ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾԻՆ ՀԱՆԳՈՅՑՆԵՐԸ

Մա­նուկ էի, քնա­ցած մի­ջո­ցիս մօրս ձե­ռա­գոր­ծի զոյգ մի­լե­րուն ձայ­նը օ­րօ­րի պէս կը թմրեց­նէր զիս: Մայրս օրն ի բուն տան գոր­ծե­րով զբա­ղե­լէն ետք, մի­լե­րը ձեռ­քը կ՚առ­նէր ու մե­զի բուր­դէ հա­գուե­լիք­ներ կը գոր­ծէր: Եր­կար տա­րի­ներ ա­ռան­ձին չէի քնա­նար, կը սոս­կա­յի մե­նու­թե­նէն: Մայրս ա­մէն ինչ մէկ­դի դնե­լով կողքս կը նստէր, կը զրու­ցէինք, հե­քիաթ­ներ կը պատ­մէր, բայց ձեռ­քը միշտ կը շար­ժէր, զբա­ղում մը, գործ մը ան­պայ­ման կը ճա­րէր նոյ­նիսկ նստած պա­հուն: Ու­շի ու­շով կը հե­տե­ւէի իր ձեռ­քի շար­ժում­նե­րուն ու մի քա­նի տա­րի ետք, ար­դէն դի­տե­լով սկսած էի սոր­վիլ աշ­խա­տան­քին ո­ճը ու մօրս ցուց­մունք­նե­րով զար­գաց­նել զայն: Ա­ռա­ջին գոր­ծածս բուր­դէ շալ մըն էր՝ քիչ մը ան­ճոռ­նի, մայրս բա­ւա­կան ուղ­ղեց սխալ գոր­ծը ու պատ­րաստ ըլ­լա­լէն ետք եր­կար ա­տեն գոր­ծա­ծե­ցի, մա­շե­ցաւ ալ, բայց շատ մեծ հա­ճոյ­քով կը կրէի զայն ու կը պար­ծե­նա­յի ըն­կե­րու­հի­նե­րուս ցոյց տա­լով:

Շատ կը հրճուէի մա­նա­ւանդ, երբ տա­րին եր­կու ան­գամ մայրս կը բա­նար իր ննջա­սե­նեա­կի պա­հա­րա­նին պոխ­չա­նե­րը, որ­պէս­զի ա­րեւ տես­նեն, օդ առ­նեն մէ­ջի ապ­րանք­նե­րը: Պոխ­չա­նե­րը ձեռ­քով աշ­խատ­ցուած էին ու շատ գե­ղե­ցիկ, իսկ ա­նոնց մէջ կը գտնուէին մօրս ձե­ռա­գործ­նե­րը: Մե­ծա­մաս­նու­թեամբ՝ ա­սեղ­նա­գործ­ներ: Շատ կը փա­փա­քէի տես­նել մօրս ա­սեղ­նա­գործ հիւ­սե­լը: Օր մը ան ցոյց տուաւ, երբ խաչ կը հիւ­սէր: Խա­չը հան­գոյց-հան­գոյց կը գծուէր մատ­նե­րու ներ­դաշ­նակ շար­ժում­նե­րով, մտքի սե­ւե­ռու­մով ու ու­շադ­րու­թեամբ, մէկ խօս­քով մարմ­նի բո­լոր զգա­յա­րանք­նե­րու կեդ­րո­նա­ցու­մով: Համ­բե­րու­թեան դաս մ՚էր կար­ծես կ՚ա­ւան­դուէր, պատ­մու­թեան՝ թէ­կուզ, կը տես­նէի հայ կի­նե­րու ձեռ­քե­րը մօրս մատ­նե­րուն շար­ժում­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն, հայ ճար­տա­րա­պետն էր կար­ծես խաչ­քար կը քան­դա­կէր, բայց ոչ, հոս նրբու­թիւն կար, նուրբ ա­րուեստ մը՝ հի­նէն ա­ւան­դուած:

Մայրս գի­տէր իմ հե­տաքրք­րու­թիւնս ու այդ պոխ­չա բա­նա­լու ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը միշտ իմ ներ­կա­յու­թեանս կ՚ը­նէր: Զգու­շու­թեամբ մէկ-մէկ ձե­ռա­գործ­նե­րը կը հա­նէինք ծրա­րէն, կը ձեռ­նէի ա­մէն մէ­կը եր­կա­րօ­րէն կար­ծես կը զգա­յի մօրս մատ­նե­րուն ջեր­մու­թիւ­նը այդ գոր­ծե­րը հիւ­սած մի­ջո­ցին, ա­նոր գե­ղե­ցի­կի հան­դէպ ու­նե­ցած ե­րե­ւա­կա­յու­թեան դրսե­ւո­րումն էին ա­նոնք, ինչ­պէս գծագ­րի­չը կը պատ­կե­րէ բնու­թիւ­նը, կամ այլ տե­սա­րան­ներ, մէկ տար­բե­րու­թեամբ միայն, կրնայ ըլ­լալ որ գծագ­րի­չը կ՚ըն­դօ­րի­նա­կէ այդ գե­ղեց­կու­թիւ­նը իր վրձնա­հա­րուած­նե­րով եւ անձ­նա­կան դրոշմ մը կը դնէ իւ­րա­քան­չիւր պատ­կե­րին մէջ, բայց ա­սեղ­նա­գոր­ծը զուտ ե­րե­ւա­կա­յու­թեամբ հիւ­սուած գործ մըն է, միայն հիմք ու­նի ա­սեղն ու թե­լը, ո­րուն հան­գոյց­նե­րու հիւ­սուած­քին վար­պե­տու­թեամբ կը գծագ­րուի ձե­ռա­գոր­ծին տես­քը:

Ճամ­բոր­դու­թեանս կը պատ­րաս­տուէի, երբ մայրս ին­ծի յանձ­նեց այդ հարս­տու­թիւ­նը, գի­տէր ին­ծի հա­մար ա­նոնց ու­նե­ցած նշա­նա­կու­թիւնն ու ար­ժէ­քը: Այդ պա­հուն ինք­զինքս տա­րագ­րեալ­նե­րուն նման զգա­ցի, ո­րոնք եւս ի­րենց հետ հատ ու կենտ նման հիւ­սուածք­նե­րու օ­րի­նակ­ներ բե­րած էին, եր­բեմն մխրճած էին զա­նոնք քա­նի մը կտոր հա­գուե­լիք­նե­րու ծրա­րին մէջ, կամ Աս­տուա­ծա­շունչ մը փաթ­թած ա­նով ու պա­հած հա­գուստ­նե­րուն մէջ, կամ ի­րենց իսկ հա­գուստ­նե­րուն օ­ձիք­նե­րը ձեռ­քի գոր­ծով հիւ­սուած էին ու այդ պա­տա­ռիկ­նե­րը ա­նոնք հաս­ցու­ցած էին որ­պէս յու­շեր հայ­րե­նա­կան տու­նէն, թե­րեւս նաեւ ի­րենց ման­կու­թե­նէն ու պա­տա­նու­թե­նէն յուշ մըն ալ քաշք­շած էին ա­նոնց հետ:

Պա­տա­ռիկ­նե­րը սա­կայն յե­տոյ գոր­ծի ծա­ռա­յե­ցին, հայ կի­նը վարժ է աշ­խա­տե­լու ու ա­րա­րե­լու, ան զի­նուած է նաեւ գի­տակ­ցու­թեամբ. ան­ցեա­լի դառ­նու­թիւն­նե­րը մէկ­դի ձգե­լով ան ջա­նաց պայ­ծա­ռաց­նել ա­պա­գա­յի տես­լա­կա­նը: Օրն ի բուն աշ­խա­տե­ցաւ ու ստեղ­ծա­գոր­ծեց, տա­րուէ տա­րի զար­գա­ցաւ ու մտաւ կեան­քի աս­պա­րէզ: Պատս­պա­րան­նե­րուն մէջ հայ աղ­ջիկ­նե­րուն սոր­վե­ցուց ձե­ռա­գոր­ծի աշ­խա­տանք­ներ, ո­րոնք հետզ­հե­տէ հմտա­ցան: Ա­ւե­լին նաեւ կա­րե­լի է ը­սել, ա­նոնք գա­ւառ­նե­րէն ե­կած մէկզ­մէ­կուն սոր­վե­ցու­ցին ի­րենց հմտա­ցած աշ­խա­տան­քին գաղտ­նիք­նե­րը: Մա­րաշ­ցին սոր­վե­ցուց Մա­րա­շի գոր­ծը, ուր­ֆա­ցին՝ Ուր­ֆա­յի գոր­ծը, վա­նե­ցին՝ Վա­նի գոր­ծը ու այս­պէս բո­լո­րը միա­սին ձեռք ձգե­ցին զա­նա­զան հմտու­թիւն­ներ, ո­րոնք հե­տա­գա­յին՝ հա­մայն­քի կազ­մա­կեր­պու­մէն ետք հա­յու դրոշմ դար­ձան ի­րենց ապ­րած եր­կիր­նե­րուն մէջ:

Կը յի­շեմ Սիւ­լէ­մա­նիէ պո­ղո­տա­յին վրայ կը գտնուէին եր­կու թել վա­ճա­ռող խա­նութ­ներ: Դէմ դի­մաց էին ա­նոնք: Սի­նա­մա Սու­րիա­յին կողքն էր մէ­կը, որ ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ էր եւ ու­նէր ա­մէն տե­սա­կի հիւ­սուածք­նե­րու յար­մա­րող թե­լեր՝ հաս­տը, բա­րա­կը, մե­տաք­սը, սի­մը, կեր­պաս­ներ, ո­րոնք միայն ձե­ռա­գործ­նե­րու հա­մար կ՚օգ­տա­գոր­ծուէին՝ օ­պի­սո­նը, մուս­լի­նը, է­դա­մի­նը, կա­նե­ւան, միւս վա­ճա­ռո­ղին խա­նու­թը ճիշդ դէ­մի մայ­թին վրայ կը գտնուէր, իսկ խա­նու­թը ա­ւե­լի փոքր ըլ­լա­լուն հա­մար կար­ծես յա­ճա­խորդ­նե­րը նուազ էին, ա­նոնք երբ ի­րենց խնդրած տե­սա­կը չգտնէին ըն­դար­ձակ խա­նու­թէն, հոս կը փնտռէին: Տէ­րե­րը տե­ղա­ցիք էին: Բայց ա­նոնց յա­ճա­խորդ­նե­րը գրե­թէ հայ կի­ներ էին: Եր­կար տա­րի­նե­րու ի­րենց հա­ղոր­դակ­ցու­թեան պատ­ճա­ռով ա­րաբ­նե­րը քա­նի մը բառ հա­յե­րէն ալ սոր­ված էին, այն բա­ռե­րը ո­րոնք կ՚ա­ռըն­չուէին ի­րենց ապ­րանք­նե­րուն հետ: Այդ էր նաեւ պատ­ճառ­նե­րէն մէ­կը, որ հայ կի­նե­րը հոն­կէ ը­նէին ի­րենց գնում­նե­րը, քա­նի որ­քան ալ լաւ ա­րա­բե­րէն գիտ­նա­յին ան­պայ­ման կը շփո­թէին ա­րուն ու է­գը, որ հիմ­նա­կան դժուա­րու­թիւնն է ա­րա­բե­րէն լե­զուին:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

շար. 1

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017