­քը շքեղ տան մը մէջ բնա­կի՞­լը, կամ սուղ ինք­նա­շարժ մը վա­րե՞լն է: Իմ ափ­րի­կե­ցի հայ­րե­նա­կից­նե­րուս ես այս հար­ցու­մը կ՚ուղ­ղեմ. մենք ե՞րբ այս­պի­սի նա­խա­գահ մը պի­տի ու­նե­նանք»:

-  «Երբ մենք հասկ­նանք, որ կեան­քը ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում մըն է, այլ՝ ոչ ի­րա­ւունք, ա­տի­կա կը փո­խէ ա­ռօ­րեայ կեան­քին հան­դէպ մեր տե­սա­կէ­տը»:

-  «Մար­դու մը կեան­քը բաղ­կա­ցած չէ իր ստա­ցուած­-քին ա­ռա­տու­թեամբ»:

-  «Մե­ծու­թեան իս­կա­կան աս­տի­ճա­նը ժո­ղո­վուրդն է, ո­րուն կեան­քին մէջ ար­ժէք­ներ ա­ւել­ցու­ցած ես»:

-  «Ան ա­մե­նէն հա­րուստ ա­նանձ­նա­կան նա­խա­գահն է»:

-  «Կը խոր­հիմ, որ ան ա­մե­նէն եր­ջա­նիկ մարդն է, ո­րով­հե­տեւ ա­մէն բան կրնայ ու­նե­նալ ո­րե­ւէ ա­տեն: Ան կը հասկ­նայ, որ ինչ է կեան­քը: Ու­նայ­նու­թիւն ու­նայ­նու­թեան վրայ, ամ­բող­ջո­վին ու­նայ­նու­թիւն է»:

-  «Օ­րի­նա­կե­լի, ա­ռաս­պե­լա­կան մարդ մը: Իս­կա­կան մարդ մը՝ ար­ժա­նա­պա­տիւ եւ հա­րուստ: Թա­գա­ւոր­ներ եւ նա­խա­գահ­ներ պէտք է ամչ­նան այս մեծ մար­դուն մա­սին կար­դա­լով»:

ԱՇ­ԽԱՐ­ՀԻ 10 Ա­ՄԵՆԷՆ­
ԱՂ­ՔԱՏ ՆԱ­ԽԱ­ԳԱՀ­ՆԵ­ՐԸ

10- Պո­րութ Փա­հոր, Սլո­վե­նիա, 44.280$

9- Ֆե­տե­րի­քօ Ֆրան­քօ, Փա­րա­կուայ, 40.000$

8- Սի Ճին­փինկ, Չի­նաս­տան, 39.720$

7- Ա­լեք­սանտր Լու­քա­շեն­քօ, Սպիտակ Ռու­սիա, 33.873$

6- Փ­րա­նապ Քու­մար Մու­խըր­ժի, Հնդկաս­տան, 32.216$

5- Մա­րին Ռայ­քով Նի­քո­լով, Պուլ­կա­րիա, 26.929$

4- Ռո­պըրթ Մու­կա­պէ, Զիմ­պա­պուէյ, 18.000$

3- Հա­միտ Քար­զայ, Աֆ­ղա­նիս­տան, 6.300$

2- Մահ­մուտ Ահ­մա­տի­նե­ժատ, Ի­րան, 3.000$

1- Ֆ­րանսիսքոս Պապ, Վա­տի­կան, 0$

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

«Ազդակ», Լիբանան

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2017