«ՀԱՅ ԿԻՆԸ ԵՒ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻ ԱՌԱՋԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ
Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան ներկայիս ձեռնարկած է բանախօսութիւններու շարքի մը՝ «Հայ կինը եւ ընտանեկան կեանքը» խորագրին ներքեւ։ Երէկ երեկոյեան Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի յարակից ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ այս բանախօսութիւններու շարքի առաջին ձեռնարկը։ Զէքիեան Գերապայծառ խօսեցաւ պատմութեան ամբողջին մէջ հայ կանանց եւ անոնց հասկացութիւններուն մասին։
Կոկիկ թիւով հետաքրքիրներու ներկայութեամբ ան օրուան նիւթը պարզեց պատմական ճոխ աղբիւրներու հիման վրայ։ Նախաքրիստոնէական վաղ շրջաններէն սկսեալ, մինչեւ մեր օրերը՝ Զէքիեան Գերապայծառ հայ կնոջ դերակատարութեան անդրադարձաւ, խօսեցաւ տիրական դէմքերու մասին, մէջբերումներ ըրաւ գրական բնագաւառէ։ Հետաքրքրական էին նաեւ օտարներու կողմէ եղած վկայութիւններու նշումները։
Զէքիեան Գերապայծառի բանախօսութիւններու այս շարքը պիտի շարունակուի նաեւ յառաջիկայ Հինգշաբթի։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024