ՊԱՅԱԶԻՏԻ ՄԶԿԻԹԻՆ ՄԷՋ ՀՐԴԵՀ
Յունաստանի Տիմեթոքա քաղաքէն ներս երէկ հրդեհ մը ծագեցաւ Եւրոպայի հնագոյն մզկիթներէն մէկուն մէջ։ Այսպէս, 1420 թուականին կառուցուած օսմանական «Պայազիտ» մզկիթէն ներս ծագեցաւ այս հրդեհը։ Յիսունչորս հրշէջներ գործի լծուեցան՝ քսաներեք մասնաւոր ինքնաշարժերով մարելու համար այս հրդեհը։ Այս մզկիթը համաշխարհային ճարտարապետական ժառանգութեան կարեւորագոյն գործերէն մին է։ Սուլթան Մեհմէտ Չելէպիի մզկիթը ամենահինն է Եւրոպայի ցամաքամասէն ներս։ 15-րդ դարուն կառուցուած այս մզկիթը 1946 թուականէն ի վեր ընդգրկուած է ճարտարապետական յուշարձաններու ցուցակին վրայ եւ կը վայելէ պետութեան հովանաւորութիւնը։
Տեղական մամուլը կը մատնանշէ, որ հրդեհի հետեւանքով մզկիթը լուրջ վնաս կրած է։ Երկու տարիէ ի վեր ան արդէն վերանորոգման մէջ կը գտնուէր եւ այս վերջին հրդեհին հետեւանքով դժբախտաբար լուրջ վնաս կրած է անոր փայտակերտ առաստաղը, որ աշխարհի կարեւորագոյն փայտակերտ գործերու շարքին կը դասուէր։
Յունաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Եանիս Ամանաթիտիս յայտնեց, որ վնասի դարմանման համար անմիջապէս պիտի սկսին աշխատանքները։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով ցաւ յայտնեց այս դէպքին մասին։ Նախարարութիւնը նշեց, որ Յունաստանի պատկան իշխանութիւններէն կ՚ակնկալուի՝ հրդեհի ծագման պատճառներուն ստուգուիլը։