ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՂԶԻՆ…
Euronews-ի կայքէջը անդրադարձաւ Եւրոպայէ ներս հայկական ներկայութեան՝ ուշադրութիւն սեւեռելով Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Եւրոպայի հեղինակաւոր այս լրատուամիջոցը կը մատնանշէ, որ ցամաքամասէն ներս հայկական ներկայութիւնը ձգուած է Լոնտոնէն մինչեւ Լարնաքա, Լիզպոնէն մինչեւ Լըվով։ Այս ժառանգութեան ամենաազդեցիկ օրինակներէն մին է Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի կեդրոնական վանքը, որ խարսխուած է Սուրբ Ղազար կղզիէն ներս։ Euronews կը շեշտէ, որ Եւրոպայի ամենահին քաղաքներէն մէկուն՝ Վենետիկի մէջ Մխիթարեան միաբանութիւնը ունի 300-ամեայ ներկայութիւն մը։ «Վենետիկի հայկական կղզին» խորագրեալ յօդուածին մէջ նշուած է նաեւ, որ յառաջիկայ Սեպտեմբերին կը նախատեսուին շարք մը ձեռնարկներ՝ պատշաճ շուքով նշելու համար 300-ամեայ յոբելեանը։
Ներկայացնելով Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրութեան պատմութիւնը՝ լրատուամիջոցը կը նշէ, որ միաբանութեան հայրերը առհասարակ Եւրոպայի, իսկ մասնաւորապէս նաեւ հայկական աշխարհի մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցած են հետազօտութիւններու, կրթութեան եւ տպագրութեան գործին մէջ։ Ցայսօր մխիթարեաններու հիմնած վանական համալիրը աշխարհի երկու քաղաքներէն մին է, որ կրնայ հպարտանալ արդէն 300-է աւելի տարիներու ընթացքին տարին առնուազն մէկ հայերէն գիրք հրատարակած ըլլալու բերումով։ Այս վանականներուն ջանքերով նշանաւոր եւրոպական գործեր թարգմանուած են, հնագոյն ձեռագրեր տպագրուած են առաջին անգամ կամ այլ ճանապարհներով հայկական ժառանգութիւնը ցոյց տրուած է Եւրոպային եւ փոխադարձաբար անոնց գործունէութեան շնորհիւ՝ Եւրոպան հասանելի դարձած է հայոց։
Հայր Սերոբ Չամուրլեան Euronews-ին յայտնած է, որ Մխիթարեան միաբանութիւնը մշտապէս ծառայած է որպէս կամուրջ՝ կապելով հայկական իրականութիւնը եւրոպական աշխարհին հետ՝ գիտութեան եւ հոգեւոր ոլորտի մէջ, ինչպէս նաեւ կամրջած է համամարդկային արժէքները։ Ան արեւմուտքի մէջ արեւելքի ներկայացուցիչն է եւ արեւմտեան գաղափարները արեւելեանի վերածողը։
«Սուրբ Ղազարի հեղինակութիւնը այնքան մեծ էր, որ նոյնիսկ Նափոլէոն Պոնափարթ այդ վանական համալիրի գործունէութեան համար յատուկ թոյլտուութիւն տրամադրեց՝ այն պարագային, երբ 1810 թուականին Վենետիկի մէջ ան փակած էր միւս կրօնական կառոյցները։ Քանի մը տարի վերջ կղզիի ամենայայտնի հիւրը՝ Լորտ Պայրըն 1816-1817 թուականներուն քանի մը ամիս անցուց հայերէնի ուսումնասիրման վրայ», տեղեկացուցած է Euronews։
Թէեւ Մխիթարեան միաբանութիւնը այնքան աշխոյժ չէ անցեալի նման, աւելի քիչ անդամներ ունի եւ աշխարհիկ կլոպալ միջավայրի մէջ աճող մարտահրաւէրներուն կը դիմադրէ, սակայն անոր ջանքերով կը գործէ չորս վարժարան՝ Պէյրութի, Լոս Անճելըսի, Պուէնոս Այրէսի եւ Իսթանպուլի մէջ։ Լրատուամիջոցը մատնանշած է, որ կրթահամալիր մըն ալ կը գործէ Երեւանի մէջ։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024