ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՆՇԵՑ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՄԻՋԻՆՔԸ

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը հո­գե­ւոր հրճուան­քի մթնո­լոր­տով նշեց Մեծ պա­հոց Մի­ջին­քը։ Ե­րէկ այս առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, ո­րոնց հան­դի­սա­պե­տեց Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռը։ Ա­ռա­ւօ­տուն Թաք­սի­մի Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը։ Նոյն ե­կե­ղեց­ւոյ տիկ­նանց կազ­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ա­ւե­լի վերջ Է­սէն­թե­փէի «Փոինթ» պան­դո­կին մէջ սար­քուե­ցաւ ճաշ­կե­րոյթ մը։ Մի­ջին­քի սե­ղա­նը օրհ­նեց Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ, ո­րու կող­քին էին Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, Հայր Վար­դան Ծ. Վրդ. Գա­զան­ճեան, Հայր Աբ­րա­համ Ծ. Վրդ. Ֆը­րա­տեան, Հայր Մի­քա­յէլ Վրդ. Ու­չար, Յա­կոբ Սրկ. Մի­նա­սեան, ինչ­պէս նաեւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Սի­րան Սուր­քի, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու եւ Սուրբ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թե­նէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Բազ­մա­տաս­նեակ հիւ­րե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ սար­քուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ ստեղ­ծուե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րան ե­կե­ղեց­ւոյ տիկ­նանց կազ­մէն Մա­րի Մի­մար։ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառն ալ ու­նե­ցաւ ե­լոյթ մը։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն։

Ս. Յով­հան Ոս­կե­բե­րան Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին մաս կը կազ­մեն հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րը. Մարկ­րիթ Թեր­տէ­քեան, Մա­րի Մի­մար, Գա­րօլ Թեր­զիօղ­լու, Ա­րու­սեակ Սուլ­թա­նօղ­լու, Ժա­նէթ Թա­րաք­ճը, Հիւ­լիա Աթ­սուփ, Ի­վէթ Տիլ­լի, Ինտ­րա Ու­ղուր­կէլ, Ֆի­լիզ Ա­տէմ։

  

Շաբաթ, Մարտ 25, 2017